ԹՐԱՄՓ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՓԱՇԻՆԵԱՆՆ ՈՒ ԱԼԻԵՒԸ ՊԻՏԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս շաբաթավերջին պիտի մեկնին Ուաշինկթըն։ Մինչ Պաքուի աղբիւրները արդէն մանրամասնութիւններ կը հրապարակեն մօտալուտ գագաթաժողովի կապակցութեամբ, Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները առայժմ չեն հաստատած այսպիսի տեսակցութիւն մը։ Այսինքն, հայկական կողմը ո՛չ հերքած է, ո՛չ ալ հաստատած այս տեղեկատուութիւնը, ըստ որու, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ նախ առանձնազրոյցներ պիտի ունենայ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ, իսկ աւելի վերջ եռակողմանի ձեւաչափով պիտի մէկտեղէ զանոնք։ Ատրպէյճանական աղբիւրներու հրապարակումներուն մէջ կը խօսուի նաեւ համատեղ յայտարարութեան մը ստորագրման հաւանականութեան մասին։ Հայկական աղբիւրները դիտել կու տան, որ այս նիւթին վերաբերեալ հարցականներն ալ կը մնայ առկայ։ 

Մինչ այդ, ԱՄՆ-ի Հանրապետական կուսակցութեան ծերակուտականներէն Սթիւ Տէյնս «The Wall Street Journal»ի մէջ հրապարակեց յօդուած մը, ուր ընդգծուած է, որ Տանըլտ Թրամփ մօտ է Հարաւային Կովկասէ ներս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքումը ապահովելու։ 

Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շաբաթներուն օրակարգի վրայ կը գտնուի ամերիկեան կողմի առաջարկը՝ մասնաւորապէս տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին շուրջ։ Տանըլտ Թրամփ հետամուտ է՝ Սիւնիքի վրայով Ատրպէյճան-Նախիջեւան կապը ապահովելիք անցքի արտապատուիրակման իր երկրին։ Երեւանի ղեկավարութիւնը այս կապակցութեամբ վերջին շաբաթներուն յաճախ հրապարակումներ կ՚ընէ՝ սկզբունքային մակարդակի շեշտադրումներով։ Մեկնաբանները կը մատնանշեն, որ հայ պաշտօնեաներու յայտարարութիւններուն մէջ հակասութիւններ կը նկատուին, ինչ որ վերջին օրերուն հերքուած էր պաշտօնապէս։ 

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ անոնք հանգամանօրէն քննարկեցին տարածաշրջանի իրադարձութիւնները։

 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2025