ՍՊԱՍԵԼ ՅՍՏԱԿԵՑՈՒՄՆԵՐՈՒ
Նոր Մերձաւոր Արեւելքի խմորման գործընթացին մէջ միշտ ուշադրութեան առարկայ է Իրանը։ Նահա՞նջ, յապաղո՞ւմ. հարցը կը քննարկուի զանազան դիտանկիւններէ։
Իրան-Իսրայէլ պատերազմը, մեծ հաշուով, մեր ետին է։ Ճիշդ է, որ երկու կողմերը մերթ ընդ մերթ սպառնալիքներով հանդէս կու գան, բայց, կայ ու երեւելի է որոշակի մթնոլորտ մը, ըստ որուն՝ յառաջիկայ ժամանակներուն անոնց միջեւ նոր պատերազմ մը պիտի չծագի։ Ճիշդ է, որ Իսրայէլ ծանր հարուածներ տուաւ Իրանին, բայց, այդ մէկը բաւարար չեղաւ, որպէսզի ան՝ որպէս պետութիւն, մտնէ ամբողջական փլուզման փուլի մը մէջ։ Սա, անշուշտ, կը նշանակէ, որ տարածաշրջանի մէջ խաղի մեծագոյն առաջնորդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները որեւէ ձեւով պատրաստ չէր համակերպիլ Իսրայէլի կողմէ հրապարակ նետուած այն գաղափարին հետ, թէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը պէտք է ամբողջապէս փլուզուի, տեղի ունենայ իշխանափոխութիւն ու անկէ անդին ալ՝ այդ երկրի կրօնապետական, աստուածապետական (թէոքրաթիք) կառավարումը փոփոխութեան ենթարկուի։
Բաց աստի, պատերազմը երեւան հանեց շատ կարեւոր հանգամանքներ, որոնք մեծ հաշուով ցոլացուցին Իրանի իսկական վիճակն ու չափերը։ Ընկալումները, որոնք գոյութիւն ունէին Իրանի ներուժին, ռազմական կարողութիւններուն կամ գրոհելու ընդունակութիւններուն մասին, ուռճացուած էին։ Այդ բոլորը երեւելի դարձաւ պարզ եւ անզէն աչքով՝ հակառակ այն փաստերուն, թէ Իրան ընդունակ էր հարուածներ տալ Իսրայէլին եւ նոյնիսկ որոշ առումով ալ ցաւ պատճառելու անոր։ Միւս կողմէ, ի հարկէ, անտեսել է այն վառ փաստարկը, թէ Իրանի գոյութիւնը՝ որպէս իսլամական հանրապետութիւն, կարիք մըն է Արեւմուտքին ու յատկապէս՝ ԱՄՆ-ի համար։ Պարզ պատճառը այն է, որ Իրանի գոյութեան ճամբով ԱՄՆ մինչեւ հիմա յաջողած էր որոշ հաւասարակշռութիւն մը ստեղծել Արաբական ծոցի երկիրներուն դիմաց։ Այլ խօսքով, Իրան կը ներկայացուէր՝ որպէս «մեծ հրէշ» մը, որուն դիմաց ալ ծոցի երկիրները պարտաւոր էին զինուիլ ու զինուիլ՝ սպասելով, որ Իրան հարուածէ զիրենք։ Այս առումով ալ ծոցի երկիրները պիտի ապրէին՝ յաւերժական սպառազինման տրամաբանութեան մը մէջ։
Այստեղ արդէն խօսքը կը վերաբերի տնտեսական մեծ շահերու, տեղաշարժի, սպառազինութեան եւ ազդեցութեան մեծ գօտիներու։ Անշուշտ, ԱՄՆ անոնցմէ կառչելով պիտի փորձէր խորքային «խմբավարութիւն» մը կատարել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Ի լրումն այս բոլորին, անշուշտ, յստակ է, որ Իրանի նախկին դերը կամ մօտիկ անցեալի ներուժը պիտի ենթարկուէին որոշակի փոփոխութիւններու։ Ու այս կէտին վրայ կը ծնէր մեծագոյն հարցադրումը, թէ ան պիտի կարողանա՞ր յարմարուիլ իրեն համար նախատեսուած դերակատարութեան։ Եթէ իսկապէս միտում մը կար Իրանի դերը ձեւափոխելու, ապա այդ առումով հասկնալի պիտի դառնար անոր կամաց-կամաց Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներէն հեռացումը։
Այն գործընթացը, որ սկիզբ առած էր՝ յատկապէս Սուրիոյ մէջ՝ այսօր արդէն նոր վիճակներու առջեւ է։ Արդարեւ, մինչեւ այս պահը տակաւին յստակ չէ, թէ Իրան ի՞նչ դեր պիտի ունենայ Եմէնի, Իրաքի ու մանաւանդ՝ Լիբանանի մէջ։ Արդեօք խզումը իսկապէս արդէն եղած-վերջացա՞ծ է կամ այս պատերազմէն ետք Իրանի համար նոր պատմութիւն մը կը մանուի՞։ Այս բոլոր հարցերը կը կարօտին յստակ պատասխաններու, որոնք ունենալու համար հարկ է սպասել որոշակի յստակեցման եւ, այսինքն, որոշ ժամանակի մը անցնելուն։
Ամէն պարագայի, այս բոլորին զուգահեռ՝ հայկական օրակարգին տեսակէտէ շատ էական պիտի ըլլայ հասկնալ, թէ Իրան պիտի կարողանա՞յ իր դիրքորոշումները պահպանել ու այդ կերպով ալ հաւատարիմ մնալ Հայաստանի հետ համընկնած շահերուն։ Միւս վարկածը այն է, որ թուլանալով ու ետ քաշուելով՝ Իրան կամաց-կամաց պիտի յօժարի այն ծրագիրներուն, որոնք որոշակի աշխարհագրական կամ կապի միջոցներու նոր եղանակներ պիտի ստեղծեն Հարաւային Կովկասի մէջ։ Այս բոլորը դիտարկելու համար էական հիմնահարցեր կան Իրանի ազդեցութեան նուազման հիման վրայ՝ որոշ վերլուծաբաններ կ՚ենթադրեն, որ տարածաշրջանի եւ յատկապէս՝ Սիւնիքի պարագային այսօր տակաւին հիմնական դերակատարը կը համարուի Ռուսաստան։ Այս վարկածը եւս՝ հակառակ իր խոցելիութեան՝ ուսանելի կը համարուի, յամենայնդէպս, կը բախի առարկայական հիմնարար տուեալներու եւ դէպքերու շարքի մը։
Այսօր զանազան վերլուծաբաններու կամ մասնագէտներու կողմէ հայկական հանրային կարծիքին կը մատուցուին տեսակէտներ, ըստ որոնց՝ բոլորի աչքին առջեւ կը ձեւաւորուի նոր Մերձաւոր Արեւելք մը, ուր Իրանի դերը տկարացած պիտի ըլլայ։ Արեւելագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան կ՚ըսէ. «Մենք ականատես կ՚ըլլանք նոր Մերձաւոր Արեւելքի մը ստեղծման գործընթացէն ներս սկզբունքային տեղաշարժի։ Սա նոր իրադրութիւն մը պիտի ստեղծէ մեր տարածաշրջանին մէջ։ Քանի որ Մերձաւոր Արեւելքը Հարաւային Կովկասի անմիջական հարեւանն է, ապա պարզ է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ եւս այս նոր իրադարձութիւնները իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան։ Իմ կարծիքով՝ մենք մինչեւ հիմա գերագնահատած ենք Իրանի որոշիչ դերը Սիւնիքի հարցով։ Չեմ կարծեր, թէ Իրան որոշիչ դեր ունեցած է։ Այստեղ ուրիշ հանգամանքներ որոշիչ դեր ունեցած են՝ մասնաւորապէս, Ռուսաստանն է տակաւին մեր տարածաշրջանի մէջ իրական ուժը։ Վերջ ի վերջոյ, մեր տարածաշրջանին մէջ Իրանի ձեռքերը կապուած են՝ Հարաւային Կովկասէ ներս Թուրքիոյ գործօնով պայմանաւորուած։ Հիմա, երբ Իրանի դերը կը թուլանայ՝ չեմ կարծեր, որ այդ մէկը շատ պիտի փոխէ իրադրութիւնը, որովհետեւ Սիւնիքի անվտանգութիւնը կախուած է Ռուսաստանէն եւ այլ հանգամանքներէ։ Կը կարծեմ՝ Ատրպէյճանը հաշուի կ՚առնէ այս բանը»։
Խորհրդածութեան հեղինակի կարծիքով՝ Ատրպէյճան տակաւին չի դիմեր լայնածաւալ գործողութիւններու՝ տեսնելու համար մօտաւոր ապագայի իրադարձութիւնները։ Ըստ իրեն՝ Իսրայէլի հարուածներուն հետեւանքով Իրանի ռազմական ղեկավարութեան աւելի քան քսան բարձրաստիճան պաշտօնեայ սպաննուած է։ Իրանի մէջ Իսրայէլ ունի յատուկ պատրաստուած խումբեր, որոնք յատուկ զէնքեր կիրառած են անոնց տուներուն դէմ ու ոչնչացուցած ռազմական ղեկավարները։ Այսինքն, հիմա Իրանի ղեկավարութեան որոշումներէն կախուած է, թէ ի՞նչ ընթացք պիտի ունենայ այս բոլորը։ Անոնցմէ ողջ մնացածները հիմա պիտի որոշեն՝ ի՞նչ ընեն։ Իսկ այդ որոշման էութիւնը հետեւեալն է. Իրան ունի՞ բաւականին լուրջ զէնք, որ մինչեւ հիմա չէ կիրառած։ Վերլուծութիւնը կ՚եզրափակուի.
«Ատրպէյճանն ալ մօտակայ ժամանակներուն պիտի սպասէ, պիտի տեսնէ, թէ ի՞նչ զարգացումներ պիտի ըլլան, յետոյ պիտի որոշէ՝ օգտուի՞լ իրադրութենէն կամ ոչ»։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան