ՆԱԻՐԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ԿԼՈՊԱԼ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՖՈՐՈՒՄԻՆ ԿՈՂՄԷ
Երէկ յետմիջօրէին, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան հիւրընկալուեցաւ Կլոպալ յարաբերութիւններու ֆորումին (GIF-GRF) կողմէ: Այս վերջինը Թուրքիոյ կարեւոր մտքի հարթակներէն մին է, որ ազդեցութիւն եւ դերակատարութիւն ունի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի վերաբերեալ նիւթերու շուրջ մտքի խմորման, մշակման եւ այդ միջոցաւ ալ հասարակական կարծիքի ձեւաւորման վրայ: Դեսպան Սելիմ Ենէլ, որ կը գլխաւորէ այս ֆորումը, ջերմ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորեց Նաիրի Պետրոսեանը, որ եղաւ հիւրը «դեսպաններու շարքի»ն:
Նաիրի Պետրոսեանի ելոյթին հետեւեցան դիւանագէտներ, հասարակական գործիչներ, ակադեմականներ, գործարարներ եւ այլ հիւրեր: Թէ՛ տեղւոյն վրայ եւ թէ առցանց մասնակիցները հետեւեցան իր յայտարարութիւններուն:
Հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ՝ արժեւորելու համար Հարաւային Կովկասի այժմու իրադրութիւնը՝ այն առումով, որ տարածաշրջանը համաշխարհային հետաքրքրութիւններու առարկայ է եւ, միաժամանակ, մշակոյթներու խաչմերուկ մը: Այս համայնապատկերին վրայ մեկնաբանուեցան տարածաշրջանի դերակատարներուն տեսլականները՝ խախաղութեան եւ կայունութեան հեռանկարներու տեսանկիւնէն:
Հաւաքոյթի ընթացքին առանձին հետաքրքրութեան առարկայ դարձան Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները՝ մասնաւորապէս անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տանտիրութեամբ կազմակերպուած գագաթաժողովի լոյսին տակ: Ներկաները հաշուի առին, որ այդ գագաթաժողովը նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ բոլոր երկիրներու տեսակէտէ: Տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատումը կը զուգորդուի շինիչ համագործակցութեան հեռանկարներով: Միեւնոյն ժամանակ, մասնագէտները նկատի առին, որ Հարաւային Կովկասը աստիճանաբար կրնայ վերածուիլ օղակի մը, որ կը միացնէ Եւրոպան ու Միջին Ասիան:
Այս հեռանկարներու ամբողջին մէջ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձաւ՝ TRIPP անցուղիի ստեղծելիք հնարաւորութիւններով հանդերձ:
Ասուլիսին մասնակիցները նկատի ունեցան նաեւ, որ Թուրքիա-Հայաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ սահմաններու բացումը կրնայ ընդհանրապէս տարածաշրջանէն ներս խաղի դրուածքը փոխել: Սա պիտի յանգեցնէ նաեւ փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու տեսակաւորման եւ Հարաւային Կովկասը այսպէսով թէ՛ շուկաներու եւ թէ մշակոյթներու միջեւ կամուրջի մը պիտի վերածուի:
Համապատասխան հեռանկարներու տեսակէտէ ընդգծուեցաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու երկխօսութեան նշանակութիւնը եւ հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը՝ տարածաշրջանէ ներս բոլոր տեսակի տարանցումները դիւրացնելու ուղղութեամբ: Արդարեւ, եթէ այժմու ընթացքը շարունակուի, ապա յաջորդ քայլափոխին Հարաւային Կովկասէ ներս ենթակառուցուածքներու մեծ ծրագիրներ կեանքի կոչելու դուռը պիտի բացուի: Այս առումով այժմու առաջնահերթութիւնը կը համարուի խաղաղութեան հաստատութենականացումը:
Հարաւային Կովկասի պարագային ստեղծուած այժմու հոսանքները աստիճանաբար կրնան ապահովել, որ տարածաշրջանը ամբողջապէս համարկուի համաշխարհային առեւտուրին եւ բարձրանայ ներդրումներ գրաւելու հնարաւորութենէն: Մինչ երկարաժամկէտ հեռանկարները իսկապէս հրապուրիչ համարուեցան, արձանագրուեցաւ նաեւ այն փաստը, որ բոլոր երկիրները զանազանութիւններու եւ տեսակաւորութիւններու ճանապարհով կ՚ընթանան: «Շահէ-շահէ» կացութեան մը տեսակէտէ նպաստաւոր իրավիճակ մը ստեղծուած է տարածաշրջանէն ներս: Այս արժեւորումը կատարուեցաւ այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, երբ նախօրէին Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ ստորագրուած էր ռազմավարական բնոյթով նոր փաստաթուղթ մը:
Քննարկումներու ընթացքին անխուսափելիօրէն օրակարգի վրայ եկան Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան ծալքերը: Հաշուի առնուեցան նաեւ Վրաստանի Եւրոմիութեան եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններու փորձառութիւնները:
Հաւաքոյթի մասնակիցներու հետաքրքրութեան առարկայ նիւթերու շարքին էր նաեւ ժամէկտներու ճիշդ արժեւորումը եւ նպաստաւոր պահերու բաց չթողուիլը: Արդարեւ, խորհրդածութիւններ հնչեցին, թէ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացման տեսակէտէ հիմա ճիշդ պահ մըն է, որովհետեւ ժողովուրդներու միջեւ փոխճանաչման բացակայութիւնը այժմ կը հրահրէ կանխակալ կարծիքները, իսկ սահմանի բացումը փոխճանաչման հնարաւորութիւններ կրնայ ընձեռել, ինչ որ աստիճանաբար կրնայ փուլ բերել նաեւ կարծրատիպերը: Հայաստանի այժմու քաղաքականութեան շուրջ սփիւռքի վերաբերմունքն ալ մասնագէտներու ուշադրութեան ծիրէն դուրս չմնաց:
Յամենայնդէպս, շեշտուեցաւ, որ Թուրքիա թէեւ սովոր է հայոց հետ վերաբերուելու իբրեւ փոքրամասնութիւն, սակայն այժմու փուլի առաջնահերթութիւնն է, որ Թուրքիա եւ Հայաստան կարողանան յաջողիլ միջպետական յարաբերութիւններ կառուցել՝ որպէս հարեւան երկիրներ:
Քննարկումներու ընթացքին շօշափուեցաւ նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան ընթացքը: Այս պարագային նկատի առնուեցաւ, որ Հայաստանի տնտեսական յաջողութիւնները արհամարհելի չեն՝ մանաւանդ, որ երկրի չորս սահմաններէն երկուքը փակ են, երկիրը շրջափակման մէջ է եւ բնական պաշարներ չունի՝ հարեւան Ատրպէյճանի նման: Այս բոլորով հանդերձ, Հայաստանի տնտեսական ցուցանիշները կը համարուին ուշագրաւ եւ երկրի ժողովուրդի կենսամակարդակն ալ կը համարուի յարաբերաբար աւելի գոհացուցիչ:
Ծաւալուն քննարկումներու ընթացքին ուշադրութեան առարկայ դարձուեցան նաեւ այլ բազմաթիւ խնդիրներ. օրինակ՝ Արցախէն բռնի տեղահանուելով Հայաստան հաստատուած գաղթականներու վիճակը, Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի ռազմակայանի ապագան եւ այլն: Ներկաները ուշադրութեամբ հետեւեցան գաղթականներու կացութեան բարելաւման ուղղութեամբ առնուած քայլերու շուրջ բացատրութիւններուն: Ընդհանրապէս, բոլորը համակարծիք գտնուեցան, թէ ռազմավարական հարցերու շուրջ տարածաշրջանի երկիրները կը կողմնորոշուին՝ հիմք ընդունելով իրենց ազգային շահերու եղափոխութիւնը՝ մանաւանդ, որ յարափոփոխ վիճակ մը գոյութիւն ունի Հարաւային Կովկասէ ներս:
Ներածական խօսակցութիւններէն վերջ, «Chatham House»ի ձեւաչափով ու կանոններով ծաւալուած քննարկման ժամանակ մասնաւոր խորհրդածութիւններ հնչեցին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ թռիչքներու զանազանեցման նիւթերու շուրջ:
Հանդիպման աւարտին Կլոպալ յարաբերութիւններու ֆորումին ղեկավարութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Նաիրի Պետրոսեանին: Արձակման փուլին շարունակուեցան ամփոփ կարծիքի փոխանակութիւնները՝ ընդունելութեան ժամանակ:
