ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ սկիզբ առած «Սփիւռքեան հեռանկարներ» ծրագրի առաջին փուլի առցանց քննարկումը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան՝ մասնակցութեամբ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն խումբ մը գործիչներու, որոնք այս բնագաւառին մէջ ունին դերակատարութիւն եւ աւանդ: Հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանի կողմէ գլխաւորուած քննարկման ներկայ էր նաեւ սփիւռքահայ ակադեմական Վիգէն Չթըրեան, որ այս ծրագրի ղեկավարն է:
Առցանց քննարկման ընթացքին հաշուի առնուեցաւ 2020 թուականի պատերազմին յաջորդած իրավիճակը, ինչ որ ամբողջ հայաշխարհէն ներս նոր պայմաններ յառաջացուցած է: «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի ծրագիրը հետամուտ է այդ իրավիճակին մէջ մտածելու հայկական օրակարգի հարցերու շուրջ, հայկական գործերու, խնդիրներու կապակցութեամբ միտք խմորելու: Այս ամբողջին մէջ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձան:
Յետպատերազմեան շրջանի քաղաքական խօսոյթը հաշուի առնուեցաւ զանազան երեսակներով՝ մինչ «Կիւլպէնկեան»ի նախաձեռնութեան կէտ նպատակն է առաջին հերթին սփիւռքը մանրամասն ուսումնասիրութեան մը ենթարկելը: Արդարեւ, սփիւռքը կիզակէտի վրայ պահելով ուսումնասիրութիւնները կրնան ի յայտ բերել նաեւ անոր հայեացքը՝ ազգային հարցերու վերաբերեալ: Մնաց որ, ցարդ ազգային հարցերու վերաբերեալ հայեացքը եղած է միայն Երեւանէն, իսկ այժմու փուլին նպատակայարմար է, որ ըլլայ սփիւռքէն հայեացք մը ունենալու այլընտրանքը: Սա, անշուշտ, կ՚ընդգրկէ նաեւ քաղաքական չափումներ: Իբր այդ, սփիւռքի ինքնարժեւորումը մասնաւոր կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այս փուլին: Սփիւռքը ինքնին արժէք մըն է եւ անոր քաղաքական մշակոյթը, քաղաքական միտքը այսօր աւելի քան երբեք կարեւորութիւն կը ներկայացնեն եւ կրնան ազդեցութիւն գործել:
Հեռավար քննարկման ընթացքին շեշտուեցաւ, որ սփիւռքի կառոյցները եւ անհատները յանձնառու կը մնան ազգային հարցերու շուրջ իրենց աշխատանքը տանելու ուղղութեամբ: Այժմ պէտք է ուշադիր ձեւով փոփոխութիւնները ուսումնասիրուին եւ դիտարկուին՝ այժմու բարդ փուլի մէջ զարգացման հնարաւորութիւնները չմսխելու տեսակէտէն:
«Սփիւռքեան հեռանրկարներ»ը նշանակալից է նաեւ այն առումով, որ Հայաստանը դուրսէն դիտելու հնարաւորութիւն մը կ՚ընձեռէ: Եւ որեւէ պարագայի մէջ դուրսի հայեացքը կը ներկայացնէ արժէք մը, կշիռ մը: Իսկ հայկական սփիւռքի պարագային այդ «դուրսի հայեացքը» կրնայ ունենալ շատ աւելի տարբեր խորք մը, որովհետեւ հայկական սփիւռքի պարագային «դուրսի հայեացքը» պիտի գայ բազմաթիւ վայրերէ, ինչ որ տեսակաւորութեան հիման վրայ կարեւոր հեռանկարներու դուռ կրնայ բանալ: Անշուշտ, այդ բոլոր հայեացքները որոշ զգայնութիւններու հասարակաց յայտարարին վրայ պիտի բիւրեղանան եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկն ալ իր նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս հետամուտ պիտի ըլայ ներառականութեան՝ լսելով հնարաւորինս լայն շրջանակներ:
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի «Սփիւռքեան հեռանկարներ» նախաձեռնութեան ամբողջին մէջ առանձին տեղ վերապահուած է սփիւռքեան ինքնութեան վերաբերեալ հարցերուն: Արդարեւ, մշակոյթը սփիւռքի ինքնութեան կարեւորագոյն բաղադրիչն է: Այս փուլին սփիւռքի վերաբերեալ բոլոր հաշուարկները կը հունաւորուին՝ հնարաւորինս հարցաքննող մտայնութեան մը առաջնահերթութիւն տալու տեսանկիւնէն:
Երէկուան առցանց քննարկման ընթացքին ընդհանուր վերատեսութեան ենթարկուեցան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու մէջ ցարդ առնուած քայլերը եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի այժմու նախաձեռնութեան հիմնական տարբերութիւնները՝ նախորդներուն բաղդատմամբ: Քննարկման մասնակիցները առաջնահերթ նկատեցին գտնել պատասխանը այս հարցումին, թէ ո՞ւր է սփիւռքի մտահոգութիւնը: Սփիւռքի կազմակերպութիւններու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները միշտ կը շարունակուին: Սակայն, եթէ այժմու փուլին հնարաւոր ըլլայ այդ մտահոգութիւններու պարագային առարկայական պատասխաններ բանաձեւել, ապա թէ՛ յարաբերութիւններու եւ թէ համագործակցութեան որակը կրնայ փոխուիլ: Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ պէտք է նոր կամուրջ մը, որով պիտի ապահովուի տարբերութիւններով հանդերձ հասարակ յայտարարներու վրայ եւ հասակարաց կէտերու շուրջ համագործակցութեան եզրեր գտնելը:
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկը կը ծրագրէ իր նոր նախաձեռնութեան բովանդակութիւնը ամուր, հիմնաւորուած գիտական հիմքերու վրայ զետեղել: Ծրագրի հեղինակները մեկնակէտ ունին այն համոզումը, թէ համահայկական հարթութեան վրայ քաղաքական ազդեցութիւն ձեռք բերելու համար ներկայիս նախապայման մըն է կուսակցական չըլլալը: Անշուշտ, նման նախաձեռնութիւններու ազդեցութիւն ձեռք բերելու ժամկէտները կրնան արագութիւն չենթադրել: Որովհետեւ առնուազն երկու-երեք տարուան ընթացքին այսպիսի նախաձեռնութիւնները կրնան շօշափելի արդիւնքներ տալ՝ մասնաւորապէս ազդեցութեան տեսակէտէ, ինչ որ կը բիւրեղանայ նաեւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի այլ զանազան նախագծերէն:
Համահայկականութեան հետամուտ նախաձեռնութիւններու մէջ չէզոքութիւնն ալ կարեւոր նախադրեալներու շարքին դասուեցաւ երէկուան առցանց քննարկման մասնակիցներու կողմէ: Հետեւաբար, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը կը նախատեսէ իւրաքանչիւր ծրագիրը յառաջ տանիլ մասնագէտներ համախմբելով: Այսօր սփիւռքը նոր առիթի մը առջեւ կը գտնուի եւ այս մասին պէտք է բարձրաձայնուի, պէտք է մասնագէտները խօսին, որպէսզի այդ առիթը չմսխուի: Խորքին մէջ, տասնեակ դարերու գանձ մը ունի սփիւռքը եւ այդ մէկը այսօր վերարժեւորման կը կարօտի: Այդ վերարժեւորումը կ՚ենթադրէ համատեղ աշխատանք: Հետեւաբար, իրարու հետ աշխատանքը պէտք է սկսի՝ ո՛չ անպայման ամէն բանի շուրջ համաձայն ըլլալով: Մանաւանդ քաղաքականութենէ անդին՝ առանց ամէն բանի շուրջ համաձայն ըլլալու՝ պէտք է սկսի միասնական աշխատանքը: Սփիւռքի քաղաքական եւ մշակութային մտքի նոր խմորումները պէտք է խրախուսուին յառաջիկային:
Քննարկման մասնակիցները հաշուի առին, որ սփիւռքի ինքնութեան յարատեւութիւնը պէտք չէ միայն Հայաստանին վստահիլ: Իրականութեան մէջ, Հայաստանի անկախացումով սփիւռքի տնային աշխատանքը, պարտականութիւնը չէր վերջացած, սակայն, այսօր այդ խնդիրը շատ աւելի ցայտուն կերպով օրակարգի վրայ է:
«Կիւլպէնկեան»ի նախաձեռնութեան ամբողջին մէջ առանձին ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին նաեւ հայկական կառոյցները եւ անոնց դրուածքը սփիւռքի մէջ: Թէ՛ անհատական եւ թէ կառոյցներու հարթութեան վրայ նոր համագործակցութիւնները կը նախատեսուին յստակ չափանիշներով: Սփիւռքը բազմաշերտ է, ինչպէս միշտ կ՚ըսուի, եւ անոր կազմակերպութիւնները ամբողջ սփիւռքը չեն ներկայացներ՝ հակառակ, որ կը կառավարեն սփիւռքի հաստատութիւնները: Թէ՛ դասական եւ թէ յետանկախութեան շրջանին ձեւաւորուած սփիւռքները շատ վայրերու մէջ իրարու հետ անհաղորդ վիճակի մէջ են: Ուստի, մասնագիտական չափանիշներով յառաջ տարուելիք աշխատանքները թէ՛ ներուժը պիտի համախմբեն եւ թէ այդ անջրպետը պիտի փոքրացնեն: «Կիւլպէնկեան»ի նախաձեռնութեան հեղինակները կը գիտակցին, որ բազմաշերտ սփիւռքի այժմու իրականութեան դիմաց կը յառաջանայ հասանելիութեան մեծ դժուարութիւն:
Հուսկ, քննարկման մասնակիցները հաշուի առին նաեւ հաղորդակցութեան ոլորտի մէջ առնուելիք հաւանական քայլերը:
Ռազմիկ Փանոսեան առցանց քննարկման մասնակիցներուն տեղեկացուց, որ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի այս նախաձեռնութեան առաջին փուլի արդիւնքներէն տեղեակ պիտի պահուի նաեւ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարին գրասենեակը: