ՑՆՑԻՉ ԴԱՏԱՎՃԻՌՆԵՐ

2020 թուականի պատերազմէն վերջ գերեվարուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն համար Ատրպէյճանի դատական իշխանութիւնները դատավճիռներ արձակեցին։ Պաքուի դատավարութենէն վերջ, Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամատար Լեւոն Մնացականեան, զօրավար Դաւիթ Մանուկեան, խորհրդարանի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեան եւ նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան դատապարտուեցան ցմահ բանտարկութեան։ Նախկին նախագահներէն Արքատի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան դատապարտուեցան քսան տարուան բանտարկութեան։ Ատրպէյճանի օրէնսդրութիւնը կ՚արգիլէ 65 տարեկանը աւարտած անձերու ցմահ ազատազրկումը։

Պաքուի կողմէ պատանդ առնուած այլ դէմքեր ալ այս ձեւական դատական գործընթացով 15-19 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցան։

Միւս կողմէ, Պաքուէն հասած այս լուրերուն արձագանգեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգը տեղեկացուց, որ դատավճիռները ակնյայտօրէն շինծու են։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը՝ շարունակելու հետեւողական ջանքեր գործադրել միջազգային եւ միջեկեղեցական հարթակներու վրայ, որպէսզի գերեվարեալները ազատ արձակուին։

Միեւնոյն ժամանակ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը յայտնեց իր զօրակցութիւնը՝ Արցախի պատանդ առնուած պետական գործիչներուն, ռազմագերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն նկատմամբ։

Ուրբաթ, Փետրուար 6, 2026