ՀՈՐԻԶՈՆԻ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄ

Հունգարիոյ խորհրդարանէն ներս երկրի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Նիկողոս Յակոբեանի նախաձեռնութեամբ վերջին օրերուն Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցաւ շահեկան համաժողով մը, որու նպատակն էր նոյն յարկի տակ համախմբել աշխարհի զանազան երկիրներու հայ համայնքներու ներկայացուցիչները։ «Հայ-քրիստոնեայ սփիւռքի համայնքներու վիճակը՝ այսօր» անուանումով կազմակերպուած համաժողովը հետամուտ էր արժեւորել հայ համայնքներու դարաւոր ժառանգութիւնը եւ հնարաւորութիւն ընձեռել մտածելու համար՝ առաւել եւս ամրապնդելու անոնց կապը իրարու հետ, անշուշտ, ազգային-մշակութային ու հոգեւոր արմատներու միջոցաւ։ Համաժողովը կազմակերպուած էր՝ Հունգարիոյ Ազգային ժողովի նախագահ Լասլօ Քէօվէրի եւ փոխ-վարչապետ Ժոլտ Շէյմէի պատուոյ հովանաւորութեամբ։

Այս համաժողովը համահայկական օրակարգի հրատապ երեսակներուն շուրջ հորիզոնի դիտարկման առիթ մը հանդիսացաւ։ Բազմակողմանի քննարկումներ ծաւալուեցան եւ կարծիքներ փոխանակուեցան՝ աշխարհի շուրջ երկու տասնեակ երկիրներէ հայութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Հունգարիոյ խորհրդարանի կոթողային շէնքի փառաշուք ժողովասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ համաժողովը, որու մասնակիցները ընդհանուր իրադրութիւնը արժեւորեցին նմանութիւններու եւ տարբերութիւններու խաչմերուկին վրայ։ Այսպէսով Պուտափեշտի հաւաքին ուրուագծուեցաւ համայնապատկեր մը, որու ցոլացուցած առաջնահերթութիւնները անմիջականօրէն կը վերաբերէին ինքնութեան հարցերու, սերնդափոխութեան ու ժողովրդագրական մարտահրաւէրներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ արդիւնաւէտ ու կայուն համագործակցութեան։

Պոլիսէն այս համաժողովին հրաւիրուած էր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ իր ելոյթին մէջ առանձնապէս անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի վերջին փուլին։

Համաժողովը սկսաւ հիւրընկալ Հունգարիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներու նուագով։ Բացի Նիկողոս Յակոբեանէն, բացման փուլին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Հունգարիոյ խորհրդարանի փոխ-նախագահ Լաթոցայի Եանուշ եւ Պուտափեշտի մօտ Հայաստանի դեսպան Հայկակ Արշամեան։

Օրուան տեւողութեան (երկուշաբթի, 2 փետրուար) իրերայաջորդ ելոյթներով հանդէս եկան՝ Քրանից Փեթէր (Հունգարիա), Յակոբ Ասատրեան (Չեխիա), Հայր Մաշտոց Զահթէրեան (Լիբանան), Կարապետ Յակոբեան (Շուէտ), Սօնա Յարութիւնեան (Իտալիա), Սարգիս Պուրունսուզեան (Սուրիա), Վարդգէս Նալպանտեան (Եթովպիա), Հայր Վահան Յովակիմեան (Աւստրիա), Ռաքել Ասատուրեան (Յորդանան), Առնոլտ Ստեփանեան (Վրաստան), Վարդգէս Մահտեսեան (Յունական Կիպրոս), Հրաչեայ Պոյաճեան (Լեհաստան), Արա Գօչունեան (Թուրքիա), Աթիլա Փուշքաշ (Ռումանիա), Տիգրան Ղալումեան (Յունաստան), Արսէն Մելքումեան (Ուքրայնա) եւ Կարօ Քէշիշեան (Քուէյթ)։

Խորհրդանշական էր, որ համաժողովի բոլոր ատենախօսները ելոյթ ունեցան Հունգարիոյ խորհրդարանի ամպիոնէն՝ իսկապէս պատկառազդու միջավայրի մը մէջ։ Խտացեալ աշխատանքային օրուայ տեւողութեան համաժողովի մասնակիցներուն համար կէսօրուան ճաշ սարքուեցաւ խորհրդարանի հոյակերտ շէնքի նիստերու դահլիճի ընդարձակ մուտքասրահին մէջ։

Նիկողոս Յակոբեան, որ այս համաժողովի գլխաւոր կազմակերպիչն ու հիւրընկալն էր, համաժողովի բացման նախընթաց երեկոյեան բարիգալստեան ընթրիք մը սարքեց համաժողովի մասնակիցներուն։ Այդ ընթրիքը տեղի ունեցաւ Դանուբ գետի վրայ նաւապտոյտով մը։ Իսկ համաժողովի աշխատանքներու աւարտին, եզրափակիչ ընթրիքը սարքուեցաւ՝ մասնակիցներու իջեւանած պանդոկի համալիրէն ներս։ Այս երկու փուլերուն ալ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն եւ ներկաներուն միջեւ ծաւալուեցաւ անմիջական զրոյց։

Հարկ է նշել, որ Պուտափեշտի մէջ կեցութեան օրերուն թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուաւ Թուրքիոյ դեսպանատունը, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ դեսպան Կիւլշէն Քարանիս Էքշիօղլուի կողմէ։

     

Ուրբաթ, Փետրուար 6, 2026