ՓԱՐԻԶ-ՓԵՔԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԵՐԲԵՔ ԿԱՐԵՒՈՐ

Ֆրանսա եւ Չինաստան պիտի զարգացնեն համագործակցութիւնը՝ համաշխարհային տագնապներու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Փարիզի եւ Փեքինի այս մտադրութիւնը հասունցած է՝ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան մթնոլորտին մէջ։

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն դէպի Փեքին այցելութեան ընթացքին Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկի հետ համաձայնութեան հասաւ՝ համաշխարհային առեւտուրի հարցերուն շուրջ աւելի խոր համագործակցելու նպատակով։ Բաց աստի, բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը։

Ըստ միջազգային աղբիւրներու՝ Մաքրոն կը ձգտի Փեքինը ներգրաւել՝ Մոսկուայի վրայ ճնշում բանեցնելու գործին, որպէսզի հրադադարի մը հաստատումը կարելի ըլլայ։ Ան համոզուած է, թէ Փարիզի եւ Փեքինի համագործակցութիւնը կրնայ վճռորոշ ըլլալ։

«Մենք կը բախինք՝ տասնամեակներ շարունակ աշխարհին խաղաղութիւն բերած միջազգային համակարգի փլուզման վտանգին եւ այս ամբողջին մէջ աւելի քան երբեք կարեւոր է Ֆրանսա-Չինաստան երկխօսութիւնը», նշեց Մաքրոն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2025