ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ ԿԸ ԽՈՐԱՑՆԵՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Ռուսաստան եւ Հնդկաստան հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ՝ իրենց համագործակցութեան նոր ծաւալներու վերաբերեալ ծրագրերուն շուրջ։ Մոսկուա-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ այս շրջանին նոր խմորումները թափ ստացած են՝ միջազգային յարափոփոխ իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ։

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, որ հիւրընկալուեցաւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի կողմէ, հասաւ հեռահար ծրագիրներու շուրջ փոխըմբռնման։ Քրեմլինի աղբիւրները հաղորդեցին, որ կողմերը կը նախատեսեն քաղաքական, անվտանգութեան, տնտեսութեան, ելմտական, ուժանիւթի, կրթութեան ու մշակոյթի ոլորտներու մէջ նոր հարթութեան մը վրայ դնել իրենց համագործակցութիւնը։

Իր կարգին, Մոտի նշեց, որ Փութինի այցը պատմական նշանակութիւն ունի։ Միջազգային աղբիւրները վերջերս հաղորդած էին, որ Հնդկաստան պիտի դադրեցնէ քարիւղի ներածումները Ռուսաստանէն։ Յամենայնդէպս, Փութին Նիւ Տելհիի մէջ յայտնեց, որ Ռուսաստան ուժանիւթի անխափան մատակարարումներ կրնայ ապահովել Հնդկաստանէն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2025