ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԳԵՐՄԱՆԻԱ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Գերմանիա։ Դէպի Պերլին վարչապետի պաշտօնական այցելութիւնը նախատեսուած է դեկտեմբերի 9-10-ին։ Փաշինեան պիտի հիւրընկալուի Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի կողմէ։

Վարչապետի ուղեւորութեան նախօրէին Հայաստանի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում մը ունեցած էին Վիեննայի մէջ, ԵԱՀԿ-ի հաւաքի շրջանակներէն ներս։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 6, 2025