ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ՍԻՆԻՐԼԻՕՂԼՈՒ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Վիեննայի մէջ տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ։ Միրզոյեան Վիեննայի մէջ մասնակցած էր կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։ Իր տեսակին մէջ 32-րդ այդ ժողովի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան ունեցաւ ելոյթ մը, նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։
Հարկ է նշել, որ դեկտեմբերի 1-ի դրութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի գործունէութիւնը դադրած է վերջնականօրէն։ Միրզոյեան-Սինիրլիօղլու երէկուան հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ԵԱՀԿ-ի գործունէութեան վերաբերեալ զանազան հարցեր։ Քննարկուեցան նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերեալ խնդիրներ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան ապագայ հաստատութենականացման։ Տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան ամբողջ ներուժի իրացման տեսակէտէ Միրզոյեան կանգ առաւ TRIPP ուղին կեանքի կոչելու վրայ՝ բաց սահմաններով աւելի լայն ապաշրջափակման ապահովման կարեւորութեամբ հանդերձ։
Արարատ Միրզոյեան նախարարաց հաւաքի ժամանակ ալ նշած էր, որ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի ամբողջական բացումը տարածաշրջանի վերափոխման յաջորդ կարեւոր օղակը պիտի ըլլայ։ Իր խօսքով՝ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ աշխուժօրէն կը շարունակուի՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման ուղղեալ երկխօսութիւնը։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Էմիրպէյով յայտնեց, որ իր երկիրը կ՚ակնկալէ յաջորդ տարի ստորագրել Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը։