ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՅԱՐՄԱՐ ԿԸ ԴԱՏԷ ԱԶԳԱՅԻՆ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒԻԼԸ

Երէկ, Գումգաբուի տօնական հաւաքոյթի ընթացքին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան խոր մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Երկրի վարչապետի եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետի առճակատման անդրադառնալով՝ ան յայտնեց, որ այս խնդիրը կարծես վերջ պիտի չունենայ։ «Խնդիրը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական կեանքը կը հետաքրքրէ, սփիւռքը միայն դիտորդ է», ըսաւ ան՝ շեշտելով, որ չորս եպիսկոպոսի բանտարկութիւնը եւ Վեհափառ Հայրապետը գահընկէց ընելու ջանքերը խուճապի պատճառ կը դառնան։ «Հարցը Հայաստանի մէջ սկսած է եւ լուծումն ալ այնտեղ պէտք է ըլլայ։ Ամէն օր նոր եղելութիւններու ականատես կը դառնանք, ճեղքը կը խորանայ», ըսաւ ան՝ աղօթելով, որ Աստուած պահէ իր եկեղեցին։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նշեց, որ Ազգային-եկեղեցական ժողովը պէտք է գումարուի հնարաւորինս արագ։ Արդարեւ, ան կը համախմբէ համայն հայութեան ներկայացուցիչները եւ միայն ան կրնայ քնննարկել առկայ հարցը՝ որպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընտրած մարմինը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 7, 2026