ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԸ ՄՇՏԱՊԷՍ ԿԸ ԶԲԱՂԵՑՆԷ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՕՐԱԿԱՐԳԸ

Թուրքիա եւ Եւրոմիութիւնը կը նախատեսեն Սեւ ծովու, Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Ասիոյ պարագային խրախուսել կայունութիւնը, դիմադրունակութիւնը եւ տեւական զարգացումը։ Այս ուղղութեամբ նպաստ բերելու համար Անգարա եւ Պրիւքսէլ յատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն ուժանիւթի, հաղորդակցութեան, թուայնացման եւ առեւտուրի բնագաւառները։ Տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան օրակարգը ձեւաւորելու նպատակով կողմերը կը նախատեսեն համակարգուած քայլեր առնել յառաջիկայ շրջանին։ 

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հիւրընկալեց Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման գծով կոմիսար Մարթա Քոսը։ Նախարարը եւ յանձնակատարը ունեցան առանձնազրոյց մը, նաեւ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Օրուան աւարտին հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան տնտեսական ամբողջականացման կարեւորութիւնը։ 

Եւրոմիութիւնը այս փուլին վերահաստատեց՝ Թուրքիոյ լիիրաւ անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակը։ Յարափոփոխ աշխարհաքաղաքական միջավայրի մէջ, տարածաշրջանային կայունութեան եւ տնտեսական դիմադրունակութեան ամրապնդման տեսակէտէ շեշտուեցաւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ռազմավարական արժէքը։ Արդարեւ, համաշխարհային եւ տարածաշրջանային վերջին իրադարձութիւնները ի յայտ կը բերեն Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ռազմավարական կարեւորութիւնը։ 

Ֆիտան-Քոս երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ՝ մուտքի արտօնութիւններու ազատականացման ուղղեալ երկխօսութիւնը։

Անգարա այցելութեան ընդառաջ, Մարթա Քոս յայտարարած էր, որ Եւրոպայի վերակառուցման եւ զարգացման դրամատունը պիտի վերսկսի իր գործունէութիւնը Թուրքիայէն ներս։ Ան անդրադարձած էր նաեւ Մաքսային միութեան համաձայնութեան այժմէականացման եւ վիզաներու ազատականացման։ Եւրոպացի յանձնակատարը Անգարա հասնելէ առաջ յայտնած էր, որ այս բոլորի ժամանակը այլեւս եկած է։

Շաբաթ, Փետրուար 7, 2026