ՏԱՆՁՆ ՈՒ IPHONE-Ը…
«Եթէ ընտրութիւն ըլլայ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի միջեւ, ես կը նախընտրեմ Փաշինեանը»։ Այս թեզը յառաջ կը քշեն իշխանութեան քարոզիչները, որոնք «շարքային քաղաքացի» կը ձեւանան։ Նախ՝ այդ հակադրութիւնը ճիշդ չէ՝ համեմատել կարելի է նոյնատիպ երեւոյթներ. օրինակ՝ տանձը խնձորի հետ, Samsung հեռաձայնը iPhone-ի հետ, բայց ո՛չ տանձը՝ iPhone-ի։
Հետեւաբար, անձը պէտք է համեմատել անձի, իսկ պետութիւնը պետութեան հետ։ Փաշինեանի կամ աւելի ճիշդ՝ անոր ղեկավարած ուժի այլընտրանքը ովքե՞ր են։ Իմ կարծիքով՝ բոլոր իրատես ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը։ Քարոզչական վերոյիշեալ թեզին մէջ ակնարկ կայ, որ Փաշինեանի բոլոր ընդդիմադիրները կը ղեկավարուին Քրեմլինի կողմէ։ Որեւէ լուրջ ապացոյց չի բերուիր յօգուտ կանխադրոյթի։
Երկիրը պէտք է համեմատել երկրի հետ։ Ռուսաստա՞ն, թէ… Իշխանութիւնը՝ որպէս այլընտրանք մեր դէմ կու տայ Ֆրանսան, Եւրոմիութիւնը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Բայց այդ երկիրներու կամ կառոյցներու շահագրգռուածութիւնը տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն մէջ նուազագոյն է։ Իրական շահագրգիռ կողմը, բնականաբար, Թուրքիան է եւ Ատրպէյճանը, որոնց «փաստաբանութեամբ» մեծ սիրով կ՚աշխատին ներկայ իշխանութիւնները։
Իշխանական քարոզչութեան եւս մէկ նմանատիպ հնարք՝ կա՛մ Փաշինեան, կա՛մ պատերազմ։ Նիկոլականները այստեղ կը խաղան մարդոց՝ շատ բնական վախերուն հետ։ Իրականութեան մէջ սա, ինչպէս հիմա ընդունուած է ըսել, կեղծ օրակարգ է։
Խաղաղութիւն կրնայ ըլլալ թէ՛ Փաշինեանի ժամանակ եւ թէ առանց Փաշինեանի։ Երկրորդի պարագային խաղաղութիւնը կրնայ ըլլալ աւելի արժանապատիւ։ Պատերազմ կրնայ ըլլալ թէ՛ Փաշինեանի իշխանութեան օրօք եւ թէ իշխանափոխութենէն յետոյ։ Երկրորդի պարագային մենք գուցէ պատերազմին աւելի պատրաստ ըլլանք՝ գոնէ հոգեբանօրէն, որովհետեւ հիմակուան նման կոտրուած, ջարդուած, յուսահատուած չենք զգար մենք զմեզ։ Իշխանութիւնը ամէն ջանք կը ներդնէ, որ պառակտուածութիւնը, խեղճութիւնը, թուլութիւնը՝ որպէս «յաղթանակ» ընկալելը կը դառնայ մեր հասարակութեան մտածելակերպը։
Հետեւաբար, խաղաղութիւնը, զոր իբր թէ Փաշինեանը բերած է, նախընտրական յաղթաթուղթ սարքելը, մեղմ խօսքով, անբարեխղճութիւն է։ Խաղաղութեան եւ պատերազմի խնդիրները, եկէք ընդունինք, յաճախ կը լուծուին Երեւանէն եւ Պաքուէն բաւական հեռու։ Մեր ուժերու շրջանակներէն ներս է՝ ապահովել հնարաւորինս արժանապատիւ խաղաղութիւնը եւ, միւս կողմէ, հնարաւորինս լաւ պատրաստուիլ պատերազմին։
Վարչապետի պաշտօնին ունենալով Նիկոլ Փաշինեանը, իսկ Ազգային ժողովի մէջ՝ ՔՊ-ն («Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որ Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ կը գտնուի, խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւն կը կազմէ)՝ ո՛չ մէկը, ո՛չ ալ միւսը հնարաւոր է։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի