ՀԱՆՐԱԽԱՆՈՒԹԷ ՆԵՐՍ ԾԱԳԱԾ ՀՐԴԵՀ

Երեւանի Կոմիտաս թաղամասէն ներս երէկ օրուան առաջին կէսին ծագեցաւ հրդեհ մը։ Ականատեսներու մօտ մեծ վախ յառաջացուցին բոցերը, որոնք, բարեբախտաբար, անմիջապէս հսկողութեան տակ առնուեցան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Երեւան սիթի» բանուկ հանրախանութէն ներս ծագեցաւ հրդեհը։ Հրշէջ գունդը անմիջապէս միջամտեց տասն մեքենաներով։ Հրդեհաշիջման աշխատանքները ակնկալուած արդիւնքը տուին կանխելով կորուստներն ու ծանրակշիռ հաւանական հետեւանքները։

Հրշէջ գունդի գործողութիւններուն ժամանակ պողոտային վրայ կաղաց երթեւեկը, որ բնականոն հունին վերադարձաւ որոշ ժամանակ անց։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 7, 2025