ՓԱՅԼԱՆ ԿԸ ԿԱՍԿԱԾԻ ՊԱՔՈՒԷՆ
Նախկին երեսփոխան Կարօ Փայլան ցաւ յայտնեց, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կախուածութեան մէջ է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումէն։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս առումով ազդեցութիւն կը գործէ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի վրայ։ Պաքու կը շարունակէ տէր մնալ Անգարայի վրայ ներազդելու լծակներու։
Կարօ Փայլան, որ այս օրերուն Երեւանի մէջ համաժողովի մը մասնակցած է, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ զրուցելու ժամանակ արտայայտած է կանխատեսումներ, ըստ որոնց՝ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը կրնայ բացուիլ յաջորդ տարեսկիզբին։ Յամենայնդէպս, այս հաւանականութեան տեսակէտէ ժխտական գործօններու ալ անդրադարձած է նախկին երեսփոխանը։ Արդարեւ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այժմ զբաղած է Ուքրայնայի պատերազմով, բայց իրավիճակը կրնայ փոխուիլ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այժմ հետաքրքրուած է խնդիրներ լուծելով եւ ներդրումներ կատարելով, բայց, եթէ յառաջընթաց չըլլայ, ապա ան կրնայ հրաժարիլ այդ բոլորէն։ «Հետեւաբար, Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար յարաբերութիւններու մեծ պատուհան մը բացուած է», ըսաւ Կարօ Փայլան «News.am» կայքէջի թղթակցին հետ զրուցելու ընթացքին։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Փայլան նշեց, որ նախագահ Էրտողան տեսած է այդ հնարաւորութիւնը՝ ցանկութիւն յայտնելով Կովկասի հարցերուն մէջ ԱՄՆ-ի հետ համագործակցելու ուղղութեամբ։ Թուրքիա լաւ կը գիտակցի, որ Վրաստանը Ռուսաստանի ճնշման տակ է եւ Կեդրոնական Ասիա հասնելու համար կարիք ունի այլընտրանքի մը։
Անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու փաստաթուղթերու ստորագրումէն յետոյ նախագահ Էրտողանն ալ այցելեց ԱՄՆ, ուր Թրամփ առաջարկեց համատեղ աշխատիլ Սուրիոյ եւ Կազզէի վերականգնման համար։ «ԱՄՆ առաջարկեց, որ Թուրքիա կառուցէ Եւրոմիութենէն դէպի Կեդրոնական Ասիա ճանապարհները եւ ներգրաւուի շինիչ երկխօսութեան մէջ։ ԱՄՆ կը փափաքի, որ այս աշխարհագրական գօտիին մէջ տնտեսական երկխօսութիւնը սկսի եւ հակամարտութիւնները նուազին։ Թէ՛ Եւրոմիութիւնը եւ թէ ԱՄՆ կը փափաքին մուտք գործել Կեդրոնական Ասիա եւ Թուրքիան, Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է կամուրջ ըլլան այս գործընթացին մէջ։ Հետեւաբար այս բոլոր դերակատարները պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնեն», նշեց նախկին երեսփոխանը, որ ներկայիս «Քարնեկի» հիմնարկէն ներս կ՚աշխատի։
Կարօ Փայլանի խօսքով՝ Թուրքիա-Հայաստան ցամաքային սահմանը կրնայ բացուիլ 2026 թուականի սկիզբին, եթէ Ալիեւ չխանգարէ, իսկ ան այդ բանը կրնայ ընել։
«Սակայն այժմ այս գործընթացներու ետին կանգնած է լուրջ ուժ մը. յանձինն՝ ԱՄՆ-ի։ Եթէ Ուաշինկթընէն բաւարար ճնշում ըլլայ, ապա գուցէ յառաջընթաց արձանագրուի։ Թուրքիա, անկասկած, կը փափաքի բանալ Կարս-Կիւմրի երկաթուղին», եզրափակեց Կարօ Փայլան։