ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՇՐՋԱԳԱՅՈՒԹԻՒՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սեմ Սիմոնեան կը շարունակէ իր համաշխարհային շրջագայութիւնը։ Ան կ՚այցելէ ՀԲԸՄ-ի զանազան մասնաճիւղերը, ուր տեղական պատասխանատուներու հետ կը մէկտեղուի աշխատանքային մթնոլորտի մէջ։
Համաշխարհային շրջագայութեան չորրորդ փուլին Սեմ Սիմոնեան իրերայաջորդ այցելեց Անգլիա, Ֆրանսա եւ Զուիցերիա՝ ուղեկցութեամբ իր կողակցին՝ Սիլվա Սիմոնեանի, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան զանազան անդամներու եւ պատասխանատուներու։ Երեք երկրի եօթ քաղաքին մէջ Սեմ Սիմոնեան կարծիքի փոխանակումներ ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի տեղական պատասխանատուներուն հետ։
Լոնտոնի, Փարիզի, Նիսի, Մարսէյլի, Վալանսի, Լիոնի եւ ի վերջոյ Ժընեւի իրերայաջորդ շփումներուն ժամանակ ան մէկտեղուեցաւ նաեւ Հայաստանի դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնացաւ Փարիզի «Նուպարեան» գրադարանի փուլը, ուր ներկայ էր նաեւ ՀԲԸՄ-ի պատուոյ նախագահ Պերճ Սեդրակեան։
Ըստ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնէն հրապարակուած հաղորդագրութեան՝ Սեմ Սիմոնեան շուրջ տասնօրեայ այս ուղեւորութենէ վերադարձին ըսաւ. «Մենք պէտք է շարունակենք մեր երիտասարդութեան համար ստեղծել լաւագոյն կրթական հնարաւորութիւնները։ Երիտասարդները ՀԲԸՄ-ի սիրտն են, ապագան, անոր ժառանգութեան պահակները։ Անոնց միջեւ կապերը ամրապնդելով եւ Հայաստանի հետ կամուրջներ կառուցելով՝ մենք կը ձեւաւորենք աւելի միասնական ու տոկուն համաշխարհային հայ համայնք մը»։