ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՇՈՒԱՐԿ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ տարբեր հարթակներու վրայ Երեւան-Թիֆլիզ-Պաքու համագործակցութեան հնարաւորութիւն կը տեսնէ։ «Առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունին յարաբերութիւնները մեր անմիջական հարեւաններուն հետ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Հարաւային Կովկասի երեք երկիրները՝ Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան դատապարտուած են համագործակցութեան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Օրպելի ֆորում. կառուցելով խաղաղութիւն եւ բազմակողմանի համագործակցութիւն» խորագրեալ միջազգային համաժողովի ընթացքին Միրզոյեան կարեւորեց Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի վերագործարկման համար՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը։ Ան Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացի պայմանաւորուածութիւնները մեկնաբանեց՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման առումով։ Նախարարը խօսեցաւ նոր հնարաւորութիւններու մասին եւ այդ հաշուարկներու լոյսին տակ շեշտեց, որ Հեռաւոր Արեւելքէն մինչեւ Անգլիա կամ Փորթուգալ՝ բեռնափոխադրումները կրնան կատարուիլ Հայաստանէն տարանցուելով։
Մինչ այդ, նախարարը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու վերաբերեալ Ատրպէյճանի պահանջներուն։ Իր խօսքով՝ այս նիւթը մաս չի կազմեր Երեւան-Պաքու խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման օրակարգին։