ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ԶՐՈՅՑ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Նիկոլ Փաշինեան ծննդեան տարեդարձին առթիւ շնորհաւորեց Վլատիմիր Փութինը, որուն յղեց բարեմաղթանքներ։

Կարեւորելով Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններու ապագայ զարգացումը՝ Փաշինեան բարձր գնահատեց այդ ուղղութեամբ Փութինի անձնական ներդրումը։ 

Նոյնպէս երէկ, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ընդունեց Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրուցակիցները քննարկեցին Երեւան-Մոսկուա երկկողմանի օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք անդրադարձան ապագայ համագործակցութեան։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորուեցաւ երկու երկիրներու անվտանգութեան խորհուրդներու գրասենեակներու միջեւ համագործակցութեան շարունակականութիւնը։

Արմէն Գրիգորեան եւ Սերկէյ Քոփիրքին քննարկեցին նաեւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումները։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին արտատարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակին շուրջ։

Միւս կողմէ, ռուս դեսպանը վերջին օրերուն հարցազրոյցի մը մէջ անդրադարձաւ TRIPP անցուղիի համաձայնութեամբ պայմանաւորուած հեռանկարներուն։ Ծանօթ է, որ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ կազմակերպուած Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Ատրպէյճան գագաթաժողովին ժամանակ հրապարակուած էր հռչակագիր մը, որով կը նախատեսուի TRIPP անցուղիի ձեւաւորուիլը։ Այդ մէկը պիտի անցնի Հայաստանի Սիւնիքի մարզով ու պիտի միացնէ Նախիջեւանը Ատրպէյճանի մայր հատուածին։ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի կառավարութիւններու երկկողմանի տնօրինման տակ պիտի ըլլայ TRIPP-ի կառավարման ապագայի վերաբերեալ որոշում կայացնելու իրաւասութիւնը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Սերկէյ Քոփիրքին յայտնեց, որ TRIPP հաղորդակցութեան ծրագրի շուրջ Ռուսաստան պիտի ձեւակերպէ իր դիրքորոշումը, երբ մանրամասն պատկերացում մը ունենայ, թէ ինչպէս պիտի իրականացուի այդ փոխադրութեան նախագիծը։

Դեսպանի խօսքով՝ Մոսկուայի արտաքին քաղաքականութեան անսասան առաջնահերթութիւններէն մին է Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդումը։ Այդ մօտեցման համահունչ՝ Ռուսաստան, բնականաբար, կ՚աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ որեւէ քայլի։ Ինչ կը վերաբերի TRIPP-ին, ապա Ռուսաստան պիտի ձեւակերպէ իր դիրքորոշումը, երբ մանրամասն պատկերացում ունենայ, թէ ինչպէս պիտի իրականացուի այդ փոխադրութեան ուղիի նախագիծը։

«Մեր տեղեկութեամբ՝ այդ աշխատանքը տակաւին նոր կը սկսի։ Բեռնափոխադրումներու եւ ուղեւորափոխադրումներու դրութիւնները, ինչպէս նաեւ երթեւեկութեան անվտանգութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները տակաւին համաձայնեցուած չեն։ Տարածաշրջանէ ներս փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման ջանքերը կը պահանջեն հաշուի առնել Հայաստանի ԵԱՏՄ-ին անդամակցութեան հանգամանքները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Իրան սահմանին Ռուսաստանի սահմանապահներու ներկայութիւնը՝ հիմնուելով երկկողմանի փաստաթուղթերու վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ, ես կը փափաքէի աւելցնել, որ ռուսական կողմը բաց է այդ հարցերու շուրջ խորհրդակցութիւններու համար թէ՛ իր հայ գործընկերներուն, այնպէս ալ այլ շահագրգիռ կողերու հետ՝ ներառեալ Թեհրանը», ըսաւ Սերկէյ Քոփիրքին։ 

Բաց աստի, ռուս դեսպանը աւելցուց, որ իր երկիրը եւ անձամբ Վլատիմիր Փութին դրած են հիմքը Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտեցման գործընթացին։ «Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ 2020-2022 թուականներուն կնքուած եռակողմանի համաձայնագրերը ո՛չ միայն դադրեցուցին արիւնահեղութիւնը տեղւոյն վրայ, այլեւ սահմանեցին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հիմնական ուղղութիւնները՝ ներառեալ խաղաղութեան պայմանագրի մշակումը, տնտեսական եւ փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակումը, սահմանազատումը եւ սահմանագծումը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ կապերու զարգացումը», եզրակացուց դեսպանը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2025