ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
Զուիցերահայկական հիւրընկալման ակադեմիան (SAAH) վերջերս Հայաստանի երկրորդ մեծ քաղաքին՝ Կիւմրիի մէջ կարեւոր ծրագիր մը կեանքի կոչեց։ SAAH-ի գլուխը կը գտնուի սփիւռքահայ յայտնի բարերար ու գործարար Վահէ Կապրաշ, որ, միեւնոյն ժամանակ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն է։ Իր դերակատարութիւնը այնպիսի արդիւնք մը տուած է, որ Կիւմրիի մէջ SAAH-ի եւ ՀԲԸՄ-ի համատեղ նախաձեռնութեամբ պանդոկ մը բացուած է։
Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը համախմբեց հոծ թիւով հիւրեր, որոնց շարքին էին Հայաստանէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ սփիւռքի շրջանակներէն յայտնի դէմքեր։ Ձեռնարկի ընթացքին Վահէ Կապրաշ բոլորին կողմէ բարձր գնահատանքով ջերմօրէն շրջապատուեցաւ։ Այս նախաձեռնութիւնը հետամուտ է Հայաստանէ ներս զբօսաշրջութեան ոլորտը զարգացնելու՝ ծառայողական ու սպասարկութեան ոլորտները խթանելով եւ յատկապէս՝ Զուիցերիոյ կատարելապաշտութիւնը ընդօրինակելով։ Հաշուի առնելով, որ Հայաստանէ ներս զբօսաշրջութեան եւ ծառայութիւններու ոլորտները մեծ ներուժ ունին՝ համաշխարհային մակարդակով կրթութիւն ջամբելու եւ մարդուժ պատրաստելու հետամուտ այս նախաձեռնութիւնը կը համարուի չափազանց կարեւոր։ Արդարեւ, բնագաւառի կարիքները դիմագրաւելու եւ երկրէն ներս ծառայութիւններու չափանիշները բարձրացնելու նպատակը կը խոստանան նոր հորիզոններ։
Վահէ Կապրաշի ջանքերով կեանքի կոչուած նախաձեռնութիւնը Հայաստանը աստիճանաբար տարածաշրջանէն ներս կրնայ դիրքաւորել՝ որպէս համապատասխան կեդրոն մը, իսկ անհատական հարթութեան վրայ նոր սերունդէ հայոց համար կրնայ ցատկատախտակի մը վերածուիլ՝ դէպի համաշխարհային թատերաբեմ։
Միւս կողմէ, Վահէ Կապրաշ երէկ ընդունունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։
