«ՏՈՀԱ ՖՈՐՈՒՄ»Ի ԳԾՈՎ ԱՍՈՒԼԻՍ
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան գծով պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ շաբաթավերջին մասնակցեցան «Տոհա ֆորում»ի։ Քաթարի տանտիրութեամբ կազմակերպուած այս հաւաքոյթը հերթական առիթը դարձաւ, որպէսզի Երեւան եւ Պաքու միջազգային հարթակի մը վրայ տան պատգամներ։
Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, որ Հայաստանի հասարակութիւնը պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան։ Միեւնոյն ժամանակ, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման օրակարգի ամբողջին մէջ, ան շեշտեց, որ «միջանցք» եզրոյթը անընդունելի է հայկական կողմին համար։
Իր կարգին, հաւաքոյթի ընթացքին Հիքմէթ Հաճիեւ շեշտեց, որ Երեւանն ու Պաքուն կը քննարկեն Ատրպէյճանէն Հայաստան նաւթի ու նաւթամթերքի արտահանման հարցը։ Հաճիեւ յիշեցուց, որ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան վերջերս այցելեց Կեպելէ, ուր սահմանազատման յանձնաժողովներու տասներկրորդ նիստի առթիւ բանակցութիւններ վարեց Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի հետ։ Հիքմէթ Հաճիեւ այդ քննարկումները որակեց աննախադէպ, առանց այլ մանրամասնութիւններ հաղորդելու՝ նաւթի ու նաւթամթերքի արտահանման հարցերու շուրջ։