ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

«Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի թրքերէն տարբերակի կալային յաջորդած ասուլիսը առանձնապէս հետաքրքիր էր ու եկաւ մօտեցումներու եւ սպասումներու խաչմերուկի մը վրայ դիրքաւորել ներկաները։ Այս ասուլիսը մէկ կողմէ ամբողջացուց ժապաւէնին ստեղծած տպաւորութիւնները, իսկ միւս կողմէ՝ առանձին ձեռնարկի մը համազոր էր։ Հակառակ, որ ներկաները երկարամեթրաժ ժապաւէն մը դիտած էին՝ մագնիսացած ուշադրութեամբ հետեւեցան հեղինակաւոր գիտնականներու խորհրդածութիւններուն։ Ասուլիսի վարեց Այլին Գօչունեան, ատենախօսներն էին՝ փրոֆ. Մաճիթ Քենանօղլու եւ փրոֆ. Ապտուրրահման Աթչըլ։ Այս քընարկումը յատկանշական էր թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգի զանազան առաջնահերթ խնդիրներուն տեսակէտէ։ Գիտնականներու խորհրդածութիւնները լոյս սփռեցին՝ առկայ մարտահրաւէրներու լուծման որոնումներուն վրայ։ Արդարեւ, տասնամեակներէ ի վեր այս հարցերուն շուրջ քննարկումները կը շարունակուին եւ այս վերջին դիտարկումները նոր ու հետաքրքրական չափումներ աւելցուցին անոնց վրայ։ Սա հաւաքական մտքի ձեւաւորման տեսակէտէ կարեւոր ներդրում մըն էր՝ մանաւանդ, որ ո՛չ միայն թրքահայ, այլեւ միւս ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ ծաւալուեցան խօսակցութիւնները։

Ասուլիսի մասնակիցները խոշորացոյցի տակ առին Օսմանեան Կայսրութեան ժամանակ ձեւաւորուած նախընթացներն ու Հանրապետական շրջանին շարունակուած գործադրութեան ձեւերը, տարբերութիւններով ու նմանութիւններով հանդերձ։ Աւելին, այդ տարբերութիւններն ու նմանութիւնները ի զօրու են ո՛չ միայն Օսմանեան կամ Հանրապետական շրջաններու պարագային, այլեւ այժմ զանազան համայնքներու պարագային։

Այս ամբողջին մէջ՝ մանաւանդ թրքահայութեան տեսակէտէ բացայայտումներու համազոր էին 1863 թուականի Ազգային Սահմանադրութեամբ հաստատուած կառավարման համակարգի շարք մը երեսակներուն կապակցութեամբ կատարուած խորհրդածութիւնները։ Իսկապէս ուղենշային էին անցեալէն ցայսօր դիտարկումները, որովհետեւ հարցաքննութեան բացուեցաւ նաեւ այդ դրութեան պարագային ձեւով մը ընդհանրացած կարգ մը ընկալումներ, որոնց շուրջ խնդրոյ առարկայ են նուիրականացած թիւրիմացութիւններ, որոնք անցեալի իտէալականացումէն ծնունդ կ՚առնեն։

«Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի թրքերէն տարբերակի կալային յաջորդած ասուլիսը առանձնապէս հետաքրքիր էր ու եկաւ մօտեցումներու եւ սպասումներու խաչմերուկի մը վրայ դիրքաւորել ներկաները։ Այս ասուլիսը մէկ կողմէ ամբողջացուց ժապաւէնին ստեղծած տպաւորութիւնները, իսկ միւս կողմէ՝ առանձին ձեռնարկի մը համազօր էր։ Հակառակ որ ներկաները երկարամեթրաժ ժապաւէն մը դիտած էին՝ մագնիսացած ուշադրութեամբ հետեւեցան հեղինակաւոր գիտնականներու խորհրդածութիւններուն։ Ասուլիսը վարեց Այլին Գօչունեան, ատենախօսներն էին՝ փրոֆ. Մաճիթ Քենանօղլու եւ փրոֆ. Ապտուրրահման Աթչըլ։ Այս քննարկումը յատկանշական էր թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգի զանազան առաջնահերթ խնդիրներուն տեսակէտէ։ Գիտնականներու խորհրդածութիւնները լոյս սփռեցին՝ առկայ մարտահրաւէրներու լուծման որոնումներուն վրայ։ Արդարեւ, տասնամեակներէ ի վեր այս հարցերուն շուրջ քննարկումները կը շարունակուին եւ այս վերջին դիտարկումները նոր ու հետաքրքրական չափումներ աւելցուցին անոնց վրայ։ Սա հաւաքական մտքի ձեւաւորման տեսակէտէ կարեւոր ներդրում մըն էր՝ մանաւանդ, որ ո՛չ միայն թրքահայ, այլեւ միւս ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ ծաւալուեցան խօսակցութիւնները։

Ասուլիսի մասնակիցները խոշորացոյցի տակ առին Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ ձեւաւորուած նախընթացներն ու Հանրապետական շրջանին շարունակուած գործադրութեան ձեւերը, տարբերութիւններով ու նմանութիւններով հանդերձ։ Աւելին, այդ տարբերութիւններն ու նմանութիւնները ի զօրու են ո՛չ միայն Օսմանեան կամ Հանրապետական շրջաններու պարագային, այլեւ այժմ զանազան համայնքներու պարագային։

Այս ամբողջին մէջ՝ մանաւանդ թրքահայութեան տեսակէտէ բացայայտումներու համազօր էին 1863 թուականի Ազգային սահմանադրութեամբ հաստատուած կառավարման համակարգի շարք մը երեսակներուն կապակցութեամբ կատարուած խորհրդածութիւնները։ Իսկապէս ուղենշային էին անցեալէն ցայսօր դիտարկումները, որովհետեւ հարցաքննութեան բացուեցաւ նաեւ այդ դրութեան պարագային ձեւով մը ընդհանրացած կարգ մը ընկալումներ, որոնց շուրջ խնդրոյ առարկայ են նուիրականացած թիւրիմացութիւններ, որոնք անցեալի իտէալականացումէն ծնունդ կ՚առնեն։

(Գիտնականներու խօսքերու սղագրութիւնները պիտի ներկայացնենք առանձնապէս)

       

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2025