ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԵՒ ՌՈՒԲԷՆ ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ԱՆԹԱԼԻԱՅԻ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՖՈՐՈՒՄԻՆ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան վաղը առաւօտ պիտի գան Թուրքիա՝ մասնակցելու համար Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։ Պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատարներ։
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ՝ Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումը վերջին տարիներուն հարթակ կը դառնայ կողմերու միջեւ ուղիղ շփումներու համար։ Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին՝ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում մըն ալ կ՚ունենան ֆորումի ծիրէն ներս։ Անգարա-Երեւան կարգաւորման գործընթացէն ներս հայկական կողմի յատուկ ներկայացուցիչը՝ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Արարատ Միրզոյեան այս հարթակին վրայ կը ներկայացնեն միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի հրատապ նիւթերուն շուրջ Հայաստանի մօտեցումները։
Կը նախատեսուի, որ հայկական պատուիրակութիւնը վաղը առաւօտ ժամանէ Անթալիա։ Ամենայն հաւանականութեամբ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան մէկտեղուի իր հայ պաշտօնակցին՝ Արարատ Միրզոյեանի հետ՝ ի շարունակութիւն վերջին տարիներուն ստեղծուած նախընթացին։ Միրզոյեան կ՚ունենայ նաեւ յարակից այլ շփումներ։ Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելիք հայկական պատուիրակութեան կը միանան նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան եւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Անահիտ Չալիքեան: