ՇՐՋԱՀԱՅԵԱՑ ՔԱՅԼԵՐ
ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալըն երէկ այցելեց Պաղտատ, ուր Իրաքի ղեկավարութեան հետ շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ «Առանց ահաբեկչութեան Թուրքիա» գործընթացին տեսակէտէ շատ կարեւոր փուլի մը զուգադիպեցաւ այցելութիւնը, որու ընթացքին Քալըն մէկտեղուեցաւ թէ՛ կեդրոնի ղեկավարութենէն եւ թէ տեղական իրաւասուներու հետ։ ՄԻԹ-ի ղեկավարը ընդունուեցաւ նաեւ Իրաքի վարչապետ Մուհամմէտ Շիի էլ-Սուտանիի կողմէ։
«Առանց ահաբեկչութեան Թուրքիա» գործընթացէն ներս կը նախատեսուին զէնքերու վայր դրման քայլեր, որոնց նախօրէին անվտանգութեան հարցերու շուրջ խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան Անգարա-Պաղտատ առանցքին վրայ։ Մնաց որ, այդ քայլերէն վերջ ալ Իրաքի ղեկավարութեան հետ համագործակցութիւն ծաւալել կը նախատեսէ Թուրքիան։
Ըստ տեղական մամուլին՝ Իպրահիմ Քալըն հարեւան երկրի շփումներուն կապակցութեամբ պիտի իրազեկէ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշը։ Գործընթացի այժմու փուլին եւ Իրաքէ ներս նախատեսուած իրադարձութիւններուն շուրջ տեղի պիտի ունենայ կարծիքի փոխանակում։ Նախաձեռնութեան օրէնսդիր մարմնի չափումներուն կապակցութեամբ Քալըն տեղեկութիւններ պիտի քաղէ Քուրթուլմուշէն։ Այս վերջինը կուսակցութիւններու տեսակէտը շօշափած է՝ խորհրդարանէ ներս հիմնուիլը նախատեսուած յանձնաժողովի անուան, աշխատանքի դրութեան եւ իրաւասութիւններուն շուրջ ընդհանուր վերաբերմունք մը ձեւաւորելու համար։
Կը նախատեսուի, որ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան երեսուն անդամէն բաղկացեալ խումբ մը զէնքերը թողու այս ուրբաթ Սիւլէյմանիէի մէջ։ Կը հաղորդուի, որ այդ զէնքերը կա՛մ պիտի թաղուին եւ կամ պիտի հրկիզուին։