ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ 2026-Ի ՕՐԱԿԱՐԳԸ
Եւ դարձեալ նոր տարիի մը ընդառաջ… Երկրագունդը արեւին շուրջ կը դառնայ յստակ ուղեծիրով մը. տարիները, ի՜նչ խօսք, դարերը կը սահին ու կ՚երթան, նոյնիսկ հազարամեակները։ Երկրագունդի ուղեծիրը թէեւ գրեթէ յստակ է արեւին շուրջ, սակայն, այդ շուրջպտոյտը մարդկութեան կամ աշխարհի պետութիւններուն, ազգերուն, ժողովուրդներու եւ հաւաքականութիւններուն համար միշտ կ՚ենթադրէ մակընթացութիւն ու տեղատուութիւն։ Անշուշտ, բոլորի պարագային նոյնաժամանակ չ՚ըլլար ամէն ինչ։ Մէկուն վերելքը կրնայ զուգադիպիլ միւսի անկման կամ նոյնիսկ մէկուն անկումը կրնայ պայմանաւորել ուրիշի մը վերելքը եւ այսպէս շարունակ…
Հայութիւնը 1990-ական թուականներէն սկսեալ ունեցաւ յարաբերական վերելքի շրջան մը՝ վերապրումի երկար տասնամեակներէ վերջ։ Թէեւ այդ ոստումը չունեցաւ այն մակարդակը, որ ընթացքին ապահովուած ձեռքբերումները երաշխաւորէր երկարաժամկէտ, սակայն, տուեալ ժամանակաշրջանը յատկանշական էր բոլոր առումներով՝ ներառեալ պատմական դասերը։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի հաւաքական յիշողութեան մէջ մնալիք հետքերուն, այլապէս արդէն վէճէ դուրս է, որ պատմագրութիւնը վաղուց շատ խոցելի է քաղաքական ազդեցութիւններու եւ անպաշտպան՝ նենգափոխութիւններու, աղաւաղումներու եւ չարաշահումներու դիմաց։
Յամենայնդէպս, 2020 թուականէն ի վեր հայութիւնը վերստին անցած է անկումի մը՝ քանի իր ազգ-պետութիւնը գոյաբանական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։ Երեւանի կեդրոնի շքեղ լուսաւորութիւններէն սկսեալ՝ մինչեւ սփիւռքի՝ յանուն աւանդութեան եւ ազգապահպանման կատարուած տօնակատարութիւնները, իրականութեան մէջ, խաբուսիկ են եւ ինքնանպատակ. բոլորը գիտէ։ Անկումը այն աստիճանի հասած է, որ հայութիւնը կը տարուբերէ հաւաքական ինքնախաբէութեան եւ հաւաքական անբարոյականութեան միջեւ։ Ցաւալին այն է, որ ապագային պատմութիւնը աղաւաղելու հետամուտ պիտի ըլլան առաջին հերթին անոնք, որոնք այսօր կը խուսափին այդ առերեսումէն։ Տեսնենք…
2026-ի տարեմուտը արտակարգ պատկեր մը կը ցոլացնէ հայութեան տեսակէտէ… Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ անդունդի եզրին հասած է, այսօր իր մատնուած անճարութեան եւ յայտնուած անկիւնային վիճակին մէջ կ՚առնէ այնպիսի քայլեր, որոնք ունին միակ բացատրութիւն մը։ Այսպէս, անկման եզրին հասած պետութիւնը այնքան ձեւական դարձած է, որ սկսած է վտանգել այն կառոյցները, այն համակարգերը, որոնք քիչ թէ շատ կենսունակ մնացած են, ունին համախմբման ներուժ եւ զինքը փակուղիէ դուրս բերելու ճանապարհին գործօն կրնան դառնալ։
Հայաստանէ ներս իշխանութիւններու եկեղեցահալած քաղաքականութիւնը կը բիւրեղանայ այս համայնապատկերին վրայ։ Խնդիրը վաղուց յորդած է երկրի ներքին օրակարգի սահմաններէն՝ դառնալով համայն հայութեան վերաբերեալ սպառնալիք մը։
Հայ իրականութենէն ներս առկայ համատարած անտարբերութիւնը չի կրնար փոխել այս բացարձակ ճշմարտութիւնը։ Աճպարարութիւնները՝ ինչ աստիճանի վարպետութեամբ կամ արհեստավարժութեամբ ալ բեմադրուին, չեն կրնար թաքցնել այս ճշմարտութիւնը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ անձամբ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի թիրախաւորումը այս աստիճանի տագնապեցուցիչ եւ ահազանգային պիտի չդառնար, եթէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ՝ մանաւանդ եպիսկոպոսաց դասէն ներս պառակտումներ ծագած չըլլային։
Ներկայ ժամանակներուն միամտութիւն է կարծել, թէ հայոց պետականութիւնը, ազգ-պետութիւնը եթէ փուլ գայ, ապա եկեղեցին կրնայ փոխարինել կամ մասամբ փոխարինել անոր դերը՝ ինչպէս եղած է պատմութեան զանազան շրջաններուն։ Այսօր հայութիւնը յստակ աշխարհագրութեան մը մէջ խտացեալ ու համախումբ չ՚ապրիր, որ եկեղեցիէն այդ դերը ակնկալել կարելի ըլլայ։ Աշխարհով մէկ ցրուած ժողովուրդ մը կրնայ հոգեւոր միասնականութեան մէջ մնալ՝ միայն հզօր, ազդեցիկ ու բարձր ձգողականութեամբ կեդրոնով մը։ Սա այն փուլն է, որ եկեղեցւոյ ճակատագիրը ուղիղ համեմատութեան մէջ է պետութեան յարատեւութեան հետ։ Բայց եւ այնպէս, սա չի նշանակեր, որ պետութիւնը պէտք է բռնէ եկեղեցին քանդելու՝ մա՛նաւանդ անոր կեդրոնը զաւթելու ճանապարհը։
Ըստ էութեան, մակերեսայնութիւն է բոլոր պատահածները որակել՝ իշխանութիւններու կամքի դրսեւորումը։ Հայաստանի մէջ պետութիւնը այն աստիճան ձեւական դարձած է, որ անկարելի է լիարժէք իշխանութիւն մը կամ ղեկավարութիւն մը ունենալը։ Երկրի ընդհանուր կացութիւնը ինքնին ապացոյց մըն է, թէ չկայ ղեկավարութիւն մը՝ որպէս այդպիսին։ Միայն անիշխանականութեան հետեւանք է ստեղծուած իրավիճակը. անիշխանականութիւն, որ յառաջ կը տարուի կմախք դարձած պետական ձեւական համակարգի մը կողմէ։
Այդ կմախք դարձած պետութեան պայմաններուն ներքեւ, իշխանութիւնը չի կրնար ըլլալ իսկական. կարծեցեալ է միայն ու թուացեալ։ Եկեղեցւոյ թիրախաւորման պատճառն ալ պարզ է. իրական է ան, որովհետեւ ազգի վերապրելու հաւատքի շօշափելի վկան դարձած է։ Եկեղեցական կամ հոգեւոր իշխանութիւնը թուացեալ, կարծեցեալ չէ, այլ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հեղինակութիւնը զգալի կը դառնայ բոլոր հարթութիւններու վրայ։ Ան այսօր կը ջանայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ու այնտեղ հաստատուած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան անշարժ ու նուիրական գահը պահել անսասան եւ անխախտ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ հօտը կը հաւատայ անոր օծեալ ու սուրբ աջի զօրութեան, ան աշխարհի շուրջ 10 միլիոն հայու խղճի ձայնն է, սակայն, ամէն ինչ այսքանով սահմանափակուած չէ, սա տակաւին ամէն ինչ չի նշանակեր…
2026-ին Հայաստանի մէջ նախատեսուած է ընտրութիւն։ Կմախք դարձած պետութեան եւ անխուսափելի անիշխանականութեան տրամաբանական հետեւանքն է, որ հանրութիւնը բեւեռացած է աննախընթացօրէն։ Աւելորդ է ըսել, որ բեւեռացեալ հասարակութիւն մը չի կրնար առողջ կողմնորոշուիլ, նպատակասլաց նախընտրութիւններ ընել ու մանաւանդ՝ խօսքն ու գործը յստակ տարանջատել։ Հակասութիւնները կը հրահրեն մարդոց մոլորութիւնը…
Հայաստանի կմախք դարձած պետութիւնը կրնա՞յ վերստին միս ու արիւն ստանալ։ Թէեւ շատ դժուար, բայց, այո՛… Ուրեմն սա է այս պահուն հայութեան բուն օրակարգը։ Իսկ այդ պետութիւնը կմախք դարձուցած իշխանութիւնը կրնա՞յ ապահովել, որ զայն վերստին միս ու արիւն ստանայ… Երբ տուեալ գործը առանց այդ ալ արդէն շատ դժուար է, ապա տրամաբանականօրէն այդ դժուարութիւնը բազմապատկելէ պէտք է խուսափիլ։ Աշխարհի բազմաթիւ պետութիւններու փորձառութիւնը թէեւ կը վերահաստատէ այս ճշմարտութիւնը, սակայն, Հայաստան այս պահուն կարծես կը փորձէ ճիշդ հակառակը։
Ողբերգական է, որ հայ ժողովուրդին տասնամեակներէ ի վեր սիստեմաթիք ձեւով ուսուցուած է, որ պատմութեան ընթացքին իր գլխուն ի՛նչ արհաւիրք, որ եկած է՝ եղած է ուրիշներու պատճառով։ Հետեւանքը առկայ համատարած անտարբերութիւնն է եւ թերարժէք զգալու բարդոյթը, անշուշտ, թէ՛ Հայաստանով եւ թէ սփիւռքով։ Այսօր Հայաստանի մէջ այնպիսի վիճակ մը ստեղծուած է, որ իշխանութեան լոզունգով կ՚ամրապնդուի ստրկամտութիւնը՝ կարգ մը երկիրներու դէմ ծիծաղելի գոռոզութեամբ, որ բացարձակապէս տխուր եւ անիրատես աճպարարութիւն մըն է։
Թէ ի՞նչ ընթացք կ՚ունենան քաղաքական իրադարձութիւնները. մէկ կողմէ ենթադրելի են, իսկ միւս կողմէ հանելուկ։ Վեց ամիս անց ընտրութեան արդիւնքը կ՚երեւի եւ այդ պատկերի հիման վրայ ամէն ինչ տակաւին նոր պիտի սկսի…
Կմախք դարձած պետութեան անիշխանականութեան մէջ կարծեցեալ իշխանութիւնը չի կրնար մարսել ու կ՚ուզէ վանել, պառակտել ու քանդել երկրի միակ իրական կառոյցը, որ միակն է նաեւ իր առաքելութեան ու լինելութեան նպատակին յարիր լիարժէք գործունէութիւն կատարելու առումով։
Հուսկ, 2026-ի տարեմուտին համահայկական օրակարգի գերխնդիրը վերջին հաշուով հետեւեալ լուրջ հարցումն է. կարելի կ՚ըլլա՞յ ոտնձգութիւններէ խնայել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։ Մնացեալը իսկապէս երկրորդական է՝ ներառեալ Ամանորը, որ կրնայ շնորհաւոր ըլլալ կամ ոչ…