ՄԷՋՏԵՂԸ
Սփիւռքի ո՛ր գաղութէն ալ կարդաք այս տողերը, պէտք է քիչ թէ շատ ծանօթ ըլլաք մեր հաւաքոյթներուն, բայց մշակութայինները չէ՝ դասախօսութիւն, ցուցադրութիւն, հանդիպում, զրոյց, եւ այլն, չէ՛. անվճար ըլլալով հանդերձ՝ քիչ են ատոնց յաճախորդները, այլեւս ձեռքերու վրայ հաշուըւող։ Խօսքը ուտել-խմելուն վերաբերող՝ վճարովի, բայց զարմանալիօրէն մարդաշատ, խճողուած, շէն, խանդավառ հաւաքոյթներուն մասին է, որոնց ընթացքին, պէտք է, պէ՛տք է հնչեն անփոփոխ, անփոխարինելի որոշ երգեր. ի՛նչ կ՚ուզէ թող ըլլայ, հազար տարի ալ անցնի, կերուխումի, պարերգի ու խրախճանքի այդ հաւաքոյթներէն չեն պակսիր «Միասնութեան շուրջպարն» ու «Հայեր, միացէ՛ք»ը։
Դիտելով մեր այսօրը, կը խորհիմ, որ բացառիկ օրեր են կրկնելու «Միասնութեան» մեր երգերը, որոնք ինչպէս միշտ, հիմա ալ յորդոր մը ըլլալէ աւելի՝ կարծես հեգնանք են մեր իրողութեան։
Նախանձելի միասնութեան մէջ ենք, բարեկամներ, երբ ամիսներէ ի վեր ընթացող մեր իշխանութեան «արշաւանքը» Հայ Առաքելական Եկեղեցիին վրայ լրատուական միջոցներուն օգտագործած եզրով՝ արդէն իրօք «հակամարտութիւն» է։
Շաբաթներ առաջ, դեռ նորոգման պատարագներու սկզբին արդէն հարցուցած էինք.
Տեսնենք՝ ե՞ս, թէ՞ դուն։
Հարցումները կը շարունակուին այսօրուան յարափոփոխ իրողութիւններով, յարափոփոխ առաջարկներով, գայթակղութիւններով, թիւ ու հաշիւներով, թեւ-թիկունքի, օրօրուող նժարի ու կշռաքարերու ծանրութեամբ.
Ո՛վ հետս է, ո՛վ հետդ։
Ո՛վ հոս է, ո՛վ հոն։
44-օրեայ պատերազմէն ու անկէ վերջ յայտնուած իրականութիւններէն, հոս-հոն փայլատակող մեր յաղթանակներէն, ամէն, ամէ՛ն ինչի մէջ կրած մեր պարտութենէն ետք, ակնկալելիք մեր վերջի՜ն բանը պիտի ըլլար այսօրուան մեր հասած կացութիւնը։
Կը տագնապի, կրնայ տագնապիլ ամէն ինչ, կրնան խառնուիլ, իրար անցնիլ կառոյցները, կրնան ցնցուիլ պատերը, բայց անսասան մեր արմատները ունինք, ունենալու ենք, չէ՞։
Անհասանելի պէտք չէ՞ մնան անոնք։
Հեթանոս Տրդատը բուժող Լուսաւորիչին, ճակատագրական մեր պատերազմներու ընթացքին զոհուելու գացող կռուողներուն կոչ ուղղած, զոհուած ու սրբադասուած մեր հայրերուն, միւռոն, գեղարդ ու բալասանին հետ՝ այսօր մեր եկեղեցւոյ ծիրէն ներս, չեմ գիտեր ինչո՞ւ, տեսերիզներ կան, կողմեր, անուններ կան, սուտ թէ՛ իրաւ պատմութիւններ, քննող, վճռող յանձնախումբեր կան, վարչապետին մասնակցած պատարագներուն ընթացքին Վեհափառին անունը տալ ու չտալու հարցեր կան, անունը չյիշատակող «դաւաճան» հոգեւորականներ ու անունը տուող քաղաքացին ալ ոչխարի պէս եկեղեցիէն դուրս քշողներ կան, յանկարծ յայտնուող, թէ՞ շատո՜նց քօղարկուող «բարեփոխումներու կարիք» կայ, կայ ու կան...
Ինչո՞ւ։
Ինչո՞ւ պէտք է ըլլան։
Հայրենիք, բանակ, ազգային արժէքներ, պատմութիւն, պետութիւն, ընտրութիւն... գոնէ եկեղեցին հեռու մնա՜ր աս բոլորէն։
Հոն չե՞նք երթար բոլորս։ Ոսկեզօծ գահերը, քարաշէն բոլոր վանքերն ու մատուռները՝ ձեզի. մեր ներսը կերտուած հոգեւոր եկեղեցիին մասին կը հարցնեմ ես.
Պատմութեան էջերուն մէջ բաժնուած Հայաստանին, երկրին ու ժողովուրդին զուգահեռ շնչող, գոյատեւող ու այս զոյգը սո՜ւրբ եռեակի մը վերածող մեր սուրբ անկիւնին մասին կը հարցնեմ.
Ճեփճերմակ էջեր չկան մեր ու աշխարհի պատմութեան մէջ ու դեռ աւելի՛ն՝ սխալողներուն ու իրենց սխալներով պատմութեան ընթացքը փոխողներունն է էջերուն մեծագոյն քանակը, գիտե՛մ, բայց մարդ ես՝ քուկդ չեղող հողի մը վրայ ապրող մարդ, հեռու եւ մօտիկ անցեալն ու այսօրը ապրելէդ վերջ՝ անհո՛ղ արմատներդ սրտիդ մէջ տարտղնուած՝ կարիք կը զգաս ամուր անսասան ու անձեռնմխելի մէկ անկիւնի...
Մնա՞ց։
Մնա՞ց այդպիսի անկիւն մը։
Այդպիսի անկիւն մը չունենալու կէտին հասա՞նք, իրօք։
Մխիթարանք մը ունի՞ աս կորուստը։
Ո՞ւր, ո՞ր կողմ, ինչի՞ն նայինք այս կորուստը ամոքելու համար։
«Նիկոլին դղեակները» խորագրեալ «սերեալ»ի՞ն, գիւղերուն մէջ կառուցուած մեր բացառիկ դպրոցներո՞ւն։ Առտուան սիրայորդ սրտիկներո՞ւն։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը «Կտրիճ Ներսիսեան» կանչող մեր իշխանութեան, ձեռքին նուռ, փէշին թուղթ կախած մեր գեղեցկուհիի՞ն, հազարաւոր հեքթարներով ծառապատուած մեր մայրաքաղաքի՞ն, շուտով «կախարդական հեքիաթ» դառնալիք մեր հրապարակի՞ն, Կաթողիկոսը ինքնակամ հանգստեան հրաւիրող «խաղաղարար» կոչերո՞ւն...
Այո՛, ասոնք են կարեւորները։
Անհրաժեշտ չե՛ն, իմաստ չունին իմ փնտռած անձեռնմխելի այդ անկիւնները։
Ապագան մէջտեղն է ու աչք շլացող այս մէջտեղինները։
Խոնարհում ու մէկ րոպէ լռութիւն՝ արդէն պաշտօնապէս յայտարարուած 3833 մեր նահատակներուն յիշատակին եւ կրկնապատի՛կ փառք՝ խաղաղութեան մէջ բարգաւաճելիք մեր պետութեան՝ Իրական Հայաստանին։ Երկա՜ր տարիներու շրջափակումէ ետք՝ շուտով, երկիր ժամանելիք (ժամանած) «օտարազգիներուն» հետ անկաշկանդ ու շահաբեր «պիզնես» ունենալիք մեր քաղաքացիին ու հոն մեծնալիք, «գոնէ մէկ մարզաձեւով զբաղելիք» մեր հայ մանուկներուն...
Չտեսնողը կոյր է, տեսնել չուզողը՝ յոռետես։
Մէջտեղն են աս բոլորը՝
էական, լուսաւո՜ր ու յուսադրող մէջտեղը։
Կը հարցնեմ.
Կը կանգնի՞, կրնա՞յ կանգնիլ, կանգուն կրնա՞յ մնալ անսասան անկիւններու վրայ չյենած այս «մէջտեղը»։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ