ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՄԱՐՄԻՆ ԱՌՆԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ
1. Քրիստոս ե՞րբ մարմին առաւ: Մարմին առնելէն առաջ Աստուածային ի՞նչ ընթացք կար:
1. Արարչապետ Աստուած Ադամէն մինչեւ Նոյ, Նոյէն մինչեւ Մովսէս, Մովսէսն մինչեւ Քրիստոս ինչ ընթացք որ տնօրինած է, պէտք ուշադրութեամբ կարդանք: Ադամը դրախտէն աքսորուելէ ետք, երբ մարդիկ շատցան՝ աշխարհը մեղքով ապականեցաւ. եթէ ուզէր, այն ատեն կը ղրկէր խոստացուած Փրկիչը, առանց ջրհեղեղի:
Նոյէն առաջ բնականն ալ չէին յարգեր, անասնաբար կը վարուէին «կ՚ուտէին, կը խմէին, կիներ կ՚առնէին». այս վայրենութենէն բնական օրէնքի անցան, բնականէն Մովսէսի գրաւոր օրէնքին, գրաւոր օրէնքին մէջ ալ, նոյնիսկ ջրհեղեղի վիճակէն գէշ փարիսեցիական, սադուկեցիական մոլութիւնները՝ որոնք տիրեցին, Քրիստոս հասաւ շնորհական օրէնքը տալու:
Ասոնք նկատողութեան արժանի կէտեր են, թէ Աստուած մարդոց հետ ի՞նչ ձեւով վարուած է: Հաշիւին եկած տեղը սխալ վարդապետելով, չեկած տեղը արագ կարդալ ու անցնելով Սուրբ Գիրք կարդալ չ՚ըլլար: Ջրհեղեղէն առաջ բազմաթիւ մարդիկ կային, երբ ապականեցաւ՝ Փրկիչը չհասաւ, անկէ ետք, Աբրահամի միջոցով համառօտ փրկութիւն մը տալով, Սոդոմ Գոմորին չխնայեց, իսկ ջրհեղեղը անգամ մը եւս չկրկնել ու Մեսիան ղրկել խոստացաւ անոնց յայտնապէս (Ծն 12.3): Մովսէսին միջոցաւ ըրած փրկութիւնը Աբրահամէն աւելի ազդեցիկ էր:
Ադամը դրախտէն ելլելուն պէս «որպէս մեզմէ մէկը» ըսելով Մեսիան խոստացաւ, Աբրահամին կրկնեց, Մովսէսին յայտնեց, Ահարոնին քահանայական կարգը տուաւ. սրբութեան խորանին հրահանգով, Սողոմոնին շինել տուած տաճարով եւ ուրիշ բաներով շնորհական օրէնքներուն ստուերը ձգեց (Եբր 9.1-10), որոնք Աստուածային սքանչելի տնօրինութիւններ են. եւ մենք ալ պէտք է հասկնանք, թէ Աստուած ինչպէս վարուած է մեզի հետ. վայրենականէն բնական, բնականէն գրաւոր, գրաւորէն շնորհական, ասոնց կարգը պահելով Իր Որդին աշխարհ ղրկած է, Որդին ալ գալով հինին մէջ ծածուկ մնացածը նորին մէջ մեր առջեւ բանալով գնաց:
Ասոնք գրելով մեր նպատակը պատմութիւն ընել չէր, նաեւ՝ Քրիստոս այս ինչ դարուն կամ այն ինչ օրը եկաւ, որ մենք ատոր համար փրկուեցանք ըսել ալ չէր1. ջրհեղեղը չեղած եթէ գար, մարդոց համար աւելի լաւ էր, երբ ալ գար փրկիչ էր, մարմին չառած ալ կրնար փրկել, իսկ ինչպէս որ ըսած ենք, Աստուած՝ մարդը Իր համար ստեղծեց, Ինք հրաշքով գործեց, մեզի հետ ալ խելքի ու բնութեան մօտ վարուեցաւ, այդ հրաշքները ըրաւ, հրահանգներ տուաւ, նախ ստուերապէս եւ ապա իրապէս:
Ասոնց մասին հաստատուն հաւատք եւ պարզ գաղափար ունեցող մը չի՛ տարակուսիր, չի՛ վիճիր. իրապէս չափազանց է, որ Աստուած մը մարդանայ, բայց Ինք չափազանց չսեպեց, քանի որ ինն ամիս սպասեց արգանդին մէջ կոյսի մը, որմէ մարմին առաւ, մեր մէջ մարմինով երեւցաւ, ալ վէճի բան չմնաց, մի միայն մենք այս կէտին մասին հաստատուն հաւատք պէտք է ունենանք, թէ՝ կատարեալ մարդ ըլլալով Աստուածութիւնը չփոքրացաւ, կատարեալ Աստուած ըլլալով մարդկութեան թերութիւն չեղաւ:
«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»
Կ. Պոլիս, 1885
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 6
Վաղարշապատ
1 Կաղանդ կամ նոր տարի՝ նոր աշխարհ կը նշանակէ. առաջին մարդը՝ Ադամ, արարչագործութեան վեցերորդ օրը ստեղծուեցաւ, երկրորդը Ադամը՝ Քրիստոս, վեցերորդի մը հաշիւով ծնաւ, ատոր համար նոր տարուան վեցին [վեցերորդ օրը] կը տօնենք Քրիստոսի ծնունդը: Երբ մկրտուեցաւ 30 տարեկան էր (Սուրբ Գիրքը յաւելուած բան չ՚ըսեր), որ ըսել է ծնունդ եւ յայտնութիւն միեւնոյն օրուան կը պատկանի, ութ օր ետք անուանակոչութիւն: