ԱԿՆԱՐԿ - 158 - ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԴԸ՝ ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆԸ

Անցեալ շաբթուան մեր սիւնակով խօսեցանք պահքի հզօր զէնքերէն մէկուն՝ աղօթքին մասին: Այսօր պիտի անդրադառնանք պահեցողութեան զարդին՝ ողորմութեան մասին: 

Ոմանք, թերեւս զարմանան եւ հարցնեն. ողորմութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ պահեցողութեան զարդը ըլլալ: Պահքի իմաստին ու նշանակութեան մասին մեր գրութիւններուն մէջ յաճախ անդրադարձած ենք, թէ պահքը միայն ուտելիքներէ կտրուիլ չէ, աւելին, պահքը առաքինութիւն ձեռք ձգելու եւ առաքինութիւններով զարդարուելու առիթ է նաեւ, հոգեւոր պայքար ըլլալու կողքին:

Մարդ երբ իր պահեցողութեան ընկերակից կը դարձնէ աղօթքը՝ հոգեպէս եւ մտապէս կը զօրանայ, իսկ երբ աղօթքին կը միացնէ նաեւ ողորմութիւնը, ապա կը գեղեցկանայ, կը գունազարդուի իր հոգին: 

Ի՞նչ է ողորմութիւնը, արդարեւ, եթէ ոչ օգտակար ըլլալ մեր նմանին: Օգտակար ըլլալ ի՛նչ բանով, որ կրնանք: Ոմանք ողորմութիւնը կը սահմանափակեն նիւթականի սահմաններով, սակայն, այդ սահմանափակումը սխալ է, որովհետեւ յաճախ մէկ նախադասութիւն կամ մէկ բառ շատ աւելին կ՚արժեն քան միլիոնաւոր գումարներ:

Ողորմութիւնը պէտք է սրտանց ու անկեղծ միտումով կատարուի, եւ ամենէն կարեւորը առանց փոխադարձը սպասելու: Երբ այս միտումով կատարուի ողորմութիւնը, ապա Ամենաբարին Աստուած Ի՛նք փոխադարձը կու տայ մեզի, մեր տուածին դիմաց բիւր-բիւրոց վարձատրելով:

Այժմ կարդանք, թէ եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը ի՜նչ գրած են ողորմութեան մասին:

* Սուրբ Եղիշէ վարդապետ կը գրէ.

Երբ ախտացեալներուն բժշկելով՝ Իր մարդասիրութիւնը կը յայտնէր, անոնցմէ շատերուն նոյն բանը կը պատուիրէր. «Ո՛չ մէկուն, գիւղերու մէջ կամ քաղաքներու, զուր տեղ չպատմէք» (հմմտ. Մր 1.44)։ Որպէսզի դուն ալ նոյնը սորվիս, քու ողորմութիւններդ աշխարհով մէկ չյայտարարես։ Իսկ եթէ պէտք ըլլայ ցոյց տալ, թող խօսքերու փոխարէն՝ գործերը վկայեն:

* Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ կը գրէ.

- Ողորմութիւնը ազնուագոյն արուեստ է եւ ողորմացողի պաշտպանը, որովհետեւ Աստուծոյ հաճելի է, որ մենք չպղծենք զայն, իսկ այն կրնայ պղծուիլ, երբ մենք ողորմութիւն կ՚ընենք ուրիշը կողոպտելու հաշւոյն, իսկ եթէ մաքուր ձեւով կ՚ըլլայ, մեծ խիզախութիւն կու տայ նաեւ աղօթելու բոլոր անոնց համար, որոնք Աստուծոյ զայրոյթը յարուցած են իրենց վրայ:

- Հեռո՛ւ մնայ թալանէն եւ միայն այն ատեն ողորմութիւն ըրէ:

- Ողորմութիւնը շատ աւելի մեծ զոհաբերութիւն է, քան՝ աղօթքը, պահքը եւ միւս բաները, եթէ, անշուշտ, այն արդար մղումներով կ՚ըլլայ եւ նոյնպիսի նեղութիւններով, եթէ մաքուր է ամէն տեսակի շահախնդրութենէ, թալանէ եւ բռնութենէ:

- Ողորմութեան մեծութիւնը ո՛չ թէ տրուած ողորմութեան չափով կ՚որոշուի, այլ՝ ողորմածողներուն յօժարութեամբն ու տրամադրուածութեամբը։ Պէտք չէ նայիլ այն բանին, որ այրին երկու լումայ կու տայ, այլ անոր, որ ընդամէնը երկու լումայ ունենալով՝ չի՛ ափսոսար, այլ՝ ամբողջ ունեցածը կը զոհէ:

- Մի՛ ամչնար քու ձեռքովդ աղքատներուն ծառայելու: Քրիստոս չի՛ ամչնար ձեռք երկարել եւ ողորմութիւն վերցնել աղքատի միջոցով, իսկ քեզի համար ամօ՞թ է ձեռքդ երկարել եւ դրամ տալ: Միթէ՞ ատիկա ամօթ չէ:

- Նայէ ո՛չ թէ օգնութեան կարիք ունեցողներուն արժանաւորութեան, այլ՝ միա՛յն կարիքին:

- Հետեւաբար, երբ մուրացկան տեսնես, կողքէն մի՛ անցնիր, այլ՝ անմիջապէս մտածէ, որ ան՝ ինչպէս դուն, ազատ է եւ միեւնոյն հասարակութեան կը պատկանի, քեզի հետ բոլոր ընդհանուր բաները ունի, իսկ դուն զինք յաճախ քու շուներուդ հետ իսկ չես հաւասարեցներ։ Երբ դուն կուշտ ես, ան յաճախ անօթի կը քնանայ եւ ազատ մարդը քեզի համար քու ծառաներէդ աւելի արհամարհելի կը դառնայ։ Վերջինները, սակայն, քեզի համար պէտքական բանե՞ր կ՚ընեն եւ քեզի լա՞ւ կը ծառայեն։ Սակայն, ես կրնամ քեզի ցոյց տալ, որ անոնք նոյնպէս ծառայութիւն կը մատուցեն եւ շատ աւելի կարեւոր, քան՝ ծառաներդ. անոնք կ՚օգնեն քեզի դատաստանի օրը եւ քեզ կրակէն կ՚ազատեն։ Նման բան կրնա՞ն քու ծառաներդ:

* Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետը կը գրէ.

Հիւանդութեան վերաբերող դեղերուն նման, նաեւ հոգին մեղքերէ մաքրելու համար կան ապաշխարութեան բազմաթիւ ձեւեր. բայց մեղքերէն մաքրուելու եւ վէրքերէն դարմանուելու համար առաքինութիւններու մէջ ամենակարեւորը եւ անմենաազդեցիկը ողորմութիւնն է, մանաւանդ երբ անոր կ՚ընկերակցի ողբը, հառաչանքը եւ գթառատ արտասուքը: 

* Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ.

- Ողորմութիւնը՝ ցաւակցութիւնն է բնութենակիցներուն հանդէպ, եւ եթէ անոր կը հաւատանք, Տիրոջմէ փոխարէնը կը ստանանք։ Դարձեալ, հաւատք ըսելով աղօթքը նկատի ունի, այն խօսքին համաձայն. «Եւ աղօթած ատեն ինչ որ հաւատքով խնդրէք պիտի ստանաք» (Մտ 21.22)։ Այս երկու բաներով է, որ մարդը առաքինի կը դառնայ. արդարեւ, ողորմութեամբ կը վարժուի ընկերոջ հանդէպ սէր տածել, իսկ հաւատքով՝ Աստուծոյ հանդէպ:

- Իսկ ան որ աղքատին կ՚ողորմի, Աստուծոյ փոխ կու տայ, կ՚ըսէ Սողոմոնը, որ աւելի մեծ բան է, երբ մէկը Աստուծոյ պարտական կ՚ըլլայ։

- Եւ պէտք է գիտնալ, որ բազմաթիւ առաւելութիւններ ունի այն փոխը՝ որ Աստուծոյ կու տանք, քան այն՝ որ մարդոց կու տանք: 

- Ողորմութիւնը բարի՛ պտուղն է մարդուն, իսկ անողորմութիւնը՝ չա՛ր պտուղը։

- Ողորմածին հաւատքն ու յոյսը կ՚աւելնան, որովհետեւ կը հաւատայ Աստուծոյ եւ փոխադարձ յոյսով ողորմութիւն կու տայ։

- Հարկ է գիտնալ, թէ ողորմութիւն պէտք է ընել առանց խտրութեան բոլոր կարօտեալներուն. պէտք չէ ընտրել հարուստ ու աղքատ, արժանի ու անարժան, արդար ու մեղաւոր. այլ առանց խտրութեան բոլո՛ր կարօտեալներուն պէտք է բաշխել։

* Սարգիս Շնորհալի վարդապետը կը գրէ.

- Փութանք ըստ մեր կարողութեան չափազանց ողորմած ըլլալ՝ ո՛չ միայն ունեցուածքով, այլեւ խօսքով եւ կարեկից ըլլալով, որովհետեւ քաղցր եւ մխիթարիչ խօսքերը փոքր ողորմութիւն չեն համարուիր։ Տակաւին, մեղանչած եղբօր համար հոգոց հանելը, լալը, անոր սգակից եւ կարեկից ըլլալը, խրատելն ու յորդորելը դէպի բարին եւ սեփական անձին չափ սիրելը, ինչպէս նաեւ հիւանդին տեսութեան երթալն ու ասոնց նման այլ գործերը իսկական ողորմութիւն են եւ Դատաստանի օրը բարձագլուխ պիտի պարծենան (տե՛ս Յկ 2.13):

- Առաքինութեան բազմաթիւ տեսակներ կան, որոնք մեզ դէպի Աստուած կը բարձրացնեն եւ արքայութեան ժառանգորդ կը դարձնեն, սակայն մեզ Աստուծոյ նման դարձնող ուրիշ առաքինութիւն չկա՛յ, քան՝ ողորմութիւնը։ Այս մէկը նոյնինքն մեր Տէրը յայտնեց, ըսելով. «Այսպիսով դուք ձեր երկնաւոր Հօր զաւակները պիտի դառնաք, որովհետեւ Ան Իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ» (Մտ 5.45):

- Ողորմութիւն սերմանեցիր, ատկէ յաւիտենական կեա՛նք հնձէ, մարդասիրութիւն սեմանեցիր, ատկէ Աստուծոյ գթութի՛ւնը հնձէ։ Անողորմութիւն սերմանեցիր, ատկէ փուշ եւ տատա՛սկ հնձէ:

* Գէորգ Չէօրեքճեան Կաթողիկոս կը գրէ.

Հայուն այսօրուան տառապանքը բուժելու, ցաւին դարման տալու միակ միջոցը ողորմած ըլլան է, ինչի կարիքը դժբախտաբար մենք շատ զգացած ենք, ինչի պահանջը մեր Փրկիչը դրած է բոլոր մարդկութեան դիմաց՝ այրիին լումային անմոռանալի ու պարզ պատմուածքով։

* Զարեհ արք. Ազնաւորեան կը գրէ.

- Դրական ողորմութիւնը ծածկապէս կը կատարուի։ Ծածկապէս կատարուած ողորմութիւնն է, որ Աստուծոյ կողմէ վարձատրութեան կ՚արժանանայ, կ՚ըսէ Յիսուս։

Ամէն մարդ ըստ իր սպասումին կը վարուի. ան որ մարդոցմէ գովուիլ կ՚ուզէ՝ ինչ բարիք որ կ՚ընէ՝ ցուցական ձեւով կ՚ընէ։ Եւ ցուցական ձեւը կը դառնայ իր նպատակը, ու իր վարձատրութիւնն ալ մարդոց գովասանքէն անդին չ՚անցնիր: Ան որ Աստուծոյ համար կ՚ընէ, եւ ոչ թէ մարդոց գովասանքին՝ անիկա Աստուծմէ պիտի վարձատրուի։

- Ողորմութիւնը կը ձգտի կարիքաւորին օգնելու:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2026