ԳՐԱԿԱՆ ՈՐԲՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ…

Գրականութեան համար հայրեր պէտք ե՞ն։ Ահա այս հարցումը կու տամ, ամէն անգամ, երբ կը մտածեմ սերունդի մը կտրուածքով։ Մեր սերունդի պարագային կարծես ունեցանք որոշ բախտաւորութիւն մը, որովհետեւ ամէն անգամ, որ փորձեցինք փրկութեան լաստանաւ մը գտնել, ապա մեր աչքերուն դիմաց կազմուեցաւ Վահէ Օշականի ազդեցիկ ստուերը։ Քիչ չեղան այն գրողները, որոնք արդէն իրենց յարգուած տեղն ու դերն ունէին մեր հաւաքական կեանքին մէջ, սակայն, ո՛չ մէկը փորձեց իր խօսքը ըսել մեզի։ Խօսեցան իրենց բեմերէն, ներկայութիւն դարձան, ոգեկոչեցին եւ մեծ բառեր գլորեցին, բայց, ո՛չ մէկ անգամ հանդէս եկան նախաձեռնութեամբ մը։ Սերունդը թողելով անտէր ու անմխիթար, հաշտուած իր ճակատագրին ու մօտալուտ մահուան գաղափարին հետ։

Այդ բոլորին համար էր, անշուշտ, որ մեր սերունդի անդամներուն մեծ մասը փնտռեց յենարան մը, ձայն մը, ձեռք մը, որ պիտի երկարէր մեր ուղղութեամբ ու ամենաքիչը դառնար կամուրջ մը, որպէսզի կարողանանք անփորձանք ու հաստատակամ անցնիլ դէպի միւս ափը։ 

Վահէ Օշականը եղաւ այդ «հայրութիւն» ընողը։ Հակառակ հեռու ափերու վրայ գտնուելուն, Վահէն երես չթեքեց մեզմէ, այլ փորձեց տիրութիւն ընել մեզի։ Մեզմէ առաջ չմոռնամ կային «Նոր գրականութեան» տղաքը, որոնք սաղմաւորուեցան բնիկ մուսալեռցի, Լիբանանի Այնճար հայաւանի ծնունդ վաղամեռիկ Պետիկ Հերկելեանի շուրջ։ Գրեցին շատ կատաղի կերպով ու կարողացան իրենց ձայնը լսելի դարձնել գրեթէ ամէն տեղ…։

 Միով բանիւ կարողացան մեծ կիրքով մը գրել եւ արտայայտուիլ, որովհետեւ ապրեցան Լիբանանի արիւնալի պատերազմի ամբողջ գեհենը։

Այդ օրերուն էր նաեւ, որ Վահէ Օշական ողջունեց անոնց ներկայութիւնը, ինչպէս որ աւելի ուշ ըրաւ նաեւ մեր սերունդի անդամներուն համար։ 

«Նոր գրականութեան» տղաքը իրենց հետ բերին ստորագրութիւն եւ նկարագիր, ինչ որ սակայն ունեցաւ շատ վաղահաս մահ մը։ Մեր պարագային, բոլորովին այլ պայմաններու տակ հասակ առած մեր սերունդը, յաճախ մեծ զգուշութեամբ եւ մեծ լռութիւններով յառաջացաւ… մինչեւ որ մեռնի եւ իր հետ հալեցնէ ստորագրութեան, գրական նկարագրի եւ հաւաքական ձայն մը դառնալու բոլոր հնարաւորութիւնները։

Այդ օրերուն էր նաեւ, որ Վահէ Օշական ու անկէ ետք՝ Գրիոր Պըլտեանն ու Մարկ Նշանեանը, փորձեցին իրենց ձեռքերով փակել մեր սերունդին վրայ նետուած կրակէ շողերն ու ստուերը։ Անոնց նպատակն էր կերպով մը շարունակել Վահէի սկսած «գրական հայրութիւն»ը, բայց եկուր տես, որ այդ երազը կը մնար կիսատ, պարզ անոր համար, որ մեր սերունդը, ինչպէս շատ ու շատ այլ սերունդներ որոշած էինք դիմել գրական անձնասպանութեան։ 

Իրարու հանդէպ վստահութեան պակասը, ընելիքի անորոշութիւնը եւ սփիւռքի գաղութներուն մէջ այդ օրերուն առկայ հակագրական իրավիճակը արագցուցին մեր գրական մահը։ Շատ հաւանաբար, մեզմէ առաջ եղողներուն անէծքն էր, որ տարածուեցաւ մեր վրայ ու նաեւ հանրութեան կողմէ սաղմնաւորուած մեծ անվստահութիւնը, որ տեղ մըն ալ հետեւանքն էր մօտիկ անցեալի փորձառութիւններուն։

Այս բոլորին մէջէն կարմիր թելի պէս կ՚անցնէր Վահէ Օշականի անունը, որ «կնքահայր» մը, «գրական հայր» մը ըլլալէ անդին ինք արդէն նկարագիր էր՝ «գրական նկարագիր» մը, որուն պէտք է կառչիլ ամէն անգամ, երբ անորոշութեան քամիները կը փչեն եւ սարսափ կը տարածեն մեր հոգիներուն մէջ։

Իբր այդ, անհրաժեշտ էր Վահէ Օշականի «հայրութիւն»ը, որուն շարունակութիւնը չունեցանք եւ այս ժամանակներուն ալ դէպքի վայր հասնող սերունդները կը տառապին ու պիտի տառապին այն որբութենէն, որու մասին վերեւ ակնարկեցի։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

•շար. 1

Երեքշաբթի, Յունուար 13, 2026