ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՀԱՒԱՏՔԻ ՄԱՍԻՆ

1. Ի՞նչ է մարդկային հաւատքը, ինչպէ՞ս կը բացատրուի: 2. Ո՞րն է Աստուածային հաւատքը: 3. Ե՞րբ կը կենդանանայ հաւատքը. ասոնք ինչպէ՞ս կը բացատրուին. փիլիսոփայօրէն ինչպէ՞ս, աստուածաբանօրէն ինչպէ՞ս եւ քաղաքականօրէն ինչպէ՞ս: 4. Ո՞րն է նախապաշարեալ հաւատքը:

1. Մարդկային հաւատքը կախում ունի մարդոց խօսքէն, որ աչքով տեսնելով, ականջով լսելով կը հաւատացուի, բայց յաճախ կրնայ սխալիլ մարդկային հաւատքը. աչքովդ կը տեսնես, որ այսինչ խոտը այնինչ տեսակ վէրքը կը բուժէ, այդ խոտով միեւնոյն տեսակ բազմաթիւ վէրքեր բուժելով, վիրաբոյժ մը բաւականէն աւելի փորձառու ըլլալով հանդերձ դարձեալ կը սխալի, կը նայի, թէ այդ խոտը այն տեսակ վէրքին միւսին ալ հակառակ գործողութիւն մը կ՚ընէ, որովհետեւ Աստուած Իր գաղտնիքը ամբողջութեամբ մարդոց չէ տուած, ասոր համար բնագէտները Աստուծոյ տուած բանական հոգիին կարողութեամբ շատ բաներու բնութիւնը գտան, բայց այդ գտածներուն մէջ յաճախ սխալելէ ետք, դարձեալ եւ դարձեալ սկզբնական պատճառին վրայ անխելահաս մնացին: Օրինակ, արեւուն ջերմութիւնը այսինչ ուժը ունի, ելեկտրականութիւնն ալ այն ինչ, բայց ո՞ւր է այդ ուժը, ուրկէ՞ է, ե՞րբ եւ ո՞ր ատեն տրուեցան այդ ուժերը արեգակին ու եկեկտրականութեան եւ կամ օդին մէջ. մարդկային հաւատքը կը սխալի ուրեմն ներքինը ճառելու մասին, արտաքինը ինքնին յայտնի է, իսկ Աստուածային հաւատքն է միայն ճշմարիտ հաւատք եւ անտարակուսելի:

2. Աստուածային հաւատքը Սուրբ Գիրքը կարդալով գլխաւորաբար չտեսած հաւատալն է: Երկրորդ՝ տեսածին մէջ իր աչքին չերեւցած ուժի մը հաւատալն է, ինչպիսին են Եկեղեցւոյ աւանդութիւնները, որոնք Հին ուխտին մէջ ստուերապէս, իսկ Նորին մէջ իրապէս վաւերացան (Եբր 9.10):

Այս Աստուածային հաւատքը մարդոց մէջ երբեմն կենդանի, երբեմն մեռած եւ երբեմն ալ մոլար կամ նապապաշարեալ կ՚ըլլայ:

Հաւատք մը միայն միտքէն անցնելով չ՚ըլլար, այլ՝ միտքէն անցածը դուրսէն ապացուցելով, որուն «գործ» կ՚ըսենք:

Գործերը՝ թէ՛ փիլիսոփայօրէն, թէ՛ աստուածաբանօրէն, թէ՛ քաղաքականապէս եւ թէ կրօնական տեսակէտով գաղափարով համաձայն եւ լծորդական են:

Փիլիսոփայօրէն, ինչպէս ըսինք. Աստուածային էականութենէն զատ, այն է՝ կայութիւնները երեւելիներու միջոցով կը զգացուին. ինչպէս համը չի՛ տեսնուիր, բայց բանի մը մէջ իսկ կայ, նոյնպէս վերացեալ կերպով տաքութիւն, պաղութիւն, եւ այլն: Նոյնիսկ Աստուած եւ Անոր անպարագրելի էութիւնը, իսկ Աստուածութիւնը եւ զօրութիւնը ամէն տեղ եւ անթիւ խոնարհ սիրտերու մէջ մեզի կ՚իմացուի, ինչպէս էին մարգարէները, առաքեալները, եւ այլն, որոնք մարմիններ ըլլալով, իրենց մէջ ունէին զԱստուած, որ մարդ չէր կրնար աչքով տեսնել, սակայն կրնար զգալ, թէ կայ:

Նոյնպէս աստուածաբանօրէն Աստուած սիրելը մարդուս մէջ կը մնայ, իսկ մեռած հաւատք է այնքան ատեն որ դուրսէն ալ ընկերդ չսիրես (Ա. Յհ 4.20):

Կրօնի կերպով ալ այդպէս տնօրինուած է. եթէ մարդ մը մեղանչէ ու միտքէն զղջայ, մեռած հաւատք եւ անընդունելի զղջում է ատիկա, մինչեւ որ չխոստովանի: Խոստովանութիւնը գործ եւ կենդանի հաւատք կ՚ըլլայ. «Ձեր մեղքերը իրարու խոստովանեցէք» (Յկ 5.16):

3. Տասներկու տարուան հիւանդ կին մը միտքէն կ՚ըսէր, թէ Քրիստոսի քղանցքին մօտենամ՝ կը փրկուիմ. Քրիստոս ալ անշուշտ այս կնոջ միտքը գիտցաւ, բայց մեռած հաւատք սեպեց. կինը երբ գործնականօրէն միտքինը երեւան հանեց ու խօսքով արտասանեց, Քրիստոս այն ատեն անոր հաւատքը կենդանի սեպեց, Իր բերանին մէջ կենդանացնելով, թէ՝ «հաւատքդ փրկեց քեզ»:

Քաղաքական օրէնքով դարձեալ բնութիւնը մեզի այսպէս կը սորվեցնէ: Մեր միտքէն կ՚անցնի, որ մարդ մը պատուենք, այդ պատիւը բայց դեռ մեռած է մեր մէջ. կենդանացնելու համար գործերու կը կարօտի. Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներն ու արարողութիւնները գործեր են, նոյնպէս տուրքը, ողորմութիւնը եւ ընկերոջ նկատմամբ սէրը:

4. Հաւատք մը մոլար կամ նախապաշարեալ է, երբ ազատամիտ գաղափար մը չունի, ինչպէս էին Արիոս, Մակեդոն եւ միւս ուրացողները, որոնք Սուրբ Գիրքէն իրենց տրուածէն աւելին ճառելու նպատակով մոլորեցան հաւատքի մէջ, հաւատքը ձեռքէ կորսնցուցին՝ հաւատքը փնռած տեղերնին: Նոյնպէս կը նախապաշարուին շատերը հոգիանալ ձեւանալով, կամ թէ հոգեւոր երկրպագութիւնը միայն միտքէ կ՚ըլլայ կարծելով՝ կը վախնան, թէ չըլլայ որ զԱստուած բարկացնեն խաչ ու պատկեր եղած տեղը աղօթելով, որ նախապաշարում մըն է, մէկ խօսքով կեղծ ու անօգուտ է առանց գործի հաւատքը, որովհետեւ հաւատք ու գործեր առնչական են. ինչպէս կայ արարած, կա՛յ նաեւ Արարիչ, կայ որդի, կայ հայր ալ, կայ ծառայ, կայ տէր ալ. միտքէդ չես գաղափարեր ու կ՚երկրպագես. հիմք չունեցող տան նման է, միտքէդ կ՚անցնի, բայց արտաքնապէս չես գործեր. հաւատքով մեռած ես, քանի որ Աստուած մարդկութեան հետ այսպէս վարուած է. մէկ թեւով թռչուն մը չի՛ թռչիր:

Ճշմարիտ հաւատքի մասին խելահաս չըլլալով, բազմաթիւ մարդիկ սոսկ մարմին հանդիսացան նախապաշարուելով, ոմանք ալ մարմինի մէջ անմարմին հոգի մը ըլլալ մտաբերեցին: Սակայն, այս երկու նախապաշարումներէն ալ հաւատքի թերութիւն եւ զանազան բաժանումներ տեղ գտան քրիստոնեաներուն մէջ:

Իսկ այսպիսի շփոթութիւնները Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի չմտնելով, պարզապէս կը հաւատայ համաձայն «Նիկիոյ Հանգանակին», որ պարունակած է Ամենասուրբ Երրորդութեան խորհուրդն ու Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ, նաեւ մեռելներու յարութեան եւ վերջին դատաստանի անկեղծ վարդապետութիւնները:

«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»

Կ. Պոլիս, 1885

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 2

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունուար 13, 2026