ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՊՈԼԻՍ ՄԵԶ ՀԱՍՑՈՒՑԱԾ ԷՐ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԵՒ ԱՐԴԻ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը

Ոչ-սովորական զգացում է յայտնուիլ քաղաքի մը մէջ, ուր Ասիան ու Եւրոպան կը նկարագրուին պարզ բառով մը՝ ափ։ Երեւան-Իսթանպուլ թռիչքը մեզ վայր իջեցուց Ասիական ափին ու քաղաքը, որ մեզի օտար լեզուով կ՚արթննար, առաւօտեան յարահոսի մէջ Վոսփորով մեզ դուրս հանեց իր միւս ափը, որուն Եւրոպական կ՚ըսեն։ Այդպէս, Երեւան-Իսթանպուլ սովորական օդանաւով մենք հասանք ոչ աւելի, ոչ պակաս Կոստանդնուպոլիս։ 2025 թուականի հոկտեմբերի 10-ն էր։ 

Եթէ հայկական մշակոյթէն անտեղեակ մարդ մը կարդայ այս պարբերութիւնը, կը կարծէ, թէ գիտաֆանթաստիք բեմագրութեան յաջող կամ անյաջող նախաբան է։ Իսկ ծանօթը անպայման կը կռահէ՝ Կ.Պոլսոյ պատրիարքութի՞ւն կ՚երթայիք։ Առաւել տեղեակները կը ճշդեն՝ հանդիպեցա՞ք ԺԱՄԱՆԱԿ-ի Արա Գօչունեանին։ 

Պոլսոյ մէջ հայոց ներկայութեան երկու խորան կայ՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը։ Առաջինը կէսհազարամեակէ աւելի կեանքի ունի, երկրորդը համեմատաբար նորաստեղծ է՝ դարէ մը աւելի կ՚ապրի։ 20-րդ դարու ջարդարար թափ անիւի տակ փզկտուած արեւմտահայ մշակոյթի հսկայական արեալը նեղացած ու մնացած է այս երկու հաստատութիւններու պահպանութեան տակ եւ, բարեբախտաբար, ոչ որպէս թանգարանային նմոյշ, այլ, թերեւս ապրող եւ կեանքի համար կռիւ տուող մշակոյթ։ 

Պոլսոյ հայոց 85-րդ (կամ 86-րդ) պատրիարք Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանի գահակալութեան հինգերորդ տարեդարձն էր։ Աթոռանիստ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանէն կ՚ընթերցուէր Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը՝ ուղղուած Պոլիս։ Անոր մէջ առանձնայատուկ կը շեշտուէր սրբազանին նուիրումը խօսքին ու դպրութեան։ Հոգեւոր ճանաչումը մարդոց հետ անմիջականօրէն բաժնելու շնորհը Սահակ Պատրիարքի հանդէպ անտարբեր չի թողուր զինք լսող ոեւէ մարդ։ 

Այդ օրը Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետներու տօնն է։ Արարողութիւններով յագեցած էր օրը, Սահակ Պատրիարքի մէկ խօսքը առաւել տպաւորեց. «… որպէսզի հասկնանք այս օրուայ իմաստը, պէտք է անցեալ երթանք։ Պէտք է հասկնանք, ի՛նչ տեղի ունեցած էր հինգերորդ դարուն, որպէսզի իմաստաւորենք, թէ մենք այսօր ինչ կը տօնենք»։ Դատարկ տեղը չես կրնար ո՛չ ուրախանալ, ո՛չ ալ նոյնիսկ տխրիլ։ 

Իմաստներու քննութեան օր էր կարծես հոկտեմբերի 11-ը Կոստանդնուպոլիս-Իսթանպուլ-Պոլսոյ մէջ։ Երեկոյեան «Ինքնութեան արահետ» փաստավաւերագրական ֆիլմի շնորհանդէսն էր։ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ամբողջ պատմական շղթան՝ հիմնադրումէն մինչեւ մեր օրերը, կանոնաւոր հաւաքուած էր մէկ պատումի մէջ։ Ֆիլմի հեղինակը՝ գրող, վաւերագրող Տիգրան Պասկեւիչեան մեզի հետ զրոյցի մէջ առանձնացուց Պոլսոյ հայոց 49-րդ պատրիարք Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցին (1715-1741)՝ որպէս օրինակ մեր տագնապալի օրերուն. «Եթէ կայ անհատ, որ կը բերէ գաղափար, սա կը դառնայ գործ եւ կը շրջէ թուացեալ անելանելի իրավիճակը»։

Սպասումով կը վերադառնանք Երեւան։

ԱՆՆԱ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

(Արեւմտահայերէնի փոխադրուած)

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2025