ՏԱԳՆԱՊԻ ԸՆԹԱՑԱԿԱՐԳԸ

Միջազգային թատերաբեմին վրայ բաւական բարդ եւ յաճախ արիւնով շաղախուած զարգացումները ո՛չ մէկ անգամ կարողացած են վերլուծաբաններու ուշադրութիւնը հեռացնել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, որ մեր ժամանակներուն աշխարհի գերագոյն ուժը կամ գերտէրութիւնը կը հանդիսանայ։ Ան ունի ահագին մեծ ներուժ ու տնտեսական հսկայ կարողութիւն, բայց եւ այնպէս, կ՚ապրի մեծ հարցադրումներու եւ մտահոգութիւններու ենթաշրջան մը։

Վերջին ամիսներուն եւ ի մասնաւորի՝ Տանըլտ Թրամփի Սպիտակ տուն վերադառնալէն ի վեր ԱՄՆ-ի մէջ դարձեալ երեւան եկաւ ներքին միասնութեան հիմնահարցը եւ այս առումով ալ տեսանելի դարձաւ, որ բոլոր նահագները չեն գործեր եւ չեն մտածեր կամ չեն առաջնորդուիր Թրամփի վարչախումբի սկզբունքներով կամ քաղաքական վարկածներով։ 

«Make America great again» յայտարարեց նախագահ Թրամփ ու այդ առումով ալ հրապարակ նետեց նոր գործելաոճ մը, որ իրականութեան մէջ կը միտի արտաքին ազդեցութիւնները նուազագոյնի հասցնելու։ Այդ բոլորը, անշուշտ, մղում կը ստանային հիմնական եւ խորքային խնդրէ մը, որմէ կը տառապէր եւ դեռ ալ կը տառապի ԱՄՆ։ Տնտեսականն է, ի հարկէ, այդ հիմնահարցը, բայց եւ այնպէս, տեղ մը զարմանալիօրէն՝ Թրամփ փոխանակ դրական քայլեր առնելու՝ աւելիով ծանրացուց միջին վիճակագրութեան ամերիկացիի ամէնօրեայ կեանքի՝ ապրուստի խնդիրները։

Վերլուծաբաններ, որոնք կերպով մը կը փորձէին արդարացնել ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի եւ անոր վարչախումբին քայլերը, որոնք կը միտէին ամէն գնով ոտքի եւ կանգուն պահել Ուքրայնան եւ ատոր դիմաց ընկճել Ռուսաստանը, այսօր բաւարար եւ բաւական լուրջ պատճառներ ունին վերատեսութեան ենթարկելու համար իրենց տեսակէտները։ Արդարեւ, Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը բաւական ծանր բեռ մը դարձաւ ԱՄՆ-ի եւ յատկապէս՝ անոր միջին վիճակագրութեան հասարակութեան ուսերուն։ Եւ այս առումով ալ երեւելի է, որ այդ ներքին տագնապը տակաւին սկիզբին է՝ արտաքին բազում երեսակներով։

Այս առումով եւ, անշուշտ, տագնապի այս ընթացակարգին վրայ կու գան աւելնալ քանի մը այլ կարեւոր հանգամանքներ, ինչ որ անխուսափելի կը դարձնեն ԱՄՆ-Չինաստան հիմնախնդրին մասին խօսիլը։ Սա մեծ հաշուով պիտի դառնայ ԱՄՆ-ի մեծ օրակարգի ամենակարեւոր խնդիրներէն մին՝ չըսելու համար ամենաբարդը։ 

Ի դէպ, միջազգային թատերաբեմի գործընթացներուն եւ յատկապէս ամերիկեան հասարական ներքին, ընկերային ու տնտեսական հարցերուն մասին ուշագրաւ տեսակէտներ ունի միլիառատէր Ռէյ Տալիօ։ Այսպէս, ամերիկացի միլիառատէրը մասնագէտ կը համարուի ճգնաժամային կանխատեսումներու նիւթերով։ Հետեւաբար, կ՚արժէ մանրազննին կերպով աչքէ անցընել իր մօտեցումները։

Չինաստանի մէջ չորս անգամ աւելի շատ մարդ կ՚ապրի, քան ԱՄՆ-ը։ Եթէ ​​Չինաստանի պարագային մէկ շունչին բաժին եկամուտը ԱՄՆ-ի եկամուտի կէսն է, ուրեմն, Չինաստանի համախառն ներքին արդիւնքը (ՀՆԱ) ԱՄՆ-ի կրկնապատիկն է», կ՚ըսէ ան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2025