ԷՍԱՏԻ ԱՆԿՈՒՄԷՆ ՏԱՐԻ ՄԸ ԱՆՑ ՍՈՒՐԻԱՆ ԵՒ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Յետէսատեան Սուրիան կը դիմագրաւէ մեծ պայքար մը՝ ծանր ժառանգութեան եւ վերականգնումի յոյսերու միջեւ։ Պեշար Էսատի վարչակազմի անկումէն տարի մը անց ի՞նչ պատկեր կը պարզէ Սուրիան։ Տարի մը առաջ, գրեթէ այս օրերուն անկեալ նախագահ Պեշար Էսատ խոյս տուաւ երկրէն՝ ճամբայ բանալով ամբողջական իշխանափոխութեան, որուն համար մեծ պայքար մղած էին երկրի՝ ի մասնաւորի սիւննի համայնքի ամենատարբեր ուժերը եւ խմբաւորումները։ Այդ ուժերու շարքերէն յառաջատար եւ «ընդունելի» իսլամի կերպարով հանդէս եկած Ահմէտ Շարա դարձաւ նախագահ։ Բաւական բարդ, արիւնալի եւ մեծ իրադարձութիւններով զեղուն շրջան մը դարձաւ Սուրիոյ ներքին կեանքը, որ մինչեւ օրս հեռու կը մնայ ամբողջական փարատումէ։

Սուրիոյ վէրքը կը շարունակէ մնալ չբուժուած եւ այսօրուայ անցման կառավարութեան ու յատկապէս՝ Ահմէտ Շա-րայի առջեւ կան բազմապիսի մարտահրաւէրներ։ Նշենք անոնցմէ մի քանին.

• Սուրիոյ զանազան եւ յատկապէս՝ տիւրզի, ալեւի եւ քիւրտ բաղկացուցիչներուն հետ ամբողջական համաձայնութիւն մը կերտելու օրակարգը,

• Իսրայէլ-Սուրիա սահմանին խնդիրներու փարատում եւ փոխադարձ համաձայնութիւն մը (առանց ամբողջական խաղաղութեան պայմանագրի) մէջտեղ բերելու հարցը,

• Լիբանանի հետ յարաբերութեանց կարգաւորում (սահմանագծում, բանտարկեալներու փոխանակում, քաղաքական փոխհասկացողութիւն),

• Ծայրայեղ կրօնամոլներու հիմնահարցը, որ Շարայի ու անոր իշխանութեան առջեւ դարձած է՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ թելադրուած լրջագոյն օրակարգ մը,

• Ներքին կարգաւորում (համակեցութիւն եւ փոխընկալում համայնքներու միջեւ),

• Բանակի հզօրացում,

• Երկրի վերակառուցման օրակարգը,

• Տնտեսութեան վերականգում։

ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՅՍՕՐԸ…

Սուրիա այսօր կը դիմագրաւէ նոր իրականութիւն մը, որուն մէջ փլուզման ժառանգութիւնը եւ իշխանական ձեւափոխման անորոշութիւնը կը խաչուին։ Թէեւ բռնապետական կառոյցը վերջ գտած է, սակայն, երկրի բնակիչները տակաւին կ՚ապրին անարգանքի, քանդումի եւ անկայունութեան իրականութեան մը մէջ։ Շարա, նախկին բարձրագոյն պաշտօնեայ մը, որ անկումի ժամերուն հեռացաւ Էսատի ազդեցութենէն, այսօր կը գլխաւորէ անցումային իշխանութիւնը։ Ան կը շրջի երկրէ երկիր, կը դիտարկէ պատերազմի աւերները եւ ժառանգած է ճակատագրական ծանրութեան տակ կքած երկիր մը։ Ի տարբերութիւն Էսատ ընտանիքի սակաւապետական բռնատիրութեան՝ Շարայի իշխանութիւնը կը ներկայանայ աւելի բաց ու շփումի պատրաստ մօտեցումով, սակայն, այս իշխանութեան քաղաքական հիմքերը տակաւին փխրուն են։ Միւս կողմէ, գետնի վրայ երկիրը կը շարունակէ մնալ մասնակիօրէն քանդուած, իսկ կարգ մը քաղաքներու մէջ կայ՝ փուլ եկած բնակարաններու կրկնուող պատկեր մը։ Հրկիզուած խանութներով փողոցներու մէջ մարդիկ կը փորձեն՝ հազիւ երեւցող յոյսի մը վրայ ստեղծել նոր կեանք մը։ Թէեւ վարչակարգը փոխուած է, սակայն աւերումը՝ ոչ։ Մարդիկ կը շարունակեն ապրիլ պատերազմի աղէտին մէջ՝ առանց հաւատքի, թէ մօտաւոր ապագային մեծ վերականգնում մըն պիտի գայ։ Յստակ է նաեւ, որ Էսատի անկումէն ետք ուժային դատարկութիւնը արագօրէն լեցուեցաւ շարք մը զինեալ խմբաւորումներու կողմէ եւ հարցին լուծումը կը շարունակէ հանդիսանալ իշխանութեան ամենակարեւոր օրակարգերէն մին։

Միւս կողմէ, կայ ծանր կացութիւն մը՝ տնտեսութեան եւ ընկեային-հասարակական ճգնաժամ։ Այդ առումով ալ Սուրիա ներկայիս մատնուած է տնտեսական խաւարի։

Աշխատատեղերու բացակայութիւնը, ռազմավարական շինարարութիւններու փլուզումը, արտագաղթի շարունակական ալիքները եւ արժոյթի անկումը երկիրը հասցուցած են կենսամակարդակի խոր ճգնաժամի։ Այս բոլորին վրայ պէտք է աւելցնել պատերազմ վերապրած հասարակութեան հոգեբանական անցման հսկայ բեռը։ Ի վերջոյ այդ երկիրը այսօր աւելի ազա՞տ է, թէ միայն աւելի յոգնած… Թէեւ շատեր կը նշեն, որ Էսատի բռնատիրութեան մթնոլորտը վերջ գտած է, սակայն, ժողովուրդը տակաւին չի զգար՝ աւելի ապահով ու արժանապատիւ կեանք մը։ Միշտ չէ, որ ազատութիւնը կը հաւասարի բարեկեցութեան։ Երբ իշխանական դրութիւնները անորոշ են, իսկ երկիրը՝ աւերակ, ապա ազատութիւնը կը դառնայ անպաշտպան ու փխրուն, եթէ ոչ պայմանական։

Այս դիտարկումներու լոյսին տակ կը բիւրեղանան Սուրիոյ նոր իշխանութեան հիմնական մարտահրաւէրները։ Քաղաքական-քաղաքացիական ոլորտի վերակառուցում՝ առանց վերադառնալու նախկին բռնատիրութեան մօտեցումներուն։ Տնտեսական վերականգնում՝ դուրս գալով միջազգային մեկուսացումներէ եւ ներքին քայքայումէ։ Անվտանգութեան կայունացում՝ բազմազան զինեալ խումբերու եւ շրջանային հակամարտութիւններու աշխարհագրութեան մէջ։

Էսատի անկումը շրջադարձային էր, բայց, ո՛չ վերջնական լուծում։ Սուրիա կը թեւակոխէ ժամանակաշրջան մը, ուր յաղթանակի յստակութիւն չկայ, խաղաղութեան երաշխիք չկայ, բայց, կայ մէկ մեծ ուժ՝ ժողովուրդին յոգնած, սակայն, տոկուն կամքը։ Երկիրը հիմա կանգնած է ճակատագրական երկընտրանքի մը առջեւ՝ վերածուիլ նոր ու արդիական հանրապետութեան մը կամ կրկին հիւանդանալ այն գինով, զոր արդէն վճարած է։

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Շարային դիմաց առկայ ծանր օրակարգի մեծ խնդիրներով պայմանաւորուած համայնապատկերին վրայ, անշուշտ, սուրիահայութեան գոյութեան, համայնքի գոյատեւման ու բարգաւաճման հարցերն ալ առանձնապէս կարեւոր են։

Այս առումով, անշուշտ, աւելի քան դատապարտելի է, որ հակառակ համայնքին նկատմամբ նոր իշխանութիւններու դրական մօտեցումներուն՝ Սուրիայէն դուրս ապրող որոշ հայեր կը շարունակեն մեղադրանքի եւ սուր քննադատութեան թիրախ դարձնել Շարան ու վարչախումբը։ Այդ քննադատութիւնը մարմին կը ստանայ այն պատրանքներէն ու վարկածներէն, ըստ որոնց՝ եթէ Էսատ կամ անոր աջակիցները չըլլան իշխանութեան գլուխ, ապա Սուրիա պիտի չկարողանայ ոտքի կանգնիլ։ Այս պնդման կը յաջորդէ այն գաղափարը, թէ այդ երկիրը արդէն վերջացած է, պիտի շարունակէ գալարուիլ ու տառապիլ արեան յորձանուտներու մէջ։ Այս եւ նման մօտեցումներու տէր մարդիկ, որոնք հազարաւոր մղոններ հեռու են Սուրիայէն ու այդ հեռաւորութենէն «կը զննեն» հարցերը, որոնք թերի եւ անարդար դիտարկումներ ունին։

Այո՛, ոչ ոք կրնայ հակառակը պնդել, թէ այսօրուայ Սուրիան ունի բազմաբնոյթ եւ բազմապիսի խնդիրներ, բայց, սա չի նշանակեր, որ երկրի տապանագիրը կնքուած ու վերջացած է։ Երկար ժամանակի կը կարօտի Սուրիան, սակայն, շնորհիւ իր դիրքին, ժողովրդագրական աճող համապատկերին ու սուրիացիներու իրենց հողին նկատմամբ ունեցած սիրոյն ու հաւատարմութեան, այդ երկիրը դարձեալ ոտքի կրնայ ելլել։ 

Պատմութեան ընթացքին մեծ եւ յաճախ բեկումնային իրադարձութիւններու թատերաբեմը դարձած է Սուրիան, Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով բանալի դիրք մը ունի ու շնորհիւ այդ աշխարահագրական դիրքին, տնտեսական ու քաղաքակրթական խաչմերուկ մը ըլլալու հանգամանքին՝ անկարելի է յուսակտուր հայեացքով նայիլ անոր ապագային։

Հակառակ վերջին տարիներու ամէն տեսակի տառապանքներու եւ ցաւերու՝ հայեր շարունակեցին ու դեռ ալ կը շարունակեն իրենց կեանքը այդ երկրին մէջ։ Սա ամէնօրեայ մաքառումի եւ դժուարութիւններու դիմանալու կամքի մասին կը խօսի։ Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Քեսապի, Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Թարթուսի մէջ ցարդ դիմացած բուռ մը հայութիւնը ի վերջոյ, ունի ընդունակութիւնը փրկուելու «վաչկատուն ցեղ» անուանարկումէն։

«Վաչկատուն ցեղ» կը կոչուի այն հաւաքականութիւնը, որ յարափոփոխ է, անկայուն է, երազ ու տեսլական չունի եւ դժուարութիւններուն առջեւ նահանջող է։ Եւ ի պատիւ այդ կտոր մը հայութեան՝ ազգի ճակատէն կը հանուի այդ ամօթալի խարանը։

Սուրիահայութեան գոյութիւնը ինքնանպատակ չի կրնար ըլլալ եւ ան մաս պէտք է կազմէ համահայկական մեծ օրակարգին, որովհետեւ այդ երկիրը միշտ ալ դրական մօտեցում, հայեացք եւ հիւրընկալում ցոյց տուած է հայոց նկատմամբ։ Ի վերջոյ, Սուրիոյ ամբողջական վերայառնումը օգտակար է նաեւ Հայաստանի համար՝ որպէս բարեկամ ու բարեացակամ երկիր։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2025