ՀՈԳԵՒՈՐ ԿՈՉՈՒՄ ԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ (Խոսրով եպսկ. Էմիրզէեանի դէպքը իբրեւ պատմագիտական դիտարկում)

Տուչութեան արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ 17 յունիս 1965-ին, հինգշաբթի, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Շնորհք Արք. Գալուստեան պատրիարքի։ Օրուան պատարագը կը մատուցէ Տ. Շահան Ծայրագոյն Վարդապետ Սվաճեան։ Այս առթիւ խօսած քարոզին մէջ պատրիարքը կ՚ըսէ, թէ «ուրախութեամբ կ՚ընդուն[ի] ու կը գնահատէ Խոսրով վարդապետի հեզահամբոյր բնաւորութիւնը, պարկեշտութիւնը եւ կրօնականի վայել ընթացքը»։ Ձեռնադրեալի խարտաւիլակն էր Տ. Յարութիւն Քհնյ. Հալաճեան25։

Ճիշդ տարի մը վերջ, 13 յունիս 1966-ին, Պոլսոյ պատրիարքութեան Կրօնական ժողովը Շնորհք պատրիարքի առաջարկով կ՚որոշէ Տ. Խոսրով Ծայրագոյն Վարդապետ Էմիրզէեանի ու Տ. Շահան Ծայրագոյն Վարդապետ Սվաճեանի տալ եպիսկոպոսացման ընծայագիր՝ պայմանով որ անոնք հրաժարին իրենց միաբանութիւններէն (Շահան ծայրագոյն վարդապետ անդամ էր Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց միաբանութեան) եւ դառնան անդամ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբանութեան ու պաշտօնավարեն ընդ իշխանութեամբ Պոլսոյ պատրիարքութեան։

Խոսրով Ծայրագոյն Վարդապետ Էմիրզէեան այս պարագան Պոլսէն Անթիլիաս ուղղեալ 4 օգոստոս 1966 թուակիր նամակով մը կը հաղորդէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա կաթողիկոսին՝ այս նիւթի շուրջ խնդրելով ստանալ անոր կարծիքը։

Խորէն կաթողիկոս 24 օգոստոս 1966 թուակիրով դրական իր պատասխանն ու օրհնութիւնը կը փոխանցէ Խոսրով ծայրագոյն վարդապետին, որպէսզի ան Ս. Էջմիածնի մէջ եպիսկոպոսանալով կարենայ «ծառայել Աստուծոյ եւ ծառայել ժողովուրդին», որովհետեւ «այս եղած է մեր Ս. Աթոռին նշանաբանը անցեալին մէջ, եւ այս է ներկայիս եւ այս պիտի ըլլայ ապագային»26։

Խորէն կաթողիկոսի նամակին մէջ ի մէջ այլոց կը կարդանք.

«Մենք որեւէ անպատեհութիւն չենք տեսներ որ երթաք Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին եւ անդ եպիսկոպոսանալով վերադառնաք եւ ծառայէք Իսթանպուլի մեր բարեպաշտ եւ եկեղեցանուէր հայ ժողովուրդին, քանի որ Ս. Աթոռիս արտօնութեամբ մեկնած էիք Պոլիս նոյն այս առաքելութեամբ, եւ Ձեր եպիսկոպոսացումը, բարւոք ծառայութեամբ նուաճուած նոր հանգրուան մը պիտի ըլլայ Ձեր կեանքին մէջ»։

Խորէն կաթողիկոս մէկ կողմէ ցաւ կը յայտնէ Խոսրով ծայրագոյն վարդապետի նման պարկեշտ ու գործունեայ հոգեւորականի մը Կիլիկիոյ Աթոռէն բաժանումին առթիւ, սակայն միւս կողմէ կը մխիթարուի՝ Ս. Էջմիածնի հովանիին տակ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ անոր բերելիք ծառայութեան բաժինով27։

Հակառակ 1956 թուականէն վերջ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ ստեղծուած ցրտութեան, որ մերթ ընդ մերթ աւելի կը սաստկանար, Խոսրով ծայրագոյն վարդապետի պարագային հեզասահ ու առանց որեւէ խոչընդոտի կարգադրուիլը, անշուշտ, մեծ բարեբախտութիւն կարելի է համարել։ Երկու աթոռներու գահակալներու բարի կամքին միայն վերագրելի է այս հանգամանքը, այլապէս միաբանութիւններու միջեւ կատարուած փոխանցումը կարելի էր որպէս առիթ օգտագործել նոր վէճեր հրահրելու համար։

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՈՒԹԻՒՆ

Եկեղեցական ծառայութեան ուղին շուտով պիտի հասնէր իր ամենաբարձր կէտին։ Տարիներու ուսումն ու հնազանդութիւնը, նուիրումն ու զոհողութիւնը պիտի պսակուէին եպիսկոպոսական օծումով։ Խոսրով վարդապետը, որու կեանքը մինչ այդ լի էր ուսումնական, գրական եւ հովուական ծառայութեամբ, այժմ կը բարձրանար նոր աստիճանի՝ ստանալով այն փառքն ու պատասխանատուութիւնը, որ վերապահուած է քիչերու միայն։ Եւ սակայն, եթէ այս պահը կը թուէր վերջնագոյն նպատակ, իրականութեան մէջ նոր փորձութեան մը նախերգանքն էր։ Որովհետեւ որքան բարձր է մարդը իր կոչումով, այնքան աւելի նուրբ եւ ծանր կ՚ըլլայ իր պատասխանատուութիւնը։

Եւ այսպէս, տարի մը վերջ, 24 յունիս 1966-ին, Շնորհք պատրիարքի նախագահութեամբ գումարուած Կրօնական ժողովը Խոսրով ծայրագոյն վարդապետ Էմիրզէեանի կու տայ եպիսկոպոսութեան ընծայագիր։ Իսթանպուլահայութիւնը խանդավառութեան մէջ է, քանի որ Տ. Տաճատ Եպսկ. Պասմաճեանի 1927-ի ձեռնադրութենէ վերջ առաջին անգամ է որ եպիսկոպոսներ պիտի ձեռնադրուէին յատկապէս Պոլսոյ Աթոռի համար28։ Այնքան որ Գոց շուկայի ոսկերիչները անգամ հաւաքաբար գաղափար կը յղանան եպիսկոպոսական մատանիներ նուիրելու նորընծաներուն29։

Տ. Խոսրով եւ Տ. Շահան ծայրագոյն վարդապետները Հայտարփաշայի կայարանէն Սովետական Հայաստան կը մեկնին 26 հոկտեմբեր 1966-ին, չորեքշաբթի իրիկուն30։ Նախքան իրենց մեկնումը եկեղեցական ու աշխարհիկ արարողութիւն մը կը կազմակերպուի նախ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ, ապա յարակից համանուն դպրեվանքի մէջ՝ հանդիսապետութեամբ Շնորհք պատրիարքի, որ դէպի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին բարի ճանապարհ կը մաղթէ երիտասարդ հոգեւորականներուն, միաժամանակ ողջունելով դպրեվանքի նորանշանակ տեսուչ Մկրտիչ Մարկոսեանը, որու վաւերացումը նոր հասած էր Իսթանպուլի Կրթական տնօրէնութենէ։ Ներկաներն ու աշակերտները կը մէկտեղուին վարժարանի սրահը, ուր յանուն խնամակալութեան ելոյթ մը կ՚ունենայ տքթ. Հերմոն Արաքս, իսկ յանուն աշակերտութեան՝ Յարութիւն Կիւվէնեան։

Աւելի վերջ եպիսկոպոսցուներն ու ողջերթ մաղթելու փութացած հոգեւորականներն ու աշխարհականները կը խմբուին Հայտափաշայի կայարանը։ Յանուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ներկայ է փոխանորդ Տ. Յարութիւն Քհնյ. Հալաճեան։ Շոգեկառքը ժամը 20-ի մօտ կը հեռանայ Հայտարփաշայի կայարանէ, բայց «Նոր Մարմարա» օրաթերթի թղթակից Վարուժան Քէօսէեան հարցազրոյց կատարելու սիրոյն մինչեւ Փէնտիք կ՚ուղեկցի երիտասարդ հոգեւորակններուն։ «Սա պահուս երբ բաժնուեցանք մեր համայնքի պաշտօնական ներկայացուցիչներէն եւ մեր շատ սիրելի համակիրներէն, այնքան յուզուած ենք տեսնելով անոնց խոր սէրը եւ գուրգուրանքն ու վստահութիւնը մեր անձերուն հանդէպ, ինչպէս որ մեր եղբայրը՝ Շահան Հայր Սուրբը ըսաւ կը խնդրենք բոլորէն որպէսզի աղօթեն մեզի համար եւ Աստուած ըլլայ մեզ օգնական մեր ճանապարհի ընթացքին, մեր Ս. Էջմիածին ժամանման եւ արժանի ըլլանք այդ սուրբ պաշտօնին, որ է Հայ Եկեղեցւոյ ծառայել», կը յայտարարէ Խոսրով Ծայրագոյն Վարդապետ Էմիրզէեան31։

Հայր-սուրբերուն ուղեւորութիւնը դժուար կ՚անցնի։ Սեբաստիոյ մէջ վակոնին անիւը կը կոտրի եւ անոնք կը փոխադրուին ուրիշ վակոն մը, ուր բաւական անհանգիստ պայմաններ կը սպասէին իրենց։ Կարսի մէջ ալ պանդոկ չեն գտներ եւ ստիպուած բաւական ցուրտ ու աղտոտ սենեակի մը մէջ մինչեւ առտու կը նստին։ Էմիրզէեան ու Սվաճեան Հայաստան կը հասնին 29 հոկտեմբեր շաբաթ կէսօրին։ Զանոնք սահմանին վրայ կը դիմաւորէ Վեհափառ Հայրապետի ներկայացուցիչը։ Ապա պոլսեցի հոգեւորականները կ՚անցնին Լենինական (այժմ՝ Կիւմրի), ուր կ՚ընդունուին տեղւոյ առաջնորդ Տ. Մաշտոց Եպսկ. Թաճիրեանէ։ Նոյն գիշերն իսկ Վեհափառ Հայրապետի կողմէ ուղարկուած ինքնաշարժով կը մեկնին Մայր Աթոռ։ Վեհափառ Հայրապետը հիւրերը կ՚ընդունի կիրակի։ Ս. Պատարագէն ետք, կէսօրին, Վեհափառ Հայրապետը ի պատիւ Խոսրով եւ Շահան ծայրագոյն վարդապետներու կը սարքէ սիրոյ սեղան մը։ 

Անոնք Հայաստանի մէջ կ՚այցելեն Պետական ֆիլարմոնիայի համերգասրահը, ուր ներկայ կը գտնուին բնիկ պոլսեցի, հայրենադարձ անուանի խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանի երաժշտահանդէսին, որու ընթացքին կը հնչէ Մոցարթի «Ռէքուիէմ»ը։ Անոնք կը տեսնեն նաեւ Մատենադարանը՝ հիանալով հայ միջնադարեան արուեստի գոհար ձեռագիր մատեաններով։ Հայր-սուրբները կ՚այցելեն Ս. Հռիփսիմէի, Ս. Գայիանէի, Շողակաթի վանքերը եւ Զուարթնոց եկեղեցին։

Ծրագրուած էր, որ 6 նոյեմբեր 1966, կիրակի, Տ. Խոսրով Ծայրագոյն Վարդապետ Էմիրզէեան պատարագէ Երեւանի Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, սակայն հիւանդութեան պատճառով չի կրնար32։

12 նոյեմբեր 1966, երեկոյեան ժամերգութենէ ետք Սվաճեան ու Էմիրզէեան կը կատարեն իրենց եպիսկոպոսական ուխտը, Իջման Ս. Սեղանի առջեւ, ի վկայութեան Տ. Տ. Հայկազուն, Յուսիկ եւ Վահան եպիսկոպոսներու։

Յաջորդ օրը՝ 13 նոյեմբեր 1966-ին, Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսը Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի մէջ եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ ու կ՚օծէ Տ. Խոսրով Ծայրագոյն Վարդապետ Էմիրզէեանը, որու օծակիցն էր Տ. Շահան Ծայրագոյն Վարդապետ Սվաճեան։ Նոյն օրը, առաւօտեան, Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալը կը հեռագրէ Շնորհք պատրիարքին. «Ողորմութեամբ Աստուծոյ եւ շնորհօք Ս. Հոգւոյ միածնաէջ սուրբ տաճարի մէջ կիրակի 13 նոյեմբերին կը կատարենք եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը եւ օծումը Տ. Տ. Շահան եւ Խոսրով վարդապետներու Ձերդ Սրբազնութեան դիմումին համաձայն, թող անսասան մնայ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին եւ միշտ անշարժ Ձեր Պատրիարքական Աթոռը։ / Օրհնութեամբ Վազգէն Ա. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց»33։

Օրուան Ս. Պատարագը կը մատուցէ Վեհափառ Հայրապետը։ Կաթողիկոսին կ՚առընթերակայեն Տ. Յուսիկ եւ Տ. Վահան եպիսկոպոսները։ Նորընծաներու խարտաւիլակն է Մայր Աթոռի լուսարարապետ Տ. Հայկազուն Արքեպիսկոպոս։ Մինչ այդ, նոյեմբերի 7-ին Էմիրզէեան հրաժարելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութենէն, դիմում ներկայացուցած էր Վազգէն Ա. կաթողիկոսին՝ դառնալով Մայր Աթոռի միաբան։ Դիմումը ընդունուած էր կաթողիկոսի կողմէ։

Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց, ի պատիւ նորօծ եպիսկոպոսներու ճաշկերոյթ կը սարքուի վեհարանի մէջ, Վազգէն Ա. կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ։ Յաջորդող երկու օրերուն անոնք իրենց եպիսկոպոսական անդրանիկ պատարագները կը մատուցեն Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ։

Նորօծ եպիսկոպոսները Մայր Աթոռէն հրաժեշտ կ՚առնեն նոյեմբեր 18-ին ու Լենինականի վրայով, շոգեկառքով կը հասնին Պոլիս, նոյեմբեր 22-ին, երեքշաբթի։ Անոնք իրենց վերադարձի ճամբուն վրայ 5-6 ժամ կը մնան մայրաքաղաք Անգարա, ուր կ՚այցելեն անուանի լեզուաբան Յակոբ Մարթայեանի բնակարանը։ Էմիրզէեան ու Սվաճեան գիշերը կ՚առնեն Անգարայի ճեպընթացը եւ 22 նոյեմբերին, առտուն 10-ին կը հասնին Պոլիս, Հայտարփաշայի կայարանը։ «Ունեցանք դժուարին ճամբորդութիւն մը, որ կարելի է նկատել մեր եպիսկոպոսական ապաշխարման շրջանը, թէեւ եպիսկոպոսացման համար ապաշխարութեան պէտք չկայ, բայց այդ դժուարին պահերը մեզի պիտի յիշեցնէին եպիսկոպոսական պարտականութիւնները», կ՚ըսէ այս առթիւ Խոսրով սրբազան34։

Նորօծ եպիսկոպոսները ապա կ՚ուղղուին Գումգաբու, ուր տեղի կ՚ունենայ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Կանոնական աղօթքներէ ետք կ՚արտայայտուի Շահան սրբազան։ Նորապսակ եպիսկոպոսները կ՚առաջնորդուին պատրիարքարան, ուր դահլիճի մէջ իրենց կը սպասէր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Նորապսակ եպիսկոպոսները իրեն կը փոխանցեն երկու թիթեղ սրբալոյս միւռոն, զոր առաքած էր Վեհափառ Հայրապետը։ Սվաճեան եւ Էմիրզէեան ապա կ՚ընդունին համայնքայիններու շնորհաւորանքը35։

25 նոյեմբերին տեղի կ՚ունենայ Կրօնական ժողովի հերթական նիստը, որու ընթացքին Շահան եպիսկոպոս կը ներկայացնէ իրենց դէպի Ս. Էջմիածին ուղեւորութեան եւ եպիսկորոսական ձեռնադրութեան տեղեկագիրը։ Անդամ չըլլալով հանդերձ, ժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Խոսրով եպիսկոպոս։ Նկատելով, որ Սահակ Ծայրագոյն Վարդապետ Փափազեանի վախճանումով թափուր մնացած տեղ մը կար, Շնորհք պատրիարք Խոսրով եպիսկոպոսը կը հրաւիրէ Կրօնական ժողովի անդամակցութեան36։

Խոսրով եպիսկոպոս Պոլսոյ մէջ իր անդրանիկ Ս. Պատարագը կը մատուցէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Դպրեվանքի հաստատման 13-րդ տարեդարձին առթիւ, 27 նոյեմբեր 1963-ին։ Արարողութեանց կը նախագահէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ ի ժամ Ս. Պատարագի սարկաւագ կը ձեռնադրէ Դպրեվանքի սան տիրացու Եդուարդ Թովմասեանը, տիրացու Ալիքսան Տէր Ողորմեաճեանը (հետագային՝ Տ. Թադէոս քահանայ) եւ Վարուժան Խըրքաճեանը (հետագային՝ Տ. Բարթող քահանայ)37։

Հայ ոսկերիչներու խոստացած եպիսկոպոսական մատանիները Շահան եւ Խոսրով եպիսկոպոսներու կը յանձնուին պատրիարքարանի մէջ, 23 դեկտեմբեր 1966, ուրբաթ, ի ներկայութեան Շնորհք պատրիարքի։ Յանուն Գոց շուկայի ոսկերիչներուն, թանկարժէք մատանիները նորապսակ եպիսկոպոսներուն կը յանձնուի յանձնախումբի մը կողմէ, որու անդամներն էին Արտաշէս Սրկ. Նշանեան, Գրիգոր Գովան, Ստեփան Տողրամաճեան եւ Ստեփան Էրոլ38։

Խոսրով Եպսկ. Էմիրզէեան 22 յունուար 1967-ին, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կը կատարէ իր առաջին ձեռնադրութիւնը՝ չորս աստիճան եւ ուրար կրելու արտօնութիւն շնորհելով Վազգէն Մաշոյեանի ու Մարգար Ասլանեանի39։

15 հոկտեմբեր 1967-ին հրապարակուած պատրիարքական զեկոյցով մը իսթանպուլահայ հասարակութիւնը տեղեակ կը դառնար, որ Շնորհք պատրիարքի տնօրինութեամբ պատրիարքական փոխանորդ կարգուած է Տ. Խոսրով եպիսկոպոս՝ փոխարինելով չորս տարիէ ի վեր այդ պաշտօնին վրայ գտնուած Տ. Յարութիւն Քհնյ. Հալաճեանը40։ 

Խոսրով եպիսկոպոսը կարծես հասած էր իր կոչումի գագաթնակէտին։ Պատիւներ, պաշտօններ, հաւատացեալ ժողովուրդին եւ առհասարակ համայնքին ցուցաբերած խորին համակրանքն ու ակնածանքը՝ ամէն ինչ կը վկայէր երկար տարիներ տեւելիք նուիրումի եւ տքնաջան ծառայութեան մը մասին։ Սակայն այդ արտաքին խաղաղութեան եւ հաստատութեան ետին անտեսանելի ներհակութիւն մը կը շարժէր։ Մարդու հոգին երբեմն լուռ կը տկարանայ այն աւանդական կառոյցներուն մէջ, որոնց ծառայութեամբ ինքն է ապրած։ Եւ ահա այն պահուն, երբ կը թուէր, թէ կեանքը ամբողջութեամբ կայացած է, ճակատագիրը իր համար այլ ուղի մը կը գծէր՝ անկանխատեսելի, հաւանաբար նաեւ անբացատրելի։ Այսպէս կը սկսի Խոսրով եպիսկոպոսի կենսագրութեան եւ իսթանպուլահայ ազգային-եկեղեցական արդի պատմութեան ամենախորունկ եւ ողբերգական մէկ շրջանը բնորոշող գայթակղութիւնը։

ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆԿՈՒՄ

Եկեղեցական աստիճաններու մէջ կայ խորհրդաւոր հաւասարակշռութիւն մը՝ որքան բարձրանաս, այնքան վտանգաւոր կը դառնայ սայթաքիլը։ Խոսրով եպիսկոպոսը՝ երկար տարիներու ծառայութեամբ բարձրացած, Ս. Միւռոնի օծմամբ պաշտպանուած եւ բարձր պատիւներով շրջապատուած, յանկարծ կը գտնուի անծանօթ տեղ մը՝ սեփական ներքին տագնապին մէջ։ Բարձունքներէն կ՚իջնէ ո՛չ թէ արտաքին ուժով, այլ ներքին մղումով մը՝ մեղմ, աննկատ, բայց անդարձ։ Կեանքը, որ մինչ այդ դասաւորուած էր քանակի ճշգրիտ գծերով, կը շեղի եւ կը վերածուի անբացատրելի պտոյտի մը։ Մարդն է որ կը մնայ առանց փիլոնի, առանց պաշտօնի, բայց գուցէ աւելի մերկ ու իրական, քան երբեւէ։ Այս անկումը, որքան որ ցաւալի, ունի նաեւ իր մաքրագործող ուժը․ երբ սրբութիւնը կ՚ընկրկի, անոր տեղը կը մնայ մարդը՝ իր ամբողջ տկարութեամբ եւ լռութեամբ։

4 փետրուար 1968-ին, կիրակի, Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ եկեղեցական ու աշխարհիկ մեծահանդէս տօնակատարութեամբ բացումը կը կատարուի հանգստարանի բաժնի։ Հանդիսութեանց կը նախագահէ Շնորհք պատրիարքը, որու կողքին են եկեղեցական դասու զոյգ եպիսկոպոսները՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ Շահան եպսկ. Սվաճեան ու պատրիարքական փոխանորդ Խոսրով եպսկ. Էմիրզէեան, որ կը մատուցէ նաեւ օրուան Ս. Պատարագը41։ Յաջորդ օր՝ 5 փետրուարին, Խոսրով եպսկ. Էմիրզէեան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ կը գտնուի Պերճ սրկ. Ծաղիկեանի դէպի Երուսաղէմ, Ս. Յակոբեանց վանք ողջերթի արարողութեան42։

8 փետրուար 1968 թուակիր, հինգշաբթի օրուան «Մարմարա»ի մէջ կը հրատարակուի Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ դպրաց դասու եւ «Ասողիկ» երգչախումբի ծանուցումը, ըստ որու 11 փետրուար 1968-ին, կիրակի, մեծահանդէս տօնակատարութեամբ պիտի նշուէր դպրաց դասու 69-րդ եւ երգչախումբի 44-րդ կրկնակ տարեդարձները, որոնց պիտի հանդիսապետէր, պիտի պատարագէր ու պիտի քարոզէր պատրիարքական փոխանորդ Խոսրով եպսկ. Էմիրզէեան։

Սրբազան հայրը սակայն կը բացակայի կիրակնօրեայ պաշտամունքէն։ Իր փոխարէն կը պատարագէ ու կը քարոզէ Տ. Յարութիւն Քհնյ. Հալաճեան43։ Աւելի վերջ պարզ պիտի դառնար, որ Խոսրով սրբազան արդէն 9 փետրուար ուրբաթ օր ալ չէր գացած պատրիարքարան, պատրիարքական փոխանորդի իր պաշտօնի գլուխը44։

Այս բացակայութիւնը անսովոր էր. լուրը կը տարաձայնուի համայնքի մէջ՝ մտահոգութիւն պատճառելով բոլորին, մանաւանդ որ Սրբազան հայրը համակրելի ու սիրելի անուն մըն էր եւ կը նկատուէր խոստմնալից մէկ անդամը Հայց. եկեղեցւոյ։

Հանրային կարծիքը լուսաբանելու եւ Էմիրզէեանի՝ ամուսնալուծեալ կնոջ մը հետ յարաբերութիւն ունեցած ըլլալուն մասին շրջող բամբասանքներուն վերջ տալու համար Կրօնական ժողովը յաջորդ օրուան թերթին մէջ կը հրատարակէ զեկոյց մը, հետեւեալ բովանդակութեամբ.

«Կրօնական ժողովս խոր վիշտով եւ մեծ մտահոգութեամբ լսեց իր նախագահ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօրմէն, թէ չորս-հինգ օրերէ ի վեր մէջտեղ չէ Տ. Խոսրով Եպիսկ. Էմիրզէեան, եւ թէ՝ իր թափած ջանքերը, ինչպէս նաեւ անոր հարազատներու եւ մօտիկ մտերիմներու փնտռտուքները ապարդիւն անցած են իր հետքը գտնելու։

«Ժողովս, նախ քան իր վերջնական որոշման յանգիլը, պատշաճ նկատեց քանի մը օր եւս սպասել, ենթադրելով որ Խոսրով Սրբազան հոգեկան խռովքի մէկ պահուն, կամ ջղային զգացական վիճակի մը մէջ առած ըլլայ որոշում մը, որուն յոռի հետեւանքներուն կ՚անդրադառնայ՝ իր հոգեկան եւ մտքի անդորրորութիւնը գտնելէ յետոյ՝ եւ կը վերադառնայ իր բնական եւ հոգեւոր տունը»45։

Օրեր տեւած փնտռտուքէ ու մտահոգ սպասումէ ետք, 14 փետրուար 1968 չորեքշաբթի կէսօրին Խոսրով եպսկ. Էմիրզէեանը եւ հետը գտնուող կինը կարելի կ՚ըլլայ գտնել Չըրաղանի պանդոկի մէջ։ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Թագւոր Գամէր եւ Սրբազան հօր ամենամտերիմ բարեկամներէն Տիգրան Գէորգեան, որոնք առաջին իսկ օրէն ամէն ջանք ի գործ դրած էին զինքը գտնելու համար, երկարատեւ զրոյց մը կ՚ունենան անոր հետ՝ համոզելու համար, թէ սխալ ընթացքի մէջ է։

Սակայն Խոսրով սրբազան գիտակից է իր յանցանքին՝ դրժած ըլլալու կուսակրօնութեան ուխտը, հետեւաբար անկարելի է հոգեւոր կեանք վերադարձը։ Սրբազանը իր այս վերջնական որոշումը իր անյայտացման օրն իսկ, անցեալ ուրբաթ, երկտող նամակով մը արդէն հաղորդած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր՝ զայն ստորագրելով իր աւազանի անունով՝ Անդրանիկ Էմիրզէեան46։

Կարճ ժամանակ անց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր թելադրութեամբ պանդոկ կը փութայ Կրօնական ժողովի ատենապետ Շահան սրբազան, սակայն վերջինս տեղեակ կը պահեն, թէ Խոսրով եպսկ. Էմիրզէեան Անահիտ անուն այրի կնոջ մը ընկերակցութեամբ դուրս ելած է պանդոկէն։ (Ի դէպ, Անահիտ եղած էր կինը իսթանպուլահայ համայնքի յայտնի դէմքերէն, վաշխառու Ֆէրտինանտ Մանուկեանի)։ Յառաջացեալ ժամերուն յայտնի կը դառնայ որ անոնք «Հիլթըն» պանդոկի մէջ են։ Շահան սրբազան կ՚երթայ «Հիլթըն», ուր կարելի կ՚ըլլայ հանդիպիլ օծակից եղբօր։ Վերջինիս աներեր է. կ՚ըսէ, որ թողած է կարգը եւ այլեւս կը պատկանի աշխարհականներու դասուն։ Կէսգիշերին Շահան սրբազան հեռաձայնով անցուդարձին տեղեակ կը պահէ Շնորհք պատրիարքը, որ մինչեւ այդ ուշ ժամը կը սպասէր բարի լուրի մը47։

Այս իրադարձութիւններու յաջորդ օրն իսկ, 15 փետրուար, հինգշաբթի, Կրօնական ժողովը նիստ կը գումարէ պատրիարքարանի մէջ, նախագահութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Կրօնական ժողովի անդամներուն տեղեկութիւն կը տրուի Խոսրով սրբազանը իր բռնած սխալ ճամբայէն դարձնելու ուղղութեամբ հոգեւորական թէ աշխարհիկ հեղինակաւոր անհատներու կողմէ յումպէտս կատարուած ջանքերուն ու թախանձագին յորդորներու մասին։ Ուստի «Կրօնական ժողովս համոզում գոյացուցած ըլլալով որ նախկին եպիսկոպոսը կորսնցուցած է իր մտքին կրօնական ու բարոյական պայծառութիւնը եւ ինկած է կոյր բնազդական ուժերու ցանցին մէջ, ուրկէ միայն աստուածային հրաշք մը զինքը կրնայ փրկել, եւ սպառած նկատելով իր կողմէ ըլլալիք բոլոր կարելի ճիգերը եւ միջոցները զինք փրկելու համար, սրտի խոր ճմլումով կը տեղեկացնէ մեր հոգեւորական դասուն, պաշտօնական մարմիններուն եւ համայն հաւատացեալ ժողովուրդին, որ Խոսրով Եպիսկոպոս ուխտադրուժ եղած է իր եկեղեցիին եւ իր ասպարէզին, առնուազն հինգ անգամ անոր հաւատարիմ մնալու ուխտ ընելէն՝ եւ աշխարհիկ կեանքէ հրաժարման խոստում տալէն յետոյ»48։

Տալէ ետք այս բացատրութիւնը, Կրօնական ժողովը պաշտօնապէս կը յայտարարէ, թէ նախկին հոգեւորականը մերկացուած է եկեղեցական իր բոլոր իրաւունքներէն եւ շնորհքներէն։

Նկատի ունենալով, որ խնդրոյ առարկայ անձը եպիսկոպոս մըն է եւ բնական մէկ անդամը Մայր Աթոռի միաբանութեան, այս զարգացումները կը հաղորդուի նաեւ Վազգէն Ա. կաթողիկոսին՝ վերջնական տնօրինութեան համար49։

Մինչ այդ թրքական մամուլն ալ սկսած է հետաքրքրուիլ այս ցնցիչ իրադարձութեան հետ։ Թրքական թերթեր կը հաղորդեն, թէ հոգեւորականն ու Անահիտը երկուեւկէս տարուան յարաբերութիւն մը ունէին եւ հոգեւորականը իր կարգէն հեռացած է, քանի որ այս սիրային կապը սկսած էր յայտնի դառնալ այլեւս համայնքային շրջանակներուն։

Այդ ժամանակ յատկապէս Պոլիս կը ժամանէ Տ. Շնորհք Վրդ. Գասպարեան, որ խռովեալ այդ օրերուն իր շինիչ ու խրախուսիչ քարոզներով ամոքէր խռովեալ հոգիները50։

Խոսրով եպսկ. Էմիրզէեանի անուան շուրջ ստեղծուած այս աննախադէպ գայթակղութիւնը արձագանգ կը գտնէ նաեւ ժամանակի թրքական մամուլի մէջ, որ ճիշդն ու սուտը իրարու խառնած խորհրդաւոր ու վիպական պատմութիւն մը կը փորձէր մատուցել ընթերցողներուն։ «Հիւրրիյէթ» թերթը առաջին էջին վրայ կը հրատարակէ հայ եպիսկոպոսին լուսանկարը ու որպէս խորագիր կը գրէ, թէ 36-ամեայ Տոն-Ժուան պատրիարքական փոխանորդը եւ իրեն տարեկից այրիացեալ սիրուհին՝ Անահիտ Էրթաշքըրան, խոյս տուած են Չըրաղանի ու Հիլթընի պանդոկներէն եւ անհետացած։ «Հիւրրիյէթ» կարգաթող հոգեւորականին կը վերագրէր անցեալին պատահած սիրային այլ պատմութիւն մը եւս, Դպրեվանքի իր պաշտօնավարութեան օրերէն։ Իբր թէ ան սիրահարուած էր Դպրեվանքի դրացի Ամերիկեան աղջկանց քոլէճէ աշակերտուհիի մը, սակայն այդ պատմութեան վրան գոցուած էր իր կրօնական խոր հմտութիւններուն պատճառով ու ներում շնորհուած։ «Ճումհուրիյէթ» եւ «Պուկիւն» թերթերը նոյնպէս, թէեւ առանց գունաւորելու դէպքը «Հիւրրիյէթ»ի աստիճան, կը հաղորդէին լուրը իրենց ընթերցողներուն51։ «Աքշամ» թերթը Խոսրով եպսկ. Էմիրզէեանը կը ներկայացնէր որպէս մէկը որ գլուխ բարձրացուցած է կուսակրօնութեան ուխտին դէմ։ Իբր թէ ան եղբօրը հետեւեալը ըսած է. «Ես այս իրաւակարգին դէմ ելայ։ Կրօնքին կաղացող այս կողմը պէտք է սրբագրել։ Գէթ ինձմէ վերջ եկողները հանգիստ ընեն»52։

ԴՈԿՏ. ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

•շար.ը կարդալ՝ 16 յունուար 2026, ուրբաթ


25 «Ժամանակ», 18 յունիս 1965, ուրբ.։

26 «Հասկ», թիւ 9, սեպտ. 1966, էջ 365-367։

27 «Հասկ», թիւ 9, սեպտ. 1966, էջ 365-367։

28 «Նոր Մարմարա», 25 հոկտ. 1966։

29 «Նոր Մարմարա», 25 հոկտ. 1966։

30 Այս ուղեւորութեան համար Շնորհք պատրիարք Տ. Շահան եւ Տ. Խոսրով ծայրագոյն վարդապետներուն կը յատկացնէ 8000 լիրա։ Իրենց վերադարձէն ետք նորապսակ եպիսկոպոսները այս գումարը մաս-մաս վերադարձուցած են (տես «Նոր Մարմարա», 12 դեկտ. 1966)։

31 «Նոր Մարմարա», 27 հոկտ. 1966։

32 «Նամակ Ս. Էջմիածնէն», Շահան ծայրագոյն վարդապետ Սվաճեան, «Նոր Մարմարա», 16 նոյեմբեր 1966, «Նոր Մարմարա», 19 նոյեմբեր 1966, «Նոր ձեռնադրեալ եպիսկոպոսներու տեղեկագիրը», «Նոր Մարմարա», 2 դեկտ. 1966։

33 «Նոր Մարմարա», 14 նոյեմբեր 1966։

34 «Նոր Մարմարա», 22 նոյեմբեր 1966։

35 Տե՛ս «Էջմիածին», Ա-Բ, յունուար-փետրուար 1967, «Նոր Մարմարա», 23 նոյեմբեր 1966։

36 «Նոր Մարմարա», 26 նոյեմբեր 1966։

37 «Նոր Մարմարա», 28 նոյեմբեր 1966։

38 «Նոր Մարմարա», 24 դեկտեմբեր 1966։

39 «Նոր Մարմարա», 23 յունուար 1967։

40 «Նոր Մարմարա», 15 հոկտեմբեր 1967։

41 «Նոր Մարմարա», 5 փետր. 1968։

42 «Նոր Մարմարա», 6 փետր. 1968։

43 «Նոր Մարմարա», 12 փետր. 1968։

44 «Նոր Մարմարա», 13 փետր. 1968։

45 «Նոր Մարմարա», 13 փետր. 1968։

46 Ողջ համայնքին մեծ վրդովմունք պատճառած նիւթին մասին բոլորին յայտնի երգիծական ոճով կը գրէ նաեւ Լուցիքա Տուտու ծածկանունին տակ պահուըտած Յակոբ Այվազ՝ «Իշթէ ասա՜նկ Անդրանիկ էֆէնտի» խորագրով («Քուլիս», 1 մարտ 1968, էջ 27-30)։

47 «Նոր Մարմարա», 15 փետր. 1968։

48 «Նոր Մարմարա», 16 փետր. 1968։

49 Այլապէս անբախտ ու նոյնիսկ գայթակղեցուցիչ այս իրադարձութիւնը որոշ շրջանակներուն առիթ կու տայ յուզելու այդ շրջանին դեռ օրակարգի վրայ եղող անթիլիասական-էջմիածնական տխուր հակառակութիւնը։ «Պայքար» թերթի խմբագիր Յակոբ Սվասլեան մոռնալով հաւանաբար, թէ Խոսրով եպսկ. Էմիրզէեան անդամ է Մայր Աթոռի միաբանութեան, իր թերթին մէջ անոր մասին կը գրէ «Խոսրով անուն Անթիլիասական» մը («Պայքար», 23 փետր. 1968), իսկ սիւնակագիր Կարպիս Մուրատեան «Անթիլիասի պտուղ» կ՚անուանէ զայն («Պայքար», 7 մարտ 1968)։

50 «Նոր Մարմարա», 16 ապրիլ 1968։

51 «Ժամանակ», 17 փետր. 1968։

52 «Ժամանակ», 18 փետր. 1968։

Չորեքշաբթի, Յունուար 14, 2026