ԵԼՔ
Մենք անօթիներն ենք՝ մեր պարտէզներուն դիմաց:
Մենք շփոթածներն ենք՝ մեր զաւակներուն դիմաց:
Մենք խոնարհածներն ենք՝ մեր մամուլին դիմաց:
Մենք արտագաղթողներն ենք՝ նոյնիսկ մեր դեսպանատուներէն:
Մենք…, որ բացի օդանաւներէն ուրիշ տեղ կշիռք չունինք:
Մենք մարդկային գորգն ենք, որ փռուած է այս տարածաշրջանին մէջ՝ եկողներուն ու գացողներուն առջեւ…:
Ի՞նչ կ՚ընենք այդ արաբներուն մօտ Ծոցէն մինչեւ ովկիանոս:
Ժամացոյցները տուին մեզի՝ ու ժամանակը առին:
Կօշիկները տուին՝ եւ ճամբաները առին:
Խորհրդարանները տուին՝ եւ ազատութիւնը առին:
Անուշահոտն ու մատանիները տուին՝ եւ սէրը առին:
Օրօրոցները տուին՝ եւ տօները առին:
Արհեստական կաթը տուին՝ եւ մանկութիւնը առին:
Քիմիական պարարտանիւթը տուին՝ եւ գարունը առին:
Մզկիթներն ու եկեղեցիները տուին՝ եւ հաւատքը առին:
Պահակներն ու կղպանքները տուին՝ եւ ապահովութիւնը առին:
Յեղափոխականները տուին՝ եւ յեղափոխութիւնը առին:
Եկէք թափ տանք մեր բերանները անոնց ուտելիքներէն:
Մեր մորթերը՝ անոնց հագուստներէն:
Մեր ոտքերը՝ անոնց կօշիկներէն:
Մեր ձեռքերը՝ անոնց ժամացոյցներէն:
Մեր ականջները՝ անոնց լուրերէն:
Մեր աչքերը՝ անոնց տեսարաններէն:
Մեր կոկորդները՝ անոնց երգերէն, ինչպէս սպիտակ հաւալուսը թափ կու տայ իր փետուրները ծովու ջուրէն:
Թող վայելեն վարչակարգերը, իրենց հետախուզական մարմիններն ու խօսափողերը ամէն ինչ:
Թող իր ուզածին պէս պտտի ոկիանոսէն մինչեւ Ծոց:
Թող առանձինն բանաստեղծութիւն գրէ, երաժշտութիւն յօրինէ, բեմին վրայ դերասանութիւն ընէ եւ ռատիոներէն թող երգէ:
Թող առանձինն ուտէ բոլոր բերքերը եւ թող առանձինն խմէ բոլոր գետերը: Թող առանձինն հագուի բոլոր հագուստները եւ թող առանձինն հագուի բոլոր կօշիկները: Թող առանձինն ամուսնանայ բոլոր կիներուն հետ: Թող առանձինն հերթով կանգնի բոլոր լեռներուն վրայ: Թող առանձինն քալէ բոլոր ծովափներուն վրայ եւ թող առանձինն շնչէ ամբողջ օդը:
Թող թռչուններուն փոխարէն ծառերուն վրայ ճռուողէ եւ հասկերուն փոխարէն՝ թող օրօրուի հանդերուն մէջ: Թող մանուկներուն փոխարէն օրօրոցներուն նստի…: Եկէք ձգեցէք զայն աշխարհի անապատին մէջ մերկ՝ ինչպէս Սիկհ ցեղախումբերը եւ թող մէկ շարասիւնով քալենք՝ մէկս միւսին ետեւէն, ըստ ընդունուած կարգին ու սկզբունքներուն.
Բանաստեղծները՝ բանաստեղծներուն ետեւէն:
Թատրոնի դերասանները՝ թատրոնի դերասաններուն:
Վիպասանները՝ վիպասաններուն:
Ֆիլմարտադրութեան տնօրէնները (film director)՝ ֆիլմարտադրութեան տնօրէններուն:
Դերասանները՝ դերասաններուն:
Գծագրիչները՝ գծագրիչներուն:
Լրագրողները՝ լրագրողներուն:
Պատերազմէն խեղուածները՝ պատերազմէն խեղուածներուն:
Հետաքննութենէն խեղուածները՝ հետաքննութենէն խեղուածներէն:
Ձեր վէրքերը վայելուչ ու ձեր վիրակապերը մաքուր թող ըլլան: Ձեր արցունքները՝ ջինջ եւ կանոնաւոր կերպով դասաւորուած ձեր այտերուն վրայ՝ ինչպէս զինուարական համազգեստներուն կոճակները շքերթներու ընթացքին, որպէսզի մեր ժողովուրդին եւ երկրին մասին լաւ պատկեր մը ցոյց տաք ձեզ տեսնողներուն՝ Աստուծոյ ընդարձակ երկրին մէջ:
Սակայն…, կը պաղատիմ ձեզ…, զիս սկիզբը ձգեցէք: Ես ձեր բոլորին տարեցն եմ, ինչպէս նաեւ ձեր բոլորին մէջ ամենէն փորձառուն ու դիմացկունը. որովհետեւ Արաբական գագաթնաժողովին, կամ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան, կամ Մարդու իրաւունքներու յանձնախումին, կամ անասուններու իրաւունքներու յանձնախումբին մօտ լալով ու խեղճ վիճակով պիտի չերթանք, այլ՝ մենք ոտքով պիտի անցնինք լեռները, հովիտները, խիտ անտառները, ծովերն ու գետերը, մինչեւ հասնինք Անգլիոյ մէջ գտնուող նշանաւոր «Պալֆորի» գերեզմանը, եւ այնտեղ, մինչ մենք անոր չորս կողմը կը դառնանք, իմ ոտքս պիտի դնեմ անոր գերեզմանին եւ արցունքներէն խեղդուող ձայնով մը պիտի ըսեմ անոր.
-Մենք արաբական Հոլոքոսթի զոհերն ենք, ազգային նոր հայրենիք կ՚ուզենք, նոյնիսկ աղբանոցի վրայ ըլլայ ան:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ