ՀՈՎԻՏԸ

«Վատ համերգից աւելի շատ բան կը սովորէք», ըսած էր երաժշտութեան գրականութեան մեր դասատուն ուսանողական ոսկեղեջնիկ այդ տարիներուն։

Հալէպէն եկած «սփիւռքահայ» ուսանողի՝ ինծի համար այս տողը անհասկնալի էր անշուշտ։ Ըստ իս՝ «համերգ» կոչուածը աս կամ ատ միութեան կազմակերպած ձեռնարկն էր։ Նուագախումբ, երաժիշտներ, գործիքներ, լարային, փողայիններ, խմբավար, գաւազան, բնականաբար, չէին պատահած «հոնտեղի» կեանքիս մէջ։ 

Կատարելապէս կարգապահ, դասատուներուս տուած բոլոր խորհուրդներուն ականջալուր՝ այս առաջադրանքն ալ նկատի առի, բայց… ի՛նչ լաւ համերգ, ի՛նչ վատ համերգ։ Ինչպէ՞ս կարելի էր զանազանել լաւ համերգը վատէն։ Ինչպէ՞ս նախապէս կրնայի գիտնալ, որ աս համերգը վատ է, որպէսզի երթամ ճի՛շդ այդ մէկը լսեմ եւ «աւելի շատ բան սորվիմ» ատկէ… 

Այս հարցումներուն պատասխանը չունէի, բայց լուծում մը գտած էի. մեր երաժշտանոցին մէջ թէ՛ դուրս՝ անոր վերաբերող բոլոր համերգներուն, Երեւանի օփերայի, ֆիլհարմոնիայի, կամերային տան, տուն-թանգարաններու բոլոր համերգներուն անխտիր կ՚երթայի։ 

Ինչպէ՞ս… 

Այդ օրերու կամքիս զարմանալի զօրութեամբ, անկոտրում թափով ու անշեղ հետեւողականութեամբս հիացած՝ այսօր կը դժուարանամ այդ վերի հարցումին պատասխանել, բայց գրականութիւն չէ, իրօք, այլ՝ ապրուած իրողութիւն է գրածս։ Երաժշտանոցի դասերը աւարտելէս վերջ, աչքերս պատերուն՝ բոլոր յարկերը կը շրջէի, հոն կախուած բոլոր համերգները ձեռքի տետրակիս մէջ կ՚արձանագրէի, յետոյ Կոմիտասի արձանին քովէն, օփերայի եւ ֆիլհարմոնիայի բոլոր յայտարարութիւնները կրող երկաթէ ճաղերով ցանկապատը կը չափչփէի, ո՛ւր, ե՛րբ, ի՛նչ համերգ պիտի ըլլար կը գրէի, հաւաքուած այդ բոլոր թուականները հերթականութեամբ կը շարէի եւ… դիմացս էջերէ՜ բաղկացած ցուցակ մը կազմուէր։ Ահա՛ քեզի համերգ, համերգներ։ Գնա՛, որ հասցնես։ 

Կը հասցնէի։ 

Բարեբախտաբար գիտակից էի այն իրականութեան, որ երաժշտանոցի ճերմակ նստարաններուն վրայ խօսուածը, քննարկուածը երբե՛ք բաւարար պիտի չըլլար մէջս բաց թողուած խորո՜ւնկ այդ յատակը կազմելու. գիշեր-ցերեկ գացած լաւ ու վատ այդ համերգներով համաքուրսեցիներուս տարինե՜ր շարունակ ապրած երաժշտական մթնոլորտն էր, որ կը փորձէի լրացնել։

Յաջողեցա՞յ։ 

-Էս սաղ համերգներին գնո՞ւմ ես, Սեւան ճան… 

Յաճախ լսածս այս նախադասութեան բառերուն տակ խղճալու թոն մը, անոնց հայեացքներուն մէջ պահուած «ինչ մեղք ես»ի արտայայտութիւն մը կար, 

մեզ բաժնող հովիտ մը կար հոն, որ կեանքիս քսան մատղաշ տարիները բազմապատկած էր՝ անհաշիւ։ 

Հեւիհեւ սահող ամիսներուն, տարիներուն ընթացքին արեւելքի չոր ու ցամաք անապատէն եկած երաժշտութեան ուսանողի մը դիմաց նետուած մարտահրաւէրները յաղթահարած էի ես։ Մեր փրոֆեսէօրներուն կարդացած, գրելու չհասցուցած արեւելահայերէնը եւ անոր ուսանողական կրճատումները իւրացուցած եւ առանց տատամսելու բացակայ ուսանողի մը փոխանցելու հաճոյքը վայելած էի ես։ Երաժշտանոցի չորս յարկերը շրջիլս կրճատած, աչքերս պատերէն գետին իջեցուցած, ցուցակներս փոքրացուցած ու հասկցած էի, թէ ուղղակի ո՛ւր պէտք էր երթալ, ի՛նչը պէտք էր անտեսել եւ ի՛նչը յիշելու համար արձանագրել։ Դասատուներուս բոլոր խօսքերուն այնուամենայնիւ ուշադիր՝ ամբողջովին գիտակցած էի ի՛նչը տարիներու ընթացքին ինքնաբերաբար կրկնուած, ի՛նչը սրտի խորքէն բխած, ականջին կախուելիք անկեղծ խորհուրդ էր։ Օր մը օրանց զիս անոնցմէ բաժնող, լեռ ու ձոր թուացող այդ նստարաններուն վրայ հաւասարապէս զրուցելու, կարծիք տալու, վիճելու, դիմացինը ընդունելու բարձունքին հասած էի եւ այս բոլորին գինը ջանք ու ժամանակ վճարած էի ես։ 

«Երաժշտանոց» էր անունը, այո՛, դուրսէն նայողի մը համար նուագել պիտի սորվէինք թերեւս, բայց այդպէս չէր երբեք. արուեստի բոլոր ձեւերուն անդրադառնալով անոնցնէ երաժշտութիւնը առանձնացուցած եւ մասնագիտութենէ մը աւելի՝ մտածելակերպի մը վերածել սորված էինք բոլորս։ 

Այսօր գրած տողերուս մէջ կը զգամ բառերը «երաժշտականօրէն» կամ «երաժշտաբար» ընթերցելու, զանոնք երաժշտութեան կախարդական կշռոյթով արժեւորելու, բառ մը փոխելու, կրկնելու, ջնջելու, շնչելու տարածութիւն մը ստեղծելու, հեռանալու, ետ մօտենալու, բառերուն մէջ թաքնուած եղանակները ճաշակելու անբացատրելի տարփանքը։ 

Այսպէս…

Ուսանողական տարիներուս յաճախած լաւ ու վատ համերգներէս տուփերու մէջ հաւաքուած մուտքի տոմսեր, աֆիշներ, պրոշուրներ, նուագացանկեր, լիպրեթոներ, նկարներ, անգին յուշեր ու սրտիս մէջ կախուած մանր-մունր յաղթանակներ ունիմ ես.

… Աֆիշի մը շուրջ հաւաքուած դասընկերներս տուեալ համերգին երթալու, չերթալու մասին կը զրուցէին։

Պիտի չերթայի այդ համերգին.

-Արդէն ընտրում ես քո գնալիք համերգները…

Հեռու կեցած էի ես, բայց մեզ բաժնող հովիտը ամբողջովին անհետացած էր։

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Յուլիս 14, 2025