ԳՐԱԿԱՆ ՈՐԲՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ…
Վահէ Օշական միշտ շեշտեց, որ գրականութիւնը պէտք չէ փախուստ ըլլայ իրականութենէն, այլ պէտք է դառնայ ճշմարտութեան հետ բախում, հարցադրում եւ ինքնահաստատում։
Վահէի ոճը եւ քաղաքական դիրքորոշումը միաձուլուած էին որպէս գրական եւ բարոյական ուղեցոյց։ Նոր սերունդներուն համար ան դարձաւ ուղեցոյց՝ թէ ինչպէս կարելի է մնալ ազնիւ, ազատ եւ ինքնուրոյն, անկախ արտաքին ճնշումներէն։
«Տարեդարձ» բանաստեղծութեան ժառանգութիւնը
Վահէ Օշականի «Տարեդարձ» բանաստեղծութիւնը խորհրդանշական կերպով կը ներկայացնէ սփիւռքահայը՝ ծնած Տէր Զօր, ինքնութիւն պահպանելու վախերով կաշկանդուած մարդը, որ աւելի հակում ունի լճանալու ու մնալու անդիմագիծ, քան շարժելու։ Սովորականէն շատ տարբեր, բանաստեղծութիւնը յատկանշական է իր ուժգնութեամբ եւ պատկերներու անսովորութեամբ։
ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Տարեդարձ է այսօր, Հ՜էյ Պարոն Վրէժ:
Տէր Զօր ծնար, անյիշատակ վայրերու մէջ հասակ առիր,
Քիչ մը դրամ, քանի մը բառ արաբերէն,
Երգ մը հայերէն, տարին մէ
Հայաստանի պզտիկ կարօտ մը, որ կը մաշի,
Եւ օթոյի պզտիկ երազ մը, որ կը մեծնայ:
Նախ մարդիկը խաբեցիր, յետոյ դուն քեզ խաբեցիր,
Կին մը առիր, զոր սիրեցիր լահմաճինէն աւելի.
Տղաքդ ծնան քեզմէ գաղտնի, հոս-հոն մեծցան.
Շուկան մեռաւ, ծնաւ, նորէն մեռաւ…
Հիմա հասեր ես հոս՝ Ապրիլ 24:
Ի՞նչ պիտի ընես այսօր, տարեդարձիդ, Պարոն Վրէժ…
Բարեկամներդ բոլորն ալ խանութները գոցեր են-
Պարոն Սեդրակ ձուկի շուկան սուլթան- իպրահիմ կը սակարկէ,
Յակոբ-մակոբ նստեր տեղ մը պլոթ կը դարձնեն,
Հարիւրներով Անգարայի ռատիոն բացեր մտիկ կ՚ընեն,
Կամ այսօրուան չշահուելիք դրամը կը հաշուեն ու կը հաշուեն…
Փախուստ չկա՛յ այլեւս Պարոն Վրէժ:
Կա՛մ դուրս կ՚ելլես քու անցեալի խանութէդ
Ու կը փնտռես նոր, անօթի, չոր ու դաժան աչքերով
Ի՜նչ ըսել է մարդ ըլլալը, ի՜նչ ըսել է հայ ըլլալը,-
Կա՛մ եղած տեղդ կը մնա՛ս, ու կը նեխիս միս-մինակդ անշշուկ:
Այս բանաստեղծութիւնը ցոյց կու տայ, որ գրականութիւնը ո՛չ միայն արուեստ է, այլեւ պայքար, ճիչ եւ ճշմարտութեան որոնում։ Վահէ Օշականի ողջ ժառանգութիւնը՝ ձեռագրերը, լուսանկարները, գիրքերը, անձնական իրերը, ամբողջական կերպարն ու ազնուութիւնը այսօր ալ կը մնան ներշնչանք նոր սերունդներուն համար։ Ան իր խոստումներով ու ապրած կեանքով կը դասաւանդէ՝ ազնիւ մնալ, պայքարիլ եւ ճշմարտութիւնը փնտռել։
Հանգիստ իր աճիւնին եւ յաւերժ յիշատակ՝ Մեծն Վահէ Օշականին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
•շար. 3 եւ վերջ
Երեւան