ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆՉԵՐԷՆ
Գիտենք, որ լեզու մը ողջ է եւ կը մնայ, եթէ զայն խօսողներ ըլլան, կամ՝ կան: Սակայն կրկնութեան գնով օրինակ վերցնելով, կրնանք հաստատել, թէ լատիներէն գիտցողներ շատ կան, սակայն լատիներէնը մեռած լեզու է: Խօսող չունի: Իսկ ասոր հակառակը, հրեաները վերստեղծեցին իրենց մեռեալ լեզուն. այն լեզուն՝ որ նոյնիսկ չէին գիտեր, թէ ինչպէ՞ս կ՚արտասանուի: Ահա թէ ինչո՞ւ լեզու մը գիտնալը բաւարար չէ...:
Անոր համար միշտ կը շեշտենք, թէ լեզու մը որ չի գրուիր կամ չի խօսուիր տան, դպրոցին կամ շուկային մէջ, այլ խօսքով՝ ամէնօրեայ հաղորդակցութեան միջոց մը չէ, կ՚աղքատանայ, կը սնանկանայ, իր կարողականութիւնը կը կորսնցնէ եւ պատմութեան հոսանքին մէջ ալ կամաց կամաց կ՚ընկղմի, իր հետ տանելով նաեւ իր ազգը:
Լեզուն կենդանի բջիջ է, յիշեցուցած ենք միշտ, եթէ չսորվինք, չգործածենք չզարգացնենք կը մեռնի:
Բայց, անկեղծօրէն մատնանշելով ըսենք, որ սփիւռքներու լայնքին եւ երկայնքին, ազգովին մեր լեզուին նահանջի ներկայութիւնը կ՚ապրինք ամէն օր եւ ամէն վայրկեան: Միւս կողմէ սակայն, եւ բարեբախտաբար մեր շուրջը ունինք անհատներ, գրող նուիրեալներ, նաեւ հայ մամուլ, որոնցմով լեզուն՝ մեր մայրենին ո՛չ միայն կը գոյատեւէ, այլ՝ իրենց ստեղծագործութիւններով կը հարստանայ:
Սակայն ինչո՞ւ նման յառաջաբանի մը կրկնութիւնը:
Որովհետեւ, եզակի գանձ է մեր լեզուն: Այս մասին եւ ամէն առիթով խօսած ենք եւ անդրադրաձած լայնօրէն, նեղլայն մեր հանդիպումներուն՝ զրուցած ենք: Որովհետեւ, նաեւ մտահոգ ենք անոր ճակատագրով: Որովհետեւ, իբրեւ մէկական մտահոգ հայեր, յստակ պաշտամունք ունինք մեր մայրենիին նկատմամբ եւ հանդէպ: Որովհետեւ, նաեւ բոլորս ալ ունինք համոզումներ, մանաւանդ եւ յատկապէս մեր ազգին հետաքրքրող մեծագոյն այս տագնապներուն շուրջ:
Արդ, մենք, իբրեւ մտահոգ մարդիկ, թէեւ կը տագնապինք, թէեւ շատ յաճախ այս հարցերու դրական երեւոյթներով ալ կը խանդավառուինք, սակայն, երբեք չենք յուսահատիր:
Ու նորութիւն չէ, որ պիտի ըսեմ.- համաշխարհայնացումը իր սարսափելի «աւերներ»ը կը գործէ ամէն տեղ, ե՛ւ մեր մօտ ալ ու մեզմէ ալ եւ ամէն օր «զոհեր» կը խլէ: Անոր համար, աշխարհացրիւ գիտակից հայորդիներ, համայնակուլ եւ վտանգաւոր այս աղէտին դիմաց, իրենց աչքերը կը յարեն հայ մշակոյթին եւ կը փորձեն անով պաշտպանել եւ պատսպարել հայ նոր սերունդը:
Ճիշդ է որ սփիւռք կ՚ապրինք եւ ունինք մեր անձնական, ազգային եւ գաղութային հարց-տագնապներն ու ամէնօրեայ մտահոգութիւնները, սակայն, միշտ առաջնահերթ նկատած ենք մեր մայրենի լեզուին ճակատագիրը: Որովհետեւ, կը հաւատանք, որ մեր լեզուի հրապոյրն ու գեղեցկութիւնը, այլեւս շատ քիչերը գիտեն:
Նոր սերունդը, քիչ ծանօթ է հայոց լեզուին, ինչպէս անոր լեզուական, նոյնպէս եւ բառագիտական յատկութիւններուն:
Պատճառը... օտար լեզուի ներկայութիւնն է դպրոցի, ընտանեկան յարկի ու մանաւանդ ապրած անմիջական շրջապատէն ներս:
Բայց, հակառակ լեզուն պահպանելու տարուած մեծ ճիգերուն, այսօր նոր սերունդի շատ մը ներկայացուցիչներուն մօտ, անոնց տուներէն սկսած մինչեւ յաճախած հայ վարժարաններն ու նոյնիսկ անոնց անդամակցած կեդրոններէն ներս, մեր մայրենիին գործածութեան նահանջը զգալի է:
Գիտենք եւ տեսանելի է, թէ մեր նոր սերունդը հայերէն չի կարդար կամ, շատ քիչ կը կարդայ: Շատեր, զիրար չխաբենք, նոյնիսկ չեն գիտեր եւ, դժբախտաբար, նոյնիսկ չեն կրնար հայերէնով լման նախադասութիւն մը կազմել... խօսիլ... գրել...: Կը շփոթեն: Նեղը իյնալնուն պէս, առաջնահերթութիւնը տեղական լեզուին տալով՝ կը սկսին օտար բառեր գործածել:
Չեմ փորձեր այս տողերով միայն կշռադատել, բայց յստակ կ՚ըսեմ ու կը կրկնեմ, թէ այս բոլորը ազգային մտահոգութիւն պատճառող ազդակներ են: Յիշենք, որ մեր լեզուի անհետացումը, մեր դարաւոր մշակոյթի անհետացումն ալ է, որ վտանգ ալ է մեր ցեղի գոյութեան: Սա կը նշանակէ ձուլուիլ եւ դառնալ անճանաչելի ժողովուրդ: Իսկ եթէ, չար սատանայ, մեր նոր սերունդը զրկուի իր մայրենիէն ու հեռանայ հայերէն լեզուի ամէնօրեայ գործածութենէն, հաւատացէ՛ք, կամաց-կամաց կը կորսնցնէ ազգային իր մտածողութիւնն ալ, ստեղծագորկան կարողութեան եւ պատմական ժառանգութեան կողքին:
Այս բոլորէն ետք, իմ կարծիքով՝ մեծագոյն պատասխանատուն է եւ կը մնայ նախ՝ ծնողքը, որովհետեւ ան է, որ իր կեանքի օրինակով եւ կենցաղով կ՚որոշէ իր զաւկին հայ մնալն ու հայօրէն ապրիլը: Բացառութիւններու մասին չէ խօսքը:
Վերը յիշեցի մտահոգութիւններ: Աւելցնեմ, որ այս բոլորը թէեւ մտահոգութիւններ են, սակայն խորքին մէջ՝ ահազանգ ալ են: Կը կարծեմ նաեւ, որ բոլորս ալ կ՚ըմբռնենք այս իրականութիւնը, բայց չենք կրնար հաշտուիլ անոր ներկայութեան հետ:
Աւելին՝ ծնողներու անհոգութեան կողքին, նոր սերունդի լեզուափոխութիւնն ալ վտանգ կը սպառնայ: Դարձեալ տեսանելի է, թէ նոր սերունդը ինչպէ՞ս «նորութիւններով» հետաքրքրուած է եւ որուն անմեղ «զոհը» դարձած է մեր լեզուն, որ սկսած է աղաւաղուիլ: Որովհետեւ, շատեր մոռցած են իրենց կեանքին մէջ մեր մայրենիին էականութիւնը, անոր գեղեցկութեան կողքին:
Մենք տկար ժողովուրդ չենք: Ունինք ամէն կարողութիւն: Սակայն մեզի կը պակսի մեր ինքնութիւնը պահելու վճռակամութիւնը: Օտարութեան ճանկերուն մէջ ինկած ենք բոլորս ալ, եւ այս անիծեալ օտարութիւնն ալ իր ճանկերով մեզ բռնած է եւ մեզ կը հիւծէ, կը հալեցնէ:
Խրատական տուողի յաւակնութիւնը չունիմ եւ երբեք չեմ ունեցած: Պարզապէս այս տողերը մեր ինքնութեան հաւատարիմ մնալու արդար կանչեր են, որոնք անմեղ յիշեցման կողքին, պարտաւորութիւն-յանձնառութիւններ կը դնեն իւրաքանչիւրիս վրայ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ