ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ առակագիրին հետեւեալ համարը. «Եթէ արդարները զօրանան, ժողովուրդը կ՚ուրախանայ, բայց երբ ամբարիշտը իշխանութիւն ունենայ, ժողովուրդը կը հեծէ» (Առ 29.2):

Պատասխան. ըսուածը շատ պարզ է: Երբ արդարները՝ իմա՛ աստուածավախ եւ առաքինի մարդիկը զօրանան, իշխանութիւն ունենան, ապա այդ իշխանութիւնը ի նպաստ եւ յօգուտ իրենց ժողովուրդին կ՚ըլլայ, որովհետեւ իրենք կ՚աշխատին ո՛չ թէ իրենք իրենց համար, այլ՝ իրենց յանձնուած ժողովուրդին համար: Ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի իրենց ենթակայութեան տակ գտնուող ժողովուրդը բարօր, ապահով եւ խաղաղ կեանքով ապրի: Իրենց օրինակով իրենց ժողովուրդը կը մղեն դէպի աստուածավախութիւն, դէպի առաքինի կեանք: Ժողովուրդին մէջ կ՚աշխատին արմատախիլ ընել ատելութիւնը, հակառակութիւնն ու վրէժխնդրութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի ամբարիշտներուն, իմա՛ Աստուծմէ երկիւղ չունեցողները, անբարոյ կեանքով ապրողները, եթէ զօրանան կամ իշխանութիւն ունենան, ապա իրենց ենթակայ եղող ժողովուրդը կը տուժէ, որովհետեւ այդպիսիները իրենց տրուած իշխանութիւնը ո՛չ թէ ժողովուրդին բարօրութեան համար կը գործածեն, այլ՝ իրենց շահերուն համար: Աւելին, իրենց տրուած իշխանութիւնը՝ որով ժողովուրդը պէտք է բարօր կեանքի առաջնորդէին, կը գործադրեն կեղեքելու, նեղութիւն տալու եւ ստրկացնելու համար: Ամբարիշտներուն իշխանութիւն ստանալը, չարիք է տուեալ ժողովուրդին համար:

Արդարեւ, առաքինիները, արդարները, այլ խօսքով սուրբերը բարիք եւ օրհնութիւն են իրենց շրջապատին համար: Սուրբ Ամպրոսիոս այս մասին կը գրէ. «Իւրայատուկ ուրախութիւն կը տիրէ երբ սուրբերուն [մայրերը] կը յղիանան եւ երբ անոնք [սուրբերը] կը ծնին: Սուրբը, արդարեւ, ո՛չ թէ միայն իր ընտանիքին ուրախութիւն կը բերէ, այլ՝ շատերու փրկութեան պատճառ կը դառնայ: Այս արտայայտութիւնը [«անիկա քեզի ուրախութեան եւ ցնծութեան պատճառ պիտի ըլլայ եւ շատեր անոր ծնունդով պիտի ուրախանան»] (Ղկ 1.14), կը սորվեցնէ մեզի, որ ուրախանանք եւ ցնծանք սուրբերու ծնունդով»: Իսկ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ. «Ձեզի փաստ պիտի ներկայացնեմ, թագաւորի պարագային ըսածիս մասին:

Կիսի որդի՝ Սաւուղը, թագաւորութեան վրայ աչք չունէր, այլ՝ իր [հօր] էշերը կը փնտռէր, որով գնաց Սամուէլ մարգարէին քով հարցնելու համար իր էշերուն մասին, իսկ մարգարէն խօսեցաւ անոր Աստուծոյ իրեն ուղղած կոչումին՝ զինք թագաւոր ընելու. Սաւուղը չշտապեց ընդունելու, այլ՝ դէպի ետեւ գնաց [տե՛ս Ա. Թգ 9]: Սակայն, երբ իրեն տրուած թագաւորական իշխանութիւնը չարութեամբ օգտագործեց, այն իշխանութիւնը, որ իրեն Աստուծմէ տրուեցաւ: Իր դէպի ետեւ երթալը սակայն, բաւարա՞ր էր, որ զինք Աստուծոյ բարկութենէն զերծ պահէր, Անոր՝ որ իրեն այդ թագաւորութիւնը շնորհեց: Երբ Սամուէլը յանդիմանեց զինք, կրնա՞ր ըսել անոր, թէ՝ «շտապեցի իշխանութիւն ընդունելու հարցին մէջ»: Ես կը փափաքէի խաղաղ կեանքով ապրիլ՝ ինչպէս հասարակ ժողովուրդը, առանց իրարանցումներու, սակայն, դուն է որ ստիպեցիր ինծի ընդունելու այդ իշխանութիւնը: Եթէ զիս իմ պարզ վիճակիս մէջ ձգէիր, ապա այս բոլոր սայթաքումները չէի ունենար, այլ՝ անծանօթ մը կը մնայի այս ժողովուրդին մէջ, որով եւ այս պատերազմին չէի ղրկուեր եւ ո՛չ ալ Աստուած ինծի կը վստահէր պատերազմիլ այս հսկաներուն [ամաղեկացիներուն] դէմ… եւ այդպիսով չէի մեղանչեր։

Նմանատիպ արդարացումները սակայն, թոյլ են. ատոնք ո՛չ միայն թոյլ են, այլեւ՝ վտանգաւոր, որովհետեւ իրականութեան մէջ ատոնք Աստուծոյ բարկութիւնը կը բորբոքեն:

Ան որ կը կարծէ, թէ ինք իր գործած սխալին համար պատասխանատու չէ, քանի որ ան ստանձնած է աշխատանք մը, որ հասարակ մարդիկը չեն ստացած, կը նմանի անոր, որ Աստուծոյ սէրը իբրեւ պատճառ կ՚օգտագործէ իր անձնական սխալներուն համար»:

Մարդ պէտք է ուշադիր ըլլայ եւ իրեն տրուած իշխանութիւնը ճիշդ ձեւով օգտագործէ: Այդ ընելու համար մարդ պէտք է Աստուծոյ կամքին ենթարկուի, որով ամենայն դիւրութեամբ կը կարենայ իրեն վստահուած կոչումը, պարտականութիւնը լաւագոյնս կատարել:

Մարդ զգոյշ պէտք է ըլլայ նաեւ երբ իշխանութիւն կը ստանայ, որպէսզի հպարտութեան եւ անտարբերութեան մէջ չյայտնուի, որովհետեւ իշխանութիւնը կրնայ բազմաթիւ ձեւերով գայթակղեցնել զայն ստացողը, հետեւաբար, իշխանութիւն ստացողը ա՛լ աւելի ինքզինք պէտք է նուիրէ աղօթական եւ առաքինի կեանքի, որպէսզի յանկարծ չսայթաքի եւ իրեն տրուած իշխանութիւնը չարութեամբ չօգտագործէ:

Իշխանութեան ամենէն զօրաւոր եւ վտանգաւոր թշնամիներէն մէկը արդարեւ, հպարտութիւնն է: Պետրոս Շանշեանց հպարտութեան մասին կը գրէ. 

* Հպարտութիւնը խիստ կորստական հետեւանքներ ունի: Հպարտութիւնը յանցաւոր եւ ապերախտ կը ցցնէ մեզ Աստուծոյ առջեւ, Որմէ ստացած ենք ամէն բարիք եւ որ պարտաւոր ենք մեր բոլոր սիրտով փառաւորել: Հպարտութիւնը կրօնական զգացումին մեծ արգելք է, որովհետեւ, քրիստոնէական բարեպաշտութիւնը կը մտածէ բնաւ չմտածել, այլ՝ մեր սիրտը, մեր միտքը եւ մեր կամքը աստուածային կամաց հնազանդեցնել, ճանչնալ մեր մեղքերը եւ այն դատապարտութիւնը, որուն արժանացած էինք, դիմել Աստուծոյ ողորմութեանն ու շնորհքին՝ Յիսուս Քրիստոսի անունով: Հպարտ եւ ամբարտաւան սիրտը այս կանոններուն կ՚ընդդիմանայ. ամբարիշտը նոյնիսկ ո՛չ այլ ինչ է, եթէ ոչ անսանձ եւ կատաղի հպարտ, որ չ՚ուզեր ո՛չ մէկ լուծ կրել, չ՚ուզեր ճանչնալ ո՛չ մէկ իշխանութիւն եւ կ՚ուզէ հետեւիլ միայն իր ցանկութիւններուն եւ կիրքերուն: Հպարտութիւնը անիրաւ կը դարձնէ մարդը իր ընկերոջ նկատմամբ: Հպարտը սառնութեամբ կը նայի իրմէ բարձր բաներուն ու չարաչար կ՚ատէ. ան անխնայ կերպով կ՚աշխատի նուաստացնել ինչ որ բարձր է, եւ այս մասին ի գործ կը դնէ ամէն տեսակի անարգ միջոց, չարախօսութիւն, բամբասանք, կռիւ, վէճ եւ խռովութիւն: Ան կը ձգտի միայն բարձրանալ, ինչ ճանապարհով ալ ըլլայ: Հպարտը երբեք իրաւունք չի տար տաղանդին եւ արժանաւորութեան, այլ՝ անդադար վէճեր ու գանգատներ կը վառէ ու կը բորբոքէ: Ան գերդաստանի միութենէն քաղցրութիւնն ու պատիւը կը խլէ եւ ինք դիւրագրգիռ է ամէն տեսակի թեթեւ անպատուութեան համար: Հպարտը խստութեամբ կ՚իշխէ եւ զզուանքով կը հնազանդի եւ հետեւաբար ան հասարակութեան համար պատիժ է: Հպարտը նոյնիսկ ինքն իր անձին համար վնասակար է, անմիտ ձեռնարկութիւններ հնարելով թէ՛ իր անձը եւ թէ ուրիշներունը մեծ դժբախտութեան կ՚ենթարկէ: Արգելք կը հանդիսանայ մանաւանդ ուղղութեան եւ զղջումին, որով մարդիկ կրնան Աստուծոյ ողորմութիւնը գտնել՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով: Սուրբ Գիրքը այսպէս կը խօսի հպարտութեան մասին. «Վա՜յ անոնց, որոնք իրենց աչքին իմաստուն եւ իրենց առջեւ խոհական են» (Ես 5.21). «Տէրը այսպէս կ՚ըսէ. “Իմաստունը իր իմաստութիւնով թող չպարծի ու զօրաւորը իր զօրութիւնով թող չպարծի, հարուստը իր հարստութիւնով թող չպարծի. բայց ան որ կը պարծի՝ թող անով պարծի, որ կը հասկնայ ու զիս կը ճանչնայ եւ գիտէ թէ Ե՛ս եմ Տէրը, որ երկրի վրայ ողորմութիւն, իրաւունք ու արդարութիւն կ՚ընեմ. քանզի Ես ասոնց կը հաճիմ”» (Եր 9.23-24). «Ոեւէ մէկէն տարբեր բան մը չես. եւ եթէ Աստուծմէ առած ես՝ ինչո՞ւ կը պարծենաս, մէկու մը պէս՝ որ կը խորհի թէ Աստուծմէ բան առած չէ» (Ա.Կր 4.7). «Աստուած հակառակ է ամբարտաւաններուն, մինչ խոնարհներուն շնորհք կու տայ» (Ա.Պտ 5.5) («Ուսումն Պարտուց»):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 150

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յուլիս 15, 2025