ՀՈԳԵՒՈՐ ԿՈՉՈՒՄ ԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ (Խոսրով եպսկ. Էմիրզէեանի դէպքը իբրեւ պատմագիտական դիտարկում)
Իսկ «Հապէր» թերթը ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է այս գայթակղեցուցիչ սիրարկածի ազդեցութիւնը իր վրայ կրած անձին՝ այրի կնոջ՝ Անահիտ Էրթաշքըրանի նախկին ամսունոյն՝ Ֆէրտինանտ Մանուկեանի վրայ։ Վերջինիս ծանօթները վկայած են, որ ան «տասը օրուան մէջ տասը տարի ծերացած է»։ Ֆէրտինանտ Մանուկեանի եւ Անահիտ Էրթաշքըրանի ամուսնական կեանքը տեւած է քսան տարի։ Ունեցած են զաւակ մը։ Ըստ թերթի հաղորդման, Ֆէրտինանտ տակաւին կը սիրէր կինը եւ եթէ Էմիրզէեան քաշուի իրենց մէջտեղէն, թերեւս վերստին ամուսնանայ հետը, զաւկին պատճառով։ Ֆէրտինանտ Մանուկեան իր աշխատանքի բերմամբ (բարձր տոկոսներով դրամ կու տար) բարեկամութիւն ունէր բոլոր շարժանկարիչներու հետ, որոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են գտնելու կինն ու հոգեւորականը, սակայն Մանուկեան ըսած է. «Պատիւս իմ ձեռքովս պիտի մաքրեմ»։ Ան յայտարարած է, որ պիտի սպաննէ Անդրանիկ Էմիրզէօղլուն, որ իր ընտանեկան բոյնը քանդած եւ իր պատուին հետ խաղացած է։ «Որո՞ւն միտքէն կ՚անցնէր որ պատրիարքական փոխանորդութեան բարձրացած կրօնաւոր մը պիտի քանդէ ընտանեկան յարկը։ Զայն մեր տունը կը հրաւիրէինք, օր մը հիւանդացաւ, բժիշկ բերինք ու զայն մահէ ազատեցինք։ Անահիտ ճիշդ քսան տարի ինծի հաւատարիմ մնացած երկչոտ կին մըն էր։ Առանց ինծի փողոց ոտք չէր նետեր։ Դեռ կը զարմանամ որ այս մարդուն ի՞նչ բանը սիրած է», յայտարարած է Մանուկեան «Ատալէթ» թերթին53։
Կարգաթող Անդրանիկ Էմիրզէեանի այս մասին եղած առաջին յայտարարութիւններն ալ կարելի կ՚ըլլայ ընթերցել դարձեալ թրքական թերթերու, յատկապէս «Հիւրրիյէթ»ի էջերուն։ Փէնթիքի ծովեզերեայ զբօսարաններէն մէկուն մէջ կը մէկտեղուին երիտասարդ զոյգն ու թղթակից Էրտողան Քըրալ։ «Ես այլեւս կրօնաւոր չեմ, սիրոյս համար հեռացայ եկեղեցիէն, որու համար հինգ տարեկանէս ի վեր կեանքս մաշեցուցի եւ ուսանեցայ։ Ձեր դէմը միմիայն Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայրենակիցը Անդրանիկ կը գտնուի», կ՚ըսէ եւ կը շարունակէ իր խօսքը՝ աչքերը յառած «խօսեցեալ»ի աչքերուն. «Շատ սիրած էի զայն։ Բայց չէի կրնար ամուսնանալ անոր հետ։ Թէ՛ եկեղեցի կը վազէի եւ թէ գաղտնօրէն կը ժամադրուէի անոր հետ։ Բայց ասիկա՝ իմ կրօնական ըմբռնումովս անպատուութիւն կ՚ըլլար։ Անցեալ շաբթու Սրբազան Պատրիարքին հրաժարականս ղրկեցի։ Այդ վայրկեանէն սկսեալ մօրուքս կտրելով մէկդի ըրի կրօնաւորի հանգամանքս։ Ես սիրոյ համար պատիւէ եւ փառքէ հրաժարող առաջին կրօնաւորը չեմ, վերջինն ալ չպիտի ըլլամ, մինչեւ որ այս իրաւակարգը փոխուի»։
Այս առթիւ կ՚արտայայտուի նաեւ Անահիտ Էրթաշքըրան. «Անոր մականունը առած օրս աշխարհի ամենէն երջանիկ կինը պիտի ըլլամ։ Առաջին անգամ եկեղեցիի մը մէջ աչք-աչքի եկանք, յետոյ զիրար սիրել սկսանք»54։
«Ճումհուրիյէթ»ի սիւնակագիր, յայտնի հրապարակախօս Տողան Նատի իսկ յօդուածով մը կ՚անդրադառնայ Էմիրզէեանի դէպքին՝ այս սիրարկածը համեմատելով Անաթոլ Ֆրանսի «Թաիս» վէպի իրադարձութիւններուն հետ55։
Իսկ հայ համայնքը Անդրանիկ Էմիրզէեանի ճակատագիրի մասին տեղեկութիւն կը շարունակէ ստանալ թրքական մամուլէն։ Այսպէս, «Հաֆթա սոնու» շաբաթաթերթը կը հրատարակէ լուր մը՝ «Փախստական սիրահարները ի մօտոյ կ՚ամուսնանան» խորագրով եւ լուսանկարներով հանդերձ եւ տեղեկացնելով, թէ անոնք արդէն իսկ նշանուած են։ Իրենց ամուսնութիւնը սակայն կը յապաղի, քանի որ Անահիտ իր ամուսնէն բաժնուելու ժամանակ դատարանը որոշած էր 300 օր արգիլել անոնց վերամուսնութիւնը56։
«Հաֆթա սոնու»ի մէջ հետաքրքրական է կարդալ նաեւ համայնքային վերնախաւէն երեք կիներու այս նիւթի շուրջ կատարած յայտարարութիւնները57։ Սոնա Կեսարի կարծիքով կատարուածին մարդկային կողմը մտածելու կը մղէ։ «Անհնար է ներել կրօնապետ մը, որ մինչեւ պատրիարքութեան փոխանորդութեան բարձրացած է։ Բայց մարդկային տեսակէտով զգացումներս սիրահարներուն հետ է։ Եթէ յանցանք փնտռուի, պատրիարքական փոխանորդէն աւելի կնոջ վրայ պէտք է հակիլ։ Քանի որ պատրիարքական փոխանորդ մը գլխէ հանելու չափ իգականութեան տէր ահարկու կին մը ըլլալու է։ Հակառակ ասոր, Աստուած երկուքն ալ երջանիկ ընէ», ըսած է Կեսար։ Իսկ Ճէնիա Պէզազ նոյնպէս կը համակրի զոյգին. «Կը մաղթեմ, որ սիրահարները երջանիկ ըլլան։ Հակառակ ամէն բանի, իրարմէ չեն զատուիր եւ ընկերութիւնը իրենց դէմ կրնան առնել։ Ասիկա իրենց սիրոյն մեծութիւնը ցոյց կու տայ։ Երկուքն ալ անմեղ են։ Անգլիոյ թագաւորը անգամ միթէ սիրոյն համար գահէն չհրաժարեցա՞ւ»։ Իսկ Անի Գույումճեանի կարծիքով, «մարդուս խիղճը եւ ազատութիւնը իրեն կը պատկանի։ Քանի որ այսքան զիրար սիրեր են, Աստուած երկուքն ալ երջանիկ ընէ»58։
Կարգաթող Անդրանիկ Էմիրզէեան «Աքշամ» թերթի թղթակիցին կը յայտարարէ, թէ մտադիր է ընդգրկել լրագրութեան ասպարէզը եւ գրի առնել հոգեւորականներու սիրարկածները59։
ԶՂՋՈՒՄ ԵՒ ԿԱՐԳԱԼՈՒԾՈՒԹԻՒՆ
Անդրանիկ Էմիրզէեանի եւ Անահիտ Էրթաշքըրանի կարճատեւ, տագնապալի միասնութենէ յետոյ սկսաւ այն փուլը, որ Խոսրով սրբազանի ամբողջ կեանքի վրայ պիտի ձգէր ամենախոր հետքը․ զղջումի եւ կարգալուծութեան շրջանը։ Ինչպէս կը պատահի երբեմն մարդկային ճակատագրերու մէջ, սխալները ոչ միայն կը բաժնեն մարդիկը իրարմէ, այլ նաեւ մարդն ինքն իրմէ։ Անդրանիկը կանգնած էր միաժամանակ ներքին դատաստանի եւ եկեղեցական կարգապահութեան առջեւ։ Իր առջեւ բացուած էր ո՛չ թէ ճամբայ մը դէպի ապաստան, այլ դէպի մերկ ճշմարտութիւն՝ այն ճշմարտութիւնը, որ կը պարտադրէր ընդունիլ իր մեղքը, դիմադրել ամօթին եւ կրկին փորձել վերագտնել խիղճը։ Կարգալուծութիւնը պիտի դառնար այդ փորձառութեան ամենածանր, բայց նաեւ ամենամաքրող հանգրուանը։
Հազիւ երկու ամիս կը տեւէ Անդրանիկի ու Անահիտի սիրոյ պատմութիւնը։ «Հիւրրիյէթ» այս մասին կը հրապարակէ Անահիտի յայտարարութիւնը, ըստ որու այս բաժանումին պատճառ եղած է նախկին հոգեւորականի հիւանդութիւնը՝ թեթեւ միթրալը։ Զղջացած է Անդրանիկ. «Մարդ եթէ նոյնիսկ կրօնաւոր ըլլայ, ըսել է կը սխալի եղեր։ Այլեւս կարելի չէ խորհիլ Անահիտի հետ մեր ամուսնութեան մասին։ Կ՚ենթադրեմ որ այսուհետեւ ան իր կեանքը, ես ալ իմ կեանքս պիտի ապրիմ»։
Էմիրզէեան կը տեղեկացնէ նաեւ, որ այժմ կը սպասէ Ամենայն Հայոց Հայրապետէն գալիք պատասխանին՝ իր հրաժարման վերաբերեալ։
Վեհափառ Հայրապետի նամակը չ՚ուշանար։ Վազգէն Ա. հայրապետի նամակը թուագրուած էր 12 մարտ 1968 թուականով, որ Պոլսոյ պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի նիստին կը քննարկուի 17 ապրիլին։ Վեհափառ Հայրապետը հաստատելով հանդերձ Պոլսոյ եկեղեցական իշխանութեանց կողմէ առնուած որոշումները, խղճի պարտք կը համարէր դիմել անոր՝ կարգաթող հոգեւորականին, լսելու համար վերջին խօսքը, նախքան վերջնական վճռի արձակումը։ Այս մասին Հայկազուն Արք. Աբրահամեան նամակ մը գրած էր կարգաթող եպիսկոպոսին։ Վեհափառ Հայրապետը կը յայտնէր նաեւ, թէ Էմիրզէեանի պատասխանը պիտի սպասէին մինչեւ ապրիլի 30-ը։
Հայկազուն սրբազանի նամակը Անդրանիկ Էմիրզէեանի յանձնելու առաքելութեամբ 28 մարտին վերջինիս կ՚այցելէ պատրիարքական նորանշանակ փոխանորդ Տ. Վրթանէս Քհնյ. Փափազեանի։ Այս առթիւ Էմիրզէեան անոր կը յանձնէ եպիսկոպոսական պանակէն ու մատանին՝ Մայր Աթոռ փոխանցելու համար60։
Ակնյայտ կ՚երեւի Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսի՝ ենթակային առիթ մը եւս տալու տրամադրութիւնը։ Պոլսոյ մէջ շշուկներ կը շրջէին նաեւ, թէ Էմիրզէեան զղջմնագիր մը ուղարկած է Մայր Աթոռ։ Արդարեւ շշուկները կը հաստատուին նոյնինքն Վազգէն Ա. կաթողիկոսի կողմէ, որ «Պայքար» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ պատասխանելով այս մասին եղած հարցումին կը յայտարարէ, թէ Էմիրզէեան ուղարկած է չորս էջէ բաղկացած մեղայագիր մը, որու մէկ պատճէնը ինք ուղարկած է Շնորհք պատրիարքի եւս61։
Կարգաթող եպիսկոպոսը Վեհափառ Հայրապետի ուղղած 3 ապրիլ 1968 թուակիր այս նամակը կը վերջացնէր հետեւեալ տողերով.
«Ահա, Վեհափառ Տէր, մեղաւորիս որդիական խոստովանանքը Ձերդ Սրբութեան առջեւ։ Եթէ այս բոլորէն ետք, հայրական անսահման ներողութեամբ, կը յուսաք թէ տակաւին կարող եմ մեղքերէս սրբուիլ եւ արժանի ըլլալ դարձեալ ծառայելու Աստուծոյ, ես իբրեւ զաւակ Հայց. Եկեղեցւոյ եւ անարժան սպասաւորը Անոր, նաեւ համեստ մէկ միաբանը Մայր Աթոռի, անսալով խղճիս ձայնին եւ Իջման Ս. Սեղանի առջեւ կատարած ուխտիս, պատրաստ եմ հնազանդելու Ձերդ Սրբութեան հրահանգին եւ բարձր տնօրինութեան։
«Անհունօրէն երախտապարտ եմ Ձերդ Սրբութեան եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին, որ զիս փնտռելով պատեհութիւնը տուիք հոգեվիճակս պարզելու եւ անգամ մը եւս նորոգելու Հայց. Ս. Եկեղեցւոյ ծառայելու ուխտս։
«Կամաւ թէ ակամայ գործած սխալներուս համար կրկին ու կրկին ներողութիւն խնդրելով, անհամբեր կը սպասեմ Ձերդ Վեհափառութեան իմաստուն կարգադրութեան եւ հրահանգին»62։
Սակայն այս նիւթը Շնորհք պատրիարքի դիտանկիւնէն վերջնականօրէն փակուած էր այլեւս։ Պատրիարք Սրբազանը հարկ կը համարէ այս պարագան անգամ մը եւս յիշեցնել Վեհափառ Հայրապետին. «… կարգաթողը ոեւէ ատեն եւ ոեւէ պարագային կամ ոեւէ պայմանով չի կրնար այլեւս այստեղ վերապաշտօնավարել»։ Շնորհք պատրիարքը իր իրաւասութեան սահմանները փակելով հանդերձ, կանխաւ կը յարգէր Վեհափառ Հայրապետի կատարելիք վերջնական կարգադրութիւնը եւ կը գրէր անոր, թէ Էմիրզէեանի «ապաշխարանքի եւ հաւանական ծառայութեան դաշտը ասկէ յետոյ կը լինի Վեհիդ պատշաճ դատած մի ուրիշ տեղ»63։
Վեհափառ Հայրապետի մօտեցումը սակայն, ինչպէս ըսուեցաւ, նախկին եպիսկոպոսին առիթ մը եւս տալու ուղղութեամբ էր։ Ան վերջինիս կ՚առաջարկէր.
Ա) Մնալ Մայր Աթոռ Էջմիածին,
Բ) Սովետական հպատակ դառնալ։
Էմիրզէեան թէեւ կ՚ընդունի առաջին պայմանը, սակայն կը մերժէ երկրորդը։ Սովետական հպատակ դառնալ աքսորանքի հաւասար իրողութիւն մըն էր այդ տարիներուն, երբ երկաթէ վարագոյրի միւս կողմը բնակող քաղաքացիներ զրկուած էին ազատօրէն ճանապարհորդելու իրաւունքէ։ Առաւել եւս Թուրքիա, որ գրեթէ թշնամական վերաբերում ունէր սովետական կարգերու դէմ։ Էմիրզէեան վստահաբար գիտէր, որ սովետական հպատակութիւն ընդունիլ պիտի նշանակէր խաչ քաշել իր սիրելի ծննավայրին եւ հոն բնակող իր ազգականներուն ու բարեկամներուն վրայ։ Ակամայ իր վերջնական որոշումը յայտնելէ ետք Մայր Աթոռէն կը հասնի կարգալուծութեան որոշումը։
Արդարեւ 5 օգոստոս 1968-ին Մայր Աթոռէն Շնորհք պատրիարքին կ՚ուղարկուի Խոսրով եպսկ. Էմիրզէեանի վերաբերեալ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան առած որոշումները հաստատող եւ զինքը կարգալոյծ հռչակող հեռագիրը՝ Վազգէն Ա. կաթողիկոսի ստորագրութեամբ64։ Իսկ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի մանրամասն հաղորդագրութիւնը կը հրապարակուի 10 օգոստոս 1968-ին եւ լոյս կը տեսնէ «Էջմիածին» պաշտօնաթերթին մէջ։
Նկատի ունենալով Շնորհք պատրիարքի եւ Պոլսոյ պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի որոշումները, Խոսրով եպիսկոպոսի կարգաթողութեան գրաւոր յայտարարութիւնը, Պոլսոյ եւ սփիւռքի գաղութներուն մէջ այս գայթակղեցուցիչ արարքին յառաջ բերած վրդովեցուցիչ մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ Խոսրով եպիսկոպոսի 3 ապրիլ եւ 30 յուլիս թուակիր մեղայագրերը, այլեւ 1 օգոստոսին յատուկ յանձնաժողովին անոր տուած բանաւոր բացատրութիւնը, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը կարգաթող եպիսկոպոսի նկատմամբ կը կիրառէ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կանոնները, յատկապէս Շահապիւանի ժողովի առաջին կանոնը՝ «Եթէ եպիսկոպոս ոք գտցի ի պղծութեան կամ ի պոռնկութեան, եւ զԱռաքելական զպատիւն եւ զսուրբ աթոռն անարգեաց, եւ վկայութեամբ ի յայտ եկեսցէ, յաթոռոյն եւ յիշխանութենէն մերժեսցի եւ զքահանայութիւնն մի պաշտեսցէ…», ու կը թելադրէ Վեհափառ Հայրապետին, որպէսզի կարգալոյծ հռչակէ Խոսրով եպիսկոպոսը։ Վազգէն Ա. կաթողիկոսն ալ ընթացք տալով Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի որոշումին օգոստոս 5-ին հայրապետական վճիռով կարգալոյծ կը հռչակէ Խոսրով եպիսկոպոսը՝ զինքը դասելով ի շարս աշխարհականաց, իր աւազանի անունով՝ Անդրանիկ Էմիրզէեան (Էմիրզէօղլու)65։
Էմիրզէեանի մտերիմ բարեկամ, Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ երախտաշատ ծառայողներէն Երուանդ Քէշիշօղլուի հետ ունեցած մեր զրոյցին այս հատուածը եւս կը հաստատէ ժամանակի մամուլէն քաղած մեր տեղեկութիւնները։ «Անդրանիկը օր մը մեր գործատեղին եկաւ։ «Ես զղջացած եմ ըրածէս», ըսաւ ինծի։ Վազգէն կաթողիկոսին նամակ մը գրեց այդ շրջանին։ Պատասխանը եկաւ եւ կաթողիկոսը զինք կը հրաւիրէր Էջմիածին։ Օդանաւով Էրզրում, հոնկէ ալ շոգեկառքով Երեւան գնաց, սակայն Վազգէն Վեհափառը կը բացակայէր։ Իրեն թելադրեցին միջոց մը մնալ հոն, քաշուիլ վանք մը զղջումի։ Անդրանիկ կոմունիզմի հանդէպ նախապաշարում ունէր եւ չուզեց հոն երկար մնալ։ Պոլիս վերադարձին, արդէն իր կախակայումի որոշումը հասաւ Էջմիածինէն»։
Անդրանիկ Էմիրզէեան կարգալոյծ հռչակուելէ ժամանակ մը վերջ, այս անգամ Շնորհք պատրիարքի ուղղեալ նամակ մը կը գրէ, 27 ապրիլ 1969 թուականին։ Էմիրզէեան կը խնդրէր պատրիարքէն, որ բարեխօսէ իրեն համար, որպէսզի ո՛չ թէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, այլ Երուսաղէմի կամ այլ վայրի մը մէջ բոլորէ ապաշխարանքի շրջանի՝ հետագային այնտեղ կամ հոգեւոր իշխանութեան նախատեսած այլ վայր մը ծառայելու հեռանկարով։
«Որպէսզի կարենամ փրկել կեանքս եւ հոգիս բարոյական խորտակումէն, անգամ մը եւս կը խնդրեմ Ձերդ Ամենապատուութենէն որ զիս չզրկէք հոգիէս աւելի սիրած եկեղեցիէս։ Ամենապատիւ Տէր, ամէն վայրկեան պատրաստ եմ գործած մեղքերուս համար ապաշխարելու», գրած էր ան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ուղղեալ յիշեալ նամակին մէջ։
Շնորհք պատրիարքը նպատակադրած էր զինքը ղրկել Եգիպտոս, ղպտի վանքի մը մէջ ապաշխարելու եւ ապա ծառայելու Գահիրէի Ազգային առաջնորդարանի մէջ։ Դժբախտաբար սակայն Եգիպտոսի ու Իսրայէլի միջեւ սկսած պատերազմը, Եգիպտոսի ներքաղաքական տակնուվրայութիւնը, նոյնիսկ Ղպտաց Կիւրեղ Զ. պատրիարքի ձերբակալութիւնը պատճառ եղան, որպէսզի այս ծրագիրը չիրականանայ66։
Այսպէս փակուեցաւ Խոսրով եպիսկոպոսի կենսագրութեան ողբերգական մէկ շրջանը՝ գայթակղութեան, անկման եւ զղջումի պատմութիւնը։ Եկեղեցական նուիրապետական աստիճաններէ մերկացած, բայց դեռ սրտին խորքը ճշմարիտ հաւատքին կապուած, ան պիտի շարունակէր իր կեանքը առանց փառքի, սակայն ներքին խաչով մը։ Գուցէ եւ այդ լռութեան ու հեռացման մէջ էր, որ ան սկսաւ հասկնալ այն, ինչ վաղուց քարոզած էր ուրիշներուն՝ թէ Աստուծոյ առաջ մարդը միայնակ է իր խղճին հետ։ Գայթակղութիւնը թէեւ կործանեց արտաքին պատիւները, սակայն դարձաւ հոգեւոր մաքրութեան վերջին դասը՝ այն պահը, ուր անկեալը կը սկսի իր ճամբան ո՛չ թէ վերադառնալու, այլ վերագտնելու համար։
ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ ՄԸ
Գայթակղութեան փոշին տակաւին չէր փարատած, երբ Անդրանիկ Էմիրզէեանի կեանքը սկսաւ դանդաղ կերպով վերաձեւուիլ։ Ինչ որ տարիներ շարունակ կազմած էր եկեղեցական կանոնի ու ծառայութեան շուրջ, այժմ կը պահանջէր ամբողջովին նոր իմաստաւորում։ Ոչ-պատուաբեր այս անկումը չէր ջնջած իր մարդկային արմատները՝ գիտելիքը, ճաշակը, նրբազգացութիւնը։ Աշխարհիկ կեանք վերամուտը դարձաւ փորձութիւն մը, բայց նաեւ վերածուեցաւ ինքզինքը ճանչնալու հանգրուանի մը։ Եւ սակայն, խղճի խորքին մէջ երբեք չէր մարած այն լոյսը, որ անցեալին քահանայական ու եպիսկոպոսական կրկնակ օծմամբ փոխանցուած էր իրեն․ այն լոյսն էր, որ վերջապէս պիտի մղէր զինք դէպի խաղաղ ու համեստ վերադարձ՝ ամուսնացեալ քահանայի ծառայութեան։
Նոր կեանք մը կը սկսէր Անդրանիկ Էմիրզէեանի համար։ Մանկութենէ ի վեր եկեղեցական ասպարէզի համար պատրաստուած, այդ ուղղութեամբ ուսում ստացած, եկեղեցական գետնի վրայ խմբագիրի, մանկավարժի, տեսուչի պաշտօններ ստանձնած, վարչական պատասխանատուութիւններ ստանձնած, ի մի բան եկեղեցական կեանքէ ներս ամենաբարձր աստիճաններու արժանացած անձ մը ի՞նչ կրնար ընել եկեղեցւոյ պատերէն դուրս։ Մանաւանդ որ իր պաշտօնէն հեռացած էր անարգ ձեւով մը, կորսնցուցած էր իր վարկը… Ջուրէն ելած ձուկ մըն էր ան, կարճ խօսքով. թերեւս ատկէ ա՛լ աւելի վատթար կացութեան մը մէջ էր։ Յայտնի է որ մեծ դժուարութիւններու հետ դէմ յանդիման պիտի մնար։
Քէշիշեանի վկայութեամբ, Էմիրզէեան կը սկսի մասնաւոր ընկերութենէ մը ներս աշխատիլ, Ղալաթիա։ Շրջան մը կ՚աշխատի նաեւ Քէշիշեանի ընկերութեան մէջ։ «Հաշիւները, դրամարկղը վստահած էինք իրեն։ Բաւական միջոց մը աշխատեցաւ մեր քով», կ՚ըսէ Քէշիշեան, որ իր նախկին եպիսկոպոս ընկերոջ հանդէպ ունեցած սէրն ու անցեալի մտերմութիւնը երբեք չէր կորսնցուցած եւ իր տան դռները եւս լայն բացած էր անոր առջեւ. «Մեր տուն կու գար, կը ճաշէինք, կը շաղակրատէինք»։ Էմիրզէեան երջանկութիւն չի գտներ, դժբախտաբար, իր անձնական կեանքին մէջ։ Մեծ գայթակղութեան պատճառ դարձած սիրարկածէն ետք ան կ՚ամուսնանայ Սոնիա անուն տիկնոջ մը հետ, որ կը մահանայ երիտասարդ տարիքին։ Աւելի ետք կ՚ամուսնանայ տիկին Սիւզանի հետ։
Անդրանիկ Էմիրզէեան, ինչպէս Շնորհք պատրիարքի ուղղեալ նամակին մէջ ալ գրած էր, հոգիէն աւելի կը սիրէր իր եկեղեցին, որու ծառայութեան մէջ անցած էր կեանքը։ Կարգալոյծ հռչակուիլը արգելք չէր, որպէսզի ան չշարունակէ իր ծառայութիւնը։ Ան կը սկսի որպէս դպիր, լուսարար ու երաժիշտ ծառայել Թոփգաբուի աղքատիկ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ։ Տարեկան անուան տօնախմբութեան կամ տօնական այլ օրերու առթիւ հիւրաբար եկեղեցի այցելող հոգեւորականները, տեղւոյն դպրաց դասու, երգչախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ համայնքային գործիչները, մամլոյ սպասաւորները կամ պարզ հաւատացեալները, շատ լաւ գիտնալով լռիկ-մնջիկ այդ անձին անցեալը, խորապէս կը յուզուէին, կը տխրէին եւ վստահաբար նաեւ կը գնահատէին Էմիրզէեանի օրինակելի ծառայասիրութիւնը։
Նախկին հոգեւորականի վրայ առաջին ուշադրութիւն հրաւիրողը կ՚ըլլայ «Մարմարա» օրաթերթը, որ 1982-ին, այսինքն աղմկայարոյց գայթակցութենէ մօտ 15 տարի ետք, կը հրատարակէ անստորագիր ակնարկ մը՝ «Հոգեւոր իշխանութեան նկատառման» խորագրով։ Յղուելով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր մէկ ելոյթին, ուր կ՚ըսէր, թէ դպրոցը շէնք չէ, այլ ուսուցիչ, «Մարմարա» զուգահեռ կը ստեղծէր եկեղեցիի հետ՝ գրելով, թէ ուրեմն եկեղեցի ալ կը նշանակէ քահանայ, հոգեւորական։ «Յայտնի է որ մեր եկեղեցիները արդէն իսկ սկսած են տառապիլ հոգեւորականի, դպիրի, դպրապետի կամ երաժշտապետի սակաւութենէ։ Հոգեւորականներու կամ հոգեւոր ծառայութեան նուիրուողներու թիւը պիտի չբազմանայ, ընդհակառակը օրէ օր կը նուազի…»։ Ապագայի այս մութ հեռանկարի խորապատկերին, թերթը կ՚առաջարկէր հոգեւորականաց դասէ ներս վերստին ընդունիլ Էմիրզէեան նախկին եպիսկոպոսը, որ ըստ վստահելի տեղեկութիւններու, պատրաստ էր անսակարկ ոգիով եւ անշահախնդիր նուիրումով վերադառնալու իր եկեղեցին։ «Հոգեւոր Վերին Իշխանութիւնները պէտք չէ այլեւս վարանին նպաստաւոր ընթացք տալու այս պատրաստակամութեան, որմէ վստահ ենք, թէ մեր եկեղեցիին ապագան ոչինչ պիտի կորսնցնէ, ընդհակառակը շատ բան պիտի շահի»67։
Միջոց մը ետք «Մարմարա»ի կը ձայնակցի «Քուլիս» հանդէսը։ Իսթանպուլահայ եկեղեցական դասու կացութեան մասին խօսելու առթիւ, Լուցիքա Տուտու կը խօսի նաեւ կարգալոյծ հռչակուած Խոսրով Էմիրզէեանի մասին՝ ըսելով թէ ան շատ արժէքաւոր ու սիրուած հոգեւորական մըն էր, սակայն դարձաւ զոհը իր երիտասարդական թերութիւններուն ու «վեղարին չի վայլելիք պաներ մը ըրաւ»։ Բայց ժամանակի ընթացքին հասկցաւ ան, որ սխալ էր ըրածը եւ սկսաւ դարձեալ ծառայել եկեղեցւոյ։ «Ցոյց տուր մեծութիւնդ ու ներէ մեր նախկին եպիսկոպոսը որպէսզի հայ եկեղեցին արժէքաւոր կղերական մըն ալ շահի շնորհիւդ»։ Տուտու իր խօսքերը կը վերջացնէ գրելով, որ «պիւթիւն ընթերցողներուս կողմէ կու գամ կոր քու բարձրութենէդ խնդրել որպէսզի բարի ըլլաս ներել զայն ու իսթանպուլահայերուս ու Իսթանպուլի որբ մնացած եկեղեցիներուս շահեցնես իսկապէս եկեղեցասէր ու արժէքաւոր կղերական մը»68։ Լուցիքա Տուտու, որ 15 տարի առաջ «Շատ ապրիս Վեհափառ» խորագրով Հայոց Հայրապետի՝ Էմիրզէեանի հասցէին արձակած կարգալուծութեան որոշումը կ՚ողջունէր69, այժմ իր «էրկու ծառքերէ»ն համբուրելով ներում կը հայցէր անոր համար70։
Հոկտեմբեր 1988-ին անակնկալօրէն կը վախճանի Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Տաթեւ քհնյ. Քէչէճեան։ Տեղւոյն թաղային խորհուրդը 24 հոկտեմբեր 1988 թուակիր նամակով մը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօրմէ կը խնդրէ, որ Անդրանիկ Էմիրզէեան որպէս մնայուն քահանայ պաշտօնի կոչուի Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ մէջ։ Կրօնական ժողովի կողմէ տրուած դրական որոշումը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անմիջապէս կը հեռագրէ Մայր Աթոռ։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ ընդունելով հանդերձ այս հեռագիրը, նախքան վերջնական որոշումի մը յանգիլը կ՚ուզէ հարցը քննարկումի յանձնել Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի մարտ 1989-ի լիագումար նիստի ընթացքին՝ յուսալով «բարւոք լուծում ունենալ»։
Ճիշդ այդ օրերուն, 7 դեկտեմբեր 1988-ին կը պատահի Սպիտակի աղէտաբեր երկրաշարժը եւ բնականաբար Էմիրզէեանի հարցն ալ կը մնայ առկախուած։ Շնորհք պատրիարքը 5 յուլիս 1989 թուակիր յուշարար նամակ մը կը յղէ Մայր Աթոռ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այդ օրերուն ուրար կրելու արտօնութիւն կը շնորհէ Անդրանիկ Էմիրզէեանին71։ Ի վերջոյ Պոլիս կը հասնի Վեհափառ Հայրապետի 17 հոկտեմբեր 1989 թուակիր նամակը։ Վեհափառ Հայրապետը, նկատի ունենալով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կրկնակի դիմումները՝ յանուն Կրօնական ժողովի ու Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի, եւ վերջին քսան տարիները համարելով ապաշխարութեան շրջան, կ՚ընդունէր Շնորհք պատրիարքի ու հաւատացեալներու աղերսը եւ կ՚արտօնէր, որ Խոսրով Էմիրզէեան վերականգնուի իր ծառայութեան մէջ, որպէս ամուսնացեալ քահանայ։
Վեհափառ Հայրապետի այս նամակը ստանալէն ետք, Կրօնական ժողովը զղջմնագիր-հաւատարմագիր մը եւս կը պահանջէ ենթակայէն, որ գոհացում կու տայ 4 դեկտեմբեր 1989 թուակիր նամակով մը՝ ի մէջ այլոց գրելով հետեւեալը. «Վեհափառ Հայրապետի այս իսկապէս ներողամիտ եւ հայրական որոշումը, ինծի նուաստիս համար շնորհներու մեծագոյնն է։ Ուստի, որպէս շնորհընկալ, պարտիմ խոնարհաբար յայտնել եւ վստահեցնել Ձերդ Ամենապատուութիւնը, թէ անկեղծօրէն զղջացած եմ քսան տարիներ առաջ գործած մեղքիս եւ անոր հետեւանքը եղող կարգաթողութեան տխուր դէպքին համար»։
Էմիրզէեանի պարագան վերջին անգամ կը քննարկուի Կրօնական ժողովի 8 դեկտեմբեր 1989-ի նիստին եւ միաձայնութեամբ կ՚որոշուի զինքը ընդունիլ որպէս ամուսնացեալ քահանայ, իր կրօնական նախկին անունով՝ Խոսրով քհնյ. Էմիրզէեան։ Ան ծառայութեան կը կոչուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մատրան մէջ72։
Այսպէսով Տ. Խոսրով Քհնյ. Էմիրզէեանի համար կը սկսի նոր շրջան մը։ Ան հոգեւոր կարգին վրայ վերահաստատուելէ ետք իր անդրանիկ Ս. Պատարագը կը մատուցէ Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ մէջ, 17 դեկտեմբեր 1989-ին. Սուրբ Փրկիչ մատրան մէջ ալ կը պատարագէ 21 դեկտեմբեր, հինգշաբթի։
5 սեպտեմբեր 1990-ին կայացած պատրիարքական ընտրութեան արդիւնքին 57 քուէ ստանալով կ՚ընտրուի Կրօնական ժողովի անդամ (83-րդ պատրիարք ընտրուած էր Տ. Գարեգին Արք. Գազանճեան)73։
2 մայիս 1991-ին, հինգշաբթի, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Գարեգին Բ. Պատրիարքի նախագահութեամբ կայացած եկեղեցական արարողութեան ընթացքին, ի ժամ Ս. Պատարագի, կը ստանայ աւագութեան պատիւ, Տ. Շահէ քհնյ. Ալթունեանի եւ Տ. Թադէոս քհնյ. Տէրողորմեաճեանի հետ։ Այս առթիւ կը քարոզէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ «Օծումն զոր ընկալաք ի նմանէ, բնակեսցի ի ձեզ» բնաբանով, եւ երեք քահանայ հայրերուն օրհնութեան յատուկ գրով կը շնորհէ ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութիւն՝ անոնց նուիրելով մէկական լանջախաչ։
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին սարքուած սիրոյ սեղանի ժամանակ տամուկ աչքերով, յուզումնախառն ելոյթ կ՚ունենայ նաեւ Տ. Խոսրով Աւ. Քհնյ. Էմիրզէեան, որ կը խօսի իր կեանքի վերիվայրումներու մասին եւ կը յայտնէ, թէ մեծ մայրը եկեղեցիի մը մէկ խորշը պահած էր իր կտրուած պորտը։ Լրագրողը իր նկարագրական ակնարկին մէջ կը յիշեցնէ տէր հօր անցած դժուարին ուղին, միաժամանակ նշելով, թէ ան կը հանդիսանայ եկեղեցական դասու ամենէն արժէքաւոր հոգեւորականներէն մէկը եւ շեշտելով անոր եկեղեցասէր, հաւատացեալ եւ խոնարհ հոգեւորականի, ինչպէս նաեւ լաւ քարոզիչի ու առինքնող հռետորի բարեմասնութիւնները74։
Ամուսնացեալ քահանայութեան իր կարճատեւ շրջանը կարծես ճակատագրի լուռ փորձութիւնն էր։ Վերադարձաւ խորան, սակայն ոչ երկար ժամանակով․ մարմինը, որ տարիներ շարունակ հոգեւոր պարտաւորութիւններու ծանրութիւնը տարեր էր, այժմ այլեւս չէր դիմանար։ Հիւանդութիւնը իր ուժերը կը խլէր օրէ օր, մինչեւ որ ծառայութիւնը դարձաւ աւելի աղօթքի, քան գործունէութեան ձեւ։ Կեանքը կարծես կը կրկնէր իր նախորդ պատկերները՝ ցաւը եւ նուիրումը միասին։ Տ. Խոսրով Աւ. Քհնյ. Էմիրզէեանի մէջ դժբախտութիւնը երբեք չբաժնուեցաւ կոչումէն․ ան քահանայացաւ, բայց զայն չկրցաւ վայելել ամբողջապէս։ Սակայն նոյն այդ կիսատ ծառայութիւնը դարձաւ անոր հաւատարմութեան վերջին նշանը՝ լուռ, խոնարհ եւ մարդկային։
Տ. Խոսրով Աւ. Քհնյ. Էմիրզէեան յետ երկարատեւ հիւանդութեան վախճանեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ, 31 հոկտեմբեր 1993-ին։ Մահուան գոյժը պաշտօնապէս համայնքին փոխանցուեցաւ Պոլսոյ պատրիարքութեան կողմէ. «Հանգիստ Արժ. Տ. Խոսրով Աւ. Քհնյ. Էմիրզէեանի, աւագերիցուն Պաքըրգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ անդամուն Պատկ. Կրօնական ժողովոյ։ Տասնեւհնգամեայ ժամանակաւ վաստակեալ ի սպասաւորութիւն Սրբոյ Եկեղեցւոյս Հայաստանեայց, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, փոխեցաւ առ Աստուած ի յոյսն կենացն յաւիտենից»։ Կը ծանուցուէր նաեւ վերջին օծման ու յուղարկաւորութեան վայրն ու թուականը։
Ընտանեկան մահազդին կից լոյս կը տեսնեն տէր հօր ծառայութիւն մատուցած հաստատութեանց՝ Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ եւ յարակից մարմիններու, ինչպէս նաեւ Ս. Խաչ դպրեվանքի, որու «արժանաւոր տնօրէն»ը եղած էր հանգուցեալը եւ Ս.Փ. Ազգային հիւանդանոցի (որու մատրան նախկին հոգեւոր հովիւն էր ան) ցաւակցագրերը։
Վախճանեալ տէր հօր վերջին օծման ու յուղարկաւորութեան կարգը կը կատարուի 4 նոյեմբեր 1993-ին, հինգշաբթի, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ վախճանեալի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան օծակցի՝ պատրիարքական փոխանորդ Տ. Շահան Արք. Սվաճեանի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օդակայան երթալու ճամբուն վրայ պահ մը կը հանդիպի եկեղեցի ու կ՚աղօթէ հանգուցեալի դագաղին մօտ։ Օրուան Ս. Պատարագը կը մատուցէ Տ. Շահէ Աւ. Քհնյ. Ալթունեան։ Երգեցողութիւնք կը կատարուին տեղւոյն Քառասուն Մանկանց դպրաց դասուն կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Լեւոն Քարատաղի։
Տ. Շահան Արք. Սվաճեան, որ կը կատարէ վերջին օծումը, կը խօսի պերճաշուք քարոզ մը՝ բնաբան ունենալով «Եւ Աստուած ամենայն շնորհաց որ կոչեաց զձեզ իւր յաւիտենական ի փառսն Քրիստոսիւ Յիսուսիւ, որում փոքր մի եղերուք չարչարակիցք, նա կազդուրեցուսցէ, կարողացուսցէ հաստատահիմն արասցէ ձեզ» (Ա. Պետրոս, Ե։10)։ Քարոզիչ սրբազան հայրը կ՚ըսէ, թէ վախճանեալ քահանայ հայրը եղած է խոնարհ, համեստ եւ հեզահամբոյր բնաւորութեան տէր հոգեւորական մը եւ թէեւ բազում չարչարանքներ կրած է ան իր կեանքի տեւողութեան, բայց եւ այնպէս միշտ փարած է եկեղեցիին, իր ամենէն նկուն դիրքին մէջ անգամ չէ կորսնցուցած իր բուռն սէրը եկեղեցիի հանդէպ75։
Տ. Խոսրով Աւ. Քհնյ. Էմիրզէեանի կենսագրութիւնը դուրս կը մնայ զուտ անհատական վէպի սահմաններէն։ Ան կը դառնայ օրինակ մը՝ բացատրելու համար հոգեւոր ծառայութեան եւ մարդկային սահմանափակումներու բախումը Հայ Եկեղեցւոյ նորագոյն պատմութեան մէջ։ Էմիրզէեանի դէպքը կը բացայայտէ այն պատմական եւ հոգեբանական բարդ ցանցը, որու մէջ կ՚ընթանային հոգեւոր կոչումի փորձառութիւնը, համայնքային ակնկալիքները եւ հաստատութենական վերահսկողութիւնը։ Իր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ ինչպէս կրնայ անհատ մը՝ հասած եկեղեցական բարձրագոյն աստիճաններու, դառնալ բարոյական եւ կազմակերպական ճգնաժամի առիթ, եւ միաժամանակ օրինակ մը՝ ներողամտութեան, ապաշխարանքի ու վերադարձի հարցերու շուրջ նոր մտածման։ Այս առումով Էմիրզէեանի կեանքը արժէքաւոր օրինակ մըն է ո՛չ միայն եկեղեցական պատմագրութեան, այլ նաեւ ժամանակակից հայ հոգեւորութեան ընկերային եւ մարդաբանական ուսումնասիրութիւններու համար։
ԴՈԿՏ. ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
- վերջ -
53 «Ժամանակ», 20 փետր. 1968։
54 «Ժամանակ», 21 փետր. 1968։
55 «Ժամանակ», 25 փետր. 1968։
56 «Ժամանակ», 16 մարտ 1968։
57 «Ժամանակ», 29 փետր. 1968։
58 Երբ միջոց մը վերջ կ՚աւարտի եպիսկոպոսական այս սիրարկածը, «Պայքար» թերթի մէջ քննադատական տողեր գրի կ՚առնուին այս կիներու դէմ՝ «Մեր սօսիէթի երեքները» խորագրով, Սեբաստացի ստորագրութեամբ (կարելի չեղաւ ճշդել ծածկանուան հեղինակը), տե՛ս «Պայքար», 25 ապրիլ 1968։
59 «Ժամանակ», 1 մարտ 1968։
60 «Ժամանակ», 18 ապրիլ 1968։
61 «Պայքար», 25 ապրիլ 1968։
62 «Նոր Մարմարա», 13 դեկտ. 1989։
63 «Ժամանակ», 18 ապրիլ 1968։
64 «Ժամանակ», 8 օգոստոս 1968։
65 «Էջմիածին», օգոստոս-սեպտեմբեր 1968, էջ 83-84։ Վեհափառ Հայրապետի վճռին կ՚անդրադառնայ նաեւ Լուցիքա Տուտու, «Շատ ապրիս Վեհափառ» խորագրեալ ակնարկով («Քուլիս», 15 օգոստոս 1968, էջ 28-29)
66 «Նոր Մարմարա», 13 դեկտ. 1989։
67 «Նոր Մարմարա», 30 դեկտ. 1982։
68 «Բաց նամակ Վեհափառ Հայրապետիս», «Քուլիս», 15 յունուար 1983, էջ 25-26։
69 «Քուլիս», 15 օգոստոս 1968, էջ 28-29։
70 «Քուլիս», 15 յունուար 1983, էջ 25-26։
71 «Ժամանակ», 3 յուլիս 1989։
72 «Նոր Մարմարա», 13 դեկտեմբեր 1989։
73 «Նոր Մարմարա», 6 սեպտեմբեր 1990։
74 «Նոր Մարմարա», 3 մայիս 1991։
75 «Նոր Մարմարա», 5 նոյեմբեր 1993։