Ո՞Վ, ԵԹԷ ՈՉ՝ ԴՈՒՆ

«Աստուածածին» է։ 

Մայրերու, հայրերու օր, Վարդանանց, Թարգմանչաց կը տօնենք, բայց այս օրը՝ «Աստուածածին» է, կ՚ըսենք։ Գիրքերուն ու օրացոյցներուն մէջ ի՛նչ կ՚ուզէ թող գրուի. ամէնուն, ամէնուս համար՝ «Աստուածածին» է։

Տխուր իրողութիւն է, որ տօներու մասին խօսած (գրած) ատեն, այլեւս ետ կ՚երթանք, անցած բաներու մասին անցեալով կը գրենք… 

Թերեւս տօնի մը մասին գրելիք վերջին մարդն եմ ես։ Ի՛նչ ըսեմ, երկար-բարակ սեղաններու, «ուրախութիւններու», «մարդ մարդով է» խորագրեալ՝ խճողուած հաւաքոյթներու մարդ չեմ։ Ուր երթամ՝ առանձնութիւնս հետս կը տանիմ, բազմութեան մէջ ալ մինա՛կ կը նստիմ։

Երախտապարտ կը մնամ մօրս, որ մանկութեանս զիս քաշքշելով իր հետ տարած է ասատ միջոցառումներուն, տօներուն ու ձեռնարկներուն, որոնց յուշերը այսօր ո՛չ միայն ինծի, այլ՝ ամբողջ սերունդի մը համար անգին կը համարուին։ 

Մէջս մնացած «Աստուածածինը», բնականաբար, Հալէպի, հի՜ն Հալէպի մարդաշատ «Աստուածածինն» է։ Օգոստոս ամսուան սկիզբէն գաղութին համարեա՛ բոլոր տուներուն մէջ այս կամ այդ միութեան հետ բանակումի ելած զաւակ եւ յաճախ՝ զաւակներ կ՚ըլլային։ Ո՞ւր։ Քեսապ։

Ուրիշ էր կեանքը այն ատեն. իրենց զաւակները Քեսապ ղրկած ծնողներուն համար դժուար չէր ըլլար անոնց ետեւէն հո՛ն երթալ։ Չքնաղ այս գիւղաքաղաքը օգոստոս ամսուն փոքրիկ Հալէպ մը կ՚ըլլար եւ այս օրերուն կը համընկնէր «Աստուածածինը»։ Հալէպ թէ՛ Քեսապ, ինչպէս բոլոր գաղութները՝ խաղողներու սնտուկնե՜ր կու գային, տոպրակներու մէջ կը տեղաւորուէին. մեծ, պզտիկ, կին, տղամարդ նշանակութիւն չունէր, քանի ժամ տեւէր՝ սիրայօժար հոն հաւաքուածներուն ձեռքերուն մէջ դարձող խաղող ու տոպրակներուն չափ ուրախութիւն էր անոնց լեզուներուն վրայ չվերջացող նիւթերը… 

Այսօր, ի՞նչ կայ այս բոլորէն։ 

Քեսապը կայ՝ հրդեհներու մէջ է։ Բոլորիս սիրտը հայաշունչ այդ հողին հետ կ՚այրի, բայց ինչ խօսք, որ ջուրով մարելիք հրդեհներէն առաջ ու վերջ արդէն ա՛յլ, բոլորովին այլ կրակներու մէջտեղն է աքլորի ձայնով, զուլալ ջուր ու կանաչով յիշուող երբեմնի մեր Քեսապը։ 

Հալէպն ալ կա՛յ, գրեցի, բայց գիտեմ, որ գրածս սխալ է, քանի որ քաղաքի մը ըլլալը, անոր շէնքերուն կայուն եւ անոնց մէջ ապրող մարդ ըլլալը չի նշանակեր։ Հեռու եմ, մէջինս պատկերացնելով կը գրեմ, ու ա՛յսքան կը ցաւիմ, հապա հոն ապրողը ի՞նչ պէտք է զգայ, մտքին մէջ հինը՝ իր անվերադարձ գեղեցկութեամբ, աչքին առջեւ «նորը»՝ իր անյայտութեամբ սարսափելի։ 

Անցան տարիներ։

Կեանք մը անցաւ։ 

Հալէպի, Քեսապի «Աստուածածինները» մտքիս մէջ՝ այսօր Գահիրէի «Աստուածածինը» կը վայելեմ։ Ի տարբերութիւն հայկական երեւի բոլոր գաղութներուն, Գահիրէի մէջ խաղողը ո՛չ թէ Աստուածածնայ Վերափոխման, այլ՝ Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին կ՚օրհնուի։

Տարբեր է Եգիպտոսի կլիման։ Ամրան բարձր ջերմութենէն իրենց բաժինը կ՚առնեն նաեւ ցանքն ու պտուղները։ Մեր պարագային, խաղողը շուտ հասնելով չի՛ մնար մինչեւ օգոստոսի կէսերը։ Ուրեմն, օրհնուելու եւ մարդոց բաժնուելու արարողութիւնը Վարդավառին կը կցուի։ Ի՛նչ վնաս ունի։ Նպատակը ծէսը ապրեցնել, գործադրել ու յաջորդին փոխանցելը չէ՞։

«Աստուածածին» է։

Աստուածածի՛նն է։

Հալէպի, Քեսապի, Գահիրէի մէջ եւ ամէնուր փառաբանուողը՝ Աստուածածին Մարիամն է, որուն անո՛ւնը միայն բաւարար է մագնիսի մը պէս բոլոր մարդկանց քաշելու։

Վերափոխման իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն իր խորհուրդն ու նշանակութիւնը ունի անկասկած, բայց բաւարար չէ՞, օրինակ, որ Գաբրիէլ հրեշտակի աւետումէն ետք, Մարիամը ուրախութեամբ շրջեցաւ, որ բոլորի՜ն փոխանցէ այս աւետիսը։ 

Վերափոխմա՞ն, թէ՞ իր զաւակը վերագտնելիք մօր մը աւետիսն էր Անոր փոխանցածը։ 

Տաղաւար, խորհուրդ, տօն, ծէս, ի՛նչ որ ըլլայ, մեր սրտերուն մէջ ա՛յլ տեղ մը բազմած կը մնայ իր զաւակին չարչարանքները տեսած, անոր ցաւ ու արցունքին դիմացած ու զԱյն թաղած Աստուածամայրը։ Այս բոլորը ապրած սի՛րտ մը պէտք է ըլլայ մե՛ր, բոլորի՛ս կարելի եւ անկարելի բոլո՜ր աղերսները գրկող մայրը։ 

Այսօր աւելի չար է մեր աշխարհը, գիտեմ։ Վշտացած է մեր Տիրամայրը, կը զգամ։

Այսքան արիւն, ագահութիւն, սպանութիւն, շուկայ, մեռնողին անունը կրող ճերմակ տոպրակներու դիմաց՝ քարտէսներ, հողեր, սով, պարապ ամաններով շարքի կեցած մարդիկ, խոցուած ինքնասիրութիւն, անարժանապատիւ կեանք, տխուր սրտաճմլիկ երաժշտութիւն, էֆէքթներ, վիուներ, շուկայ, աւեր, զրպարտութիւն, հիւսուած հեքիաթներ, մե՜ծ պետութիւններ, միլիոններ, նորէն շուկայ, զէնք, գետնին տակը տեսնելու չափ զարգացած սարքեր, աչազուրկ ղեկավարներ, մարդ արարածի գիտութեամբ պատրաստուած հիւանդութիւններ, մե՜ծ շուկայ, մարդու մարմին կտրտողներ, աժան, շատ աժան գինով անգին բաներ ծախողներ, ծախուողներ, օրօրուելու փոխարէն մեռնող մանուկներ, խօսողներ, չընողներ, բանտարկողներ, լռողներ, համակերպողներ, կարծիք չունեցողներ, դիտողներ, օրըստօրէ ծափահարուող շուայտութիւն, չլռողներ, վիզ չծռողներ, հրաժեշտի նամակ գրողներ, կարդացողներ, աս բոլորին մէջտեղը կորսուածներ, յուսահատներ, Քեզի դիմողներ… 

Ոչինչ է գրուածը եղածին համեմատութեամբ. 

Այս բոլորը, բոլորս պարունակելու, ընդունելու տեղ ունի՞ս։ 

Կասկած կրնայ թուիլ պարոյկը, բայց այդպէս չէ՛։ Մեր չարութենէն փոքրացողներուս հիացմունքն է Քու սրտով՝ ամենամեծ, ամենախորունկ, ամենաբարի… 

Աստուածածին Տիրամայր, 
Վերափոխման տօնդ է, բայց 
մե՛ր ալ տօնն է՝ փարուելու։
Որո՞ւն, եթէ ոչ՝ Քեզի։ 
Չցաւողը չի՛ կրնար ցաւողի մը օգնել։ 
Ո՞ւր մնաց՝ փրկել։ 
Ո՞վ, եթէ ոչ՝ Դուն։

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Շաբաթ, Օգոստոս 16, 2025