ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

Հալէպի ծայրամասային՝ Շէյխ Մագսուտ եւ Էշրէֆիէ թաղամասերուն մէջ բախումները վերջերս նոր թափ առին՝ սպանութիւններով եւ վիրաւորներով։ Այդ կողմերու պայքարը կը յուշէ տեղական «ինքնիշխանութիւն» հաստատած քրտական ուժերու եւ Դամասկոսի միջեւ ձգձգուած առճակատումները։ Հակամարտութիւնը Հալէպի հիւսիսին պահ մը վերածուեցաւ լայնածաւալ քաղաքական եւ ռազմական ճգնաժամի։ Կրակի դադրեցման հիմքերը այս անգամ միայն տեղական չէին՝ խարսխուած ըլլալով միջազգային միջամտութեան, արտաքին ճնշումներու եւ խորացող տարածաշրջանային շահերուն վրայ։ Քանի մը ժամ տեւած բախումները մեծ սարսափ ստեղծեցին ամբողջ Հալէպի մէջ եւ այդ ահ ու սարսափին հաւանական պատճառն էր, որ մարդիկ մեծ հաշուով մոռցած էին, թէ օր մը օրանց դարձեալ կիսապատերազմական դրութիւն մը երեւելի պիտի ըլլար Հալէպի մէջ։

Ինչ կը վերաբերի այդ բախումները իրենց սաղմին մէջ զսպելու հաւաքական որոշումին, ապա սա կը վերագրուի յատկապէս երկրի իշխանութիւններուն, հետեւաբար նաեւ Սուրիոյ օրինական բանակին։ Այդ զսպումի քայլով էր, անշուշտ, որ Դամասկոսի կառավարութիւնը ի ցոյց կու տար իր քաղաքացիներուն եւ միջազգային հանրութեան, թէ պատրաստ է ամէն գնով նստելու բանակցութեան սեղան։ Այս միտումը, միաժամանակ, կը բխէր երկու կարեւոր մտահոգութենէ՝ ռազմական բեռի թեթեւացում եւ քաղաքական վերահսկողութեան վերականգնում։

Միւս կողմէ, պէտք չէ անտեսել, որ կրակը դադրեցնելու ուղղութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջամտութիւնը ունեցաւ որոշիչ եւ կարեւոր դեր մը։ Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Թոմ Պարաքի եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու առաջնորդ Մազլում Ապտիի Դամասկոսի հանդիպումները, ապա ամերիկացի ներկայացուցիչներու Դամասկոս այցելութիւնը եւ շփումները Սուրիոյ ղեկավարութեան հետ ցոյց տուին, որ ԱՄՆ այս անգամ նպատակ ունի անմիջական գործակից դառնալու՝ բռնութիւնը զսպելու եւ երկխօսութիւնը պահպանելու նպատակով։ Այդ միջամտութիւնը որքան ալ ներկայացուի՝ իբրեւ պաշտպանական քայլ, իրականութեան մէջ, կը ծառայէ նաեւ ամերիկեան ազդեցութեան վերաստեղծման՝ տարածաշրջանային երկարաժամկէտ ծրագրերու մէջ։

Ինչ կը վերաբերի Ռուսաստանի դերակատարութեան, ապա այդ մասին կարելի է դիտարկել մեծցող ու թարմ ճիգ մը, որուն մէջ, սակայն, վճռականութեան տարրերը աւելի քիչ են։ Ռուսաստան, ի վերջոյ, ինքզինք կը համարէ Սուրիոյ մէջ բաւական վիրաւորուած եւ այդ պատճառով ալ յայտնուած է բարդ դրութեան մը մէջ։ Իսկ Դամասկոս կը շարունակէ մեծ յոյսեր դնել Մոսկուայի ռազմական աջակցութեան վրայ՝ բանակի վերակազմաւորման եւ սպառազինութեան առումով։ 

Ի դէպ, ներքին քաղաքական հաւասարակշռութիւնը պահելու համար չի բաւեր ռուսական աջակցութիւնը, որ պէտք է հիմնուի տեղական համաձայնութիւններու եւ համայնքային երաշխիքներու վրայ։ Մոսկուա կը փափաքի Դամասկոսի վրայ պահել իր մասնակի ազդեցութիւնը, սակայն, անոր լուծումները ունին զինուորական բնոյթ՝ քան քաղաքական։

Միւս կողմէ, Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու եւ Դամասկոսի միջեւ առկայ մարտի 10-ի համաձայնագիրը մինչեւ օրս ամբողջութեամբ չէ կիրարկուած։ Այդ փաստը ուղղակի կը խոչընդոտէ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծումը։ Քրտական կողմը կը պահանջէ ո՛չ միայն զինուորական կարգաւորման երաշխիքներ, այլեւ՝ վարչատարածքային ինքնավարութեան եւ քաղաքական մասնակցութեան իրաւունքներ։ Դամասկոսի համար, սակայն, քրտական ինքնավարութեան ընդունումը կը հակասէ իր ընդունած եւ որդեգրած պետական վարչաձեւին։

Նախագահ Ահմէտ Շարայի համար մեծագոյն հարցերէն մէկն է քիւրտերու ունեցած զէնքի եւ «տեղական ինքնավարութեան» խնդիրը, որ գոյութիւն ունի ո՛չ միայն Հալէպի մերձակայ շրջաններուն մէջ, այլեւ կը տարածուի մինչեւ հիւսիսային սահմանային գօտիները։ Մի քանի ձախող փորձերէ ետք, Շարա կը փորձէ նոր իրավիճակ ստեղծել Տէր Զօրի, Այն Արապի եւ Գամիշլիի նման գօտիներու մէջ։ Սակայն, մինչեւ հիմա Սուրիոյ բանակը, հակառակ որոշ բարեփոխումներու՝ չունի բաւարար ներուժ այդ գօտիներէն ներս հաստատելու համար իր ամբողջական տիրապետութիւնը։ Այս բոլորը հաշուի առնելով՝ հարկ է նշել, որ Հալէպի հիւսիսային շրջանները յստակօրէն ցոյց տուին, որ Սուրիոյ պատերազմը արդէն դուրս եկած է դասական ռազմական շրջանակներէ եւ տեղափոխուած է նոր քաղաքական դաշտ՝ բազմաշերտ ներգործութիւններով։ Տեղական, տարածաշրջանային եւ միջազգային շահերու խաչմերուկին վրայ այս փոքր հրադադարը դարձաւ կենսական փորձ մը, որ պիտի չափէ եւ սահմանագծէ Դամասկոսի իշխանութեան ճկունութիւնը, քրտական կառոյցներու պատասխանատուութիւնը եւ, անշուշտ, արտաքին ուժերու ազդեցութեան սահմանները։

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի յայտարարութեամբ հնչած Թուրքիոյ տեսակէտը նոր զարգացումներու դուռ բացաւ։ Ան Սուրիոյ իր պաշտօնակցին՝ Էսատ Շէյպանիի հետ Անգարայի մէջ սարքած ասուլիսին տուաւ յստակ պատգամներ։ 

Հալէպի մէջ այս անգամուան կրակի դադրեցումը կարելի է դիտել՝ իբրեւ բազմաշերտ քաղաքական զարգացում մը, ուր միահիւսուած են ամերիկեան, ռուսական եւ թրքական շահերը։ Թէեւ հրադադարը ինքնին ժամանակաւոր կայունութիւն մը ապահովեց, սակայն, խաղաղութեան իրական հորիզոնը տակաւին մշուշոտ է։ Դիւանագիտական միջամտութիւնները եւ արտաքին ճնշումները կրնան կանխել բռնութեան կրկնութիւնը, բայց, չեն կրնար փոխարինել ներքին համաձայնութիւնը։

Հուսկ, եթէ Սուրիոյ իշխանութիւնը չկարողանայ ստեղծել ներքին երկխօսութեան նոր ձեւաչափ մը, ապա այսօր մարած կրակը վաղը կրնայ կրկին բռնկիլ։ Ի վերջոյ, խաղաղութիւնը պէտք է կառուցուի ո՛չ միայն զէնքով, այլեւ՝ վստահութեամբ։ 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2025