ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ԽՕՍԻՆՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ
Անշուշտ, վերջնական նպատակը խօսքի ծառայութեան այն է, որ երիտասարդներուն համոզումները առօրեայ վարուելակերպերու վերածուին, կեանքի բոլոր ոլորտներուն եւ պարագաներուն մէջ, այդ պատճառով պէտք է մեր նիւթերն ու անհատական նիստերը երիտասարդներուն հետ աւարտին որոշակի գործնական կիրառութիւններով, այդ ալ երկխօսութեան ընդմէջէն եւ ո՛չ թէ քարոզչութեան, առաջնորդութեան եւ կիրառման ընդմէջէն: Երեք բառեր կան, որ պէտք է զանազանենք իրարմէ.
ա. Մտաւոր պարտադրանք. այսինքն՝ պարտադրել կարծիքն ու տեսլականը, նոյնիսկ եթէ ճիշդ ըլլայ…, իրողութիւն մը, որ անընդունելի է թէ՛ մարդկայնօրէն եւ թէ երիտասարդականօրէն:
բ. Մտաւոր համոզում. ըսել ուզուածը այն է, փորձել համոզել երիտասարդները անով՝ ինչ որ մեր միտքերուն մէջ կայ, նոյնիսկ եթէ առողջ է, եւ այս ալ անընդունելի է:
գ. Անձնական համոզմունք. այսինքն, ծառայութիւն ընդունողը հասնի անձնական համոզմունքի տուեալ հարցի մը մասին, անշուշտ երկխօսութեան, սիրոյ եւ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ:
Երրորդ ձեւը ամենէն օգտակարն ու գործնականն է, առաջինը մերժելի է, իսկ երրորդը՝ պակասաւոր:
* Այդ պատճառով եթէ ծառայողը նիւթի աւարտին հարցնէ երիտասարդերուն, օրինակ. ի՞նչ կը սորվինք այս դասէն. այս ձեւը մերժելի կ՚ըլլայ:
* Արդարեւ, եթէ մենք պահանջուած կիրառումը խրատ տալու նման ըսինք, ապա այս ձեւը ազդեցիկ չէ…:
* Իսկ եթէ պահանջուած կիրառումը որպէս աստուածային հրաման ներկայացնենք, որ անպայմանօրէն պէտք է գործադրել չպատժուելու համար, ատիկա վանողական կ՚ըլլայ…:
* Օրինակելի ձեւը, այն է, որ երիտասարդը ինքնին, խղմտօրէն եւ մտապէս համոզուի, թէ պատուիրանը կամ կիրառումը իր կեանքի շինութեան համար է, ինչպէս նաեւ հանդերձեալ կեանքին մէջ իր ուրախութեան համար…: Ասիկա պիտի դրդէ երիտասարդը, որպէսզի պայքարի այս ճամբուն մէջ համոզումով եւ ուրախութեամբ, մտադրութիւն ունենալով հասնիլ իր սիրած նպատակին, ինչպէս նաեւ այն տեսլականին, որ ինքն իրեն համար ընտրեց, գիտակցելով, վստահ ըլլալով, թէ Տէրը պիտի օգնէ իրեն իր պայքարին մէջ Իր աստուածային շնորհքով:
Կիրառումներու հասնելու մեթոտները
Մէկ մեթոտէ աւելի կայ, որ երիտասարդներուն ծառայողը կրնայ օգտագործել, հասնելու համար անոնց հետ գործնական կիրառութիւններու, այն նիւթերու մասին, որոնք իրենց տրուած է…: Սակայն, ամէն ինչի խորքը «Սուրբ Հոգիին ազդած համոզումով», որով մեր ուսուցիչը՝ Պօղոս, Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Մեր Աւետարանը միայն խօսքերով չքարոզուեցաւ ձեզի, այլ նաեւ զօրութեան, Ս. Հոգիով եւ կատարեալ վստահութեամբ. գիտէք նաեւ, թէ ինչպիսի ընթացք ունեցանք ձեր մէջ ձեզի համար» (Ա. Թս 1.5): Այստեղ պարզ կը դառնայ, թէ մեր ուսուցիչին՝ Պօղոսին իր զաւակներուն համոզելու զօրութիւնը ծնունդ է՝
1. Զօրութենէն. այսինքն՝ ապացոյց ուժգնութիւնը եւ խօսքի ջերմութիւնը, հիմնուելով այն նախադրեալին վրայ, թէ՝ Աստուծոյ համար կեանքը իրական շահ մըն է մարդուն համար ամբողջութեամբ՝ հոգեպէս, մտապէս, իմացապէս, ֆիզիքապէս, ինչպէս նաեւ յարաբերութիւններով, մինչ մեղքի մէջ կեանքը համատարած ոչնչացում է ամբողջ մարդուն՝ աշխարհի կեանքին եւ հանդերձեալին մէջ:
2. Սուրբ Հոգիէն. որովհետեւ Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը մարդու կեանքին մէջ փոխարէնը չունի: Արդարեւ, Սուրբ Հոգին է, որ՝
ա. Կը սաստէ մարդը իւրաքանչիւր մեղքի համար, որով կ՚առաջնորդէ զինք զղջումի:
բ. Կ՚առաջնորդէ մարդը առողջ ճամբային:
գ. Կը սրբացնէ մարդը եւ լեցուն կը դարձնէ զինք հոգեւոր պտուղներով:
դ. Կը մխիթարէ մարդը ամէն անգամ երբ կեանքը նեղէ ու ցաւերով պատէ զինք:
ե. Մարդուն պարգեւներ կու տայ ծառայելու՝ Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ մարդոց:
3. Զօրաւոր ճշդութիւնը. արդարեւ, մարդիկ գիրքերէն արտաբերուած խօսքեր չեն ուզեր այնքան, ինչքան՝ ապրուած կեանք կ՚ուզեն, ինչպէս նաեւ վարուելակերպ՝ որ արտայայտութիւնն է մեր խօսած ուսուցումներուն եւ սկզբունքներուն, ըլլա՛յ անհատական կեանքին, ըլլա՛յ ընտանեկան, ըլլա՛յ եկեղեցւոյ եւ ըլլա՛յ ընդհանուր կեանքին մէջ…. այս պատճառով առաքեալը կ՚աւարտէ այդ համարը, ըսելով. «Գիտէք նաեւ, թէ ինչպիսի ընթացք ունեցանք ձեր մէջ ձեզի համար» (Ա. Թս 1.5):
Երիտասարդները մարդկային օրինակի մը կարիքը ունին աւելի, քան՝ քարոզողի մը կամ փիլիսոփայի մը:
Այդ պատճառով, թէեւ Պօղոս առաքեալը միայն երեք ամիսներ մնաց Թեսաղոնիկէի մէջ, սակայն այնտեղ հիմնեց կենդանի եկեղեցի մը, ինչպէս կ՚երեւի հետեւեալէն.
ա. Մարդիկ խօսքը [քարոզը, ուսուցումը] ընդունեցին. բազմաթիւ նեղութիւններու մէջ Սուրբ Հոգիի ուրախութեամբ. արդարեւ, քրիստոնէութենէն ներս մտնելուն գինը շատ սուղ էր, այդ օրերուն հրեաներուն եւ հեթանոսներուն՝ քրիստոնեաներուն դէմ ծաւալած հալածանքներուն պատճառով (տե՛ս Ա. Թս 1.6):
բ. Օրինակ եղան. Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի մէջ եղող բոլոր մարդոց (Ա. Թս 1.7):
գ. Աստուծոյ խօսքը հռչակեցին. ո՛չ միայն ամբողջ Յունաստանի մէջ, այլ… «ամէն տեղ ձեր առ Աստուած ունեցած հաւատքը սփռուեցաւ, այնպէս որ մեզի պէտք չէ որեւէ մէկ բան խօսիլ այդ մասին» (Ա. Թս 1.8): Այդպիսով, ծառայութիւն ընդունողները ծառաներ եղան, որով նոյնիսկ առաքեալը այլեւս կարիք չունէր այդ նոր տեղերը երթալու:
Այս հոգեւոր ճշդութիւնը [վստահութիւնը] ծառայողին կեանքին ու խօսքին մէջ, պիտի երեւի զանազան կերպերով.
*Անձնական վարքագիծը. եւ իր առօրեայ կեանքը:
*Իր բառերը. իր ընդհանուր քարոզներուն կամ անհատական ծառայութիւններուն մէջ:
*Իր կեցուածքները. երբ ժամանակը կու գայ ընտրելու, զանազանելու եւ տարբերակելու, կեանքի առօրեայ բախումներուն մէջ՝ տունը, եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան մէջ:
*Իր երկխօսութիւնները. երիտասարդներուն հետ, երբ կը պատասխանէ անոնց հարցումներուն եւ կը զրուցէ անոնց հետ խնդրի մը մասին:
*Աշխատանքային խմբակներ. որոնց մէջ երիտասարդները կ՚արտայայտեն իրենց մէջ եղածները, որով առողջ երկխօսութեան միջոցով կը հասնին առողջ համոզումներու:
*Ուսումնասիրելու ոգին աճեցնել երիտասարդներուն մօտ, որպէսզի իրենք իրենց հասնին առողջ մտածումի եւ կառուցողական ուղղութիւններուն:
*Պատրաստել զանոնք ծառայութեան. մինչ իրենք կը համոզեն ծառայութիւն ընդունողները հոգեւոր ճամբային, անոնց վստահութիւնը պիտի աւելնայ իր նկատմաբ, Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբը բոլորին մէջ:
Երանի՜ մեր զրոյցները երիտասարդներուն՝ ընդհանուր եւ անհատական, կ՚օգնէ անոնց ընտրելու առողջ ճամբան, ինչպէս նաեւ կառուցողական որոշում կայացնեն, հասնելով արքայութեան ուրախութեան (սրտի արքայութեան եւ Երկնքի Արքայութեան):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 9
Վաղարշապատ