Ուրբաթ 19, Սեպտեմբեր 2025
ԽՕՍՔՍ
Կը յիշես չէ՞, շփոթ հոգիդ տեսնելով,
Խօսած էի քեզի իբրեւ հարազատ,
Յոյսի մաքուր զգացումներով,
Օրերուս կորսուած երջանկութիւնը յիշելով,
Ու կարօտի ճերմակ բառերով։
Բայց… դո՛ւն մտիկ չըրիր։
Եւ տակաւին խօսած էի քեզի
Ժամանակի միւս ափէն,
Երազէ մը արթնցողի նման,
Հոգի մաշեցնող բառերով,
Սակայն յոյսին բացուած տառերով։
Բայց… դո՛ւն դարձեալ մտիկ չըրիր։
Ու աւելին՝ նաեւ խօսած էի,
Առանց աւելորդ զարդարանքի,
Կեանքի պարապին մէջ պտտելով,
Ու մանաւանդ աչքերուդ մէջ փնտռելով,
Վերադարձի բերող յուշերը բոլոր։
Բայց… դո՛ւն… ախ դո՛ւն…
Երանի՛ չխօսէի։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2025