ԳԱՆԱՏԱ. ԵՐԿԻՐ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ

Վերադառնալով Մոնթրէալ, Մհերը նորէն դիմաւորեց զիս։ Այս անգամ գանատայացած էի չնչինօրէն ու կ՚ուզէի աւելիով փայփայել Գանատան: Շունչս բաց էր ո՛չ թէ աշխարհին ու տիեզերականացման, այլեւ՝ միայն Գանատան իբրեւ Գանատա սիրելու ու Գանատային հակուելու (չըսելու համար խղճալու) սիրապանծութեամբ: Որեւէ տեղի, երկրի ապրուածութեան հիմնակերտումն ու առաքելացումը մարդկային կոչում է, անկախ անհատի մը ինքնութենէն, եւ տեղ մը քրիստոնէութեամբ ու մարդկային պայծառակերտմամբ մենք լծուած ենք համաշխարհային հարցերը լուծելու (ամէն մէկի իր ազգայինով ալ)։ Գանատայի ազգայինը այնքան արդար է ու լուսաբեր, որ նոյն մարդկային կոչումը աներկբայ կը տեղաւորուի իր մէջ ու նոյնիսկ հպարտ կը զգայ կարծեմ այդ տեղաւորումով:

Մհերը ծրագրած էր մեր այցելութիւնը Օթթաուա եւ առտու մը կանուխէն շարժուեցանք դէպի Գանատայի մայրաքաղաքը: Մհերը ըլլալով աստուածաբանութեան ալ վկայեալ, ամբողջ ճամբան զրոյցը տարինք գոյութենական հարցերու շուրջ։ Միշտ անչափելի գոհունակութիւն ու հաճոյք կը ստանայի Մհերին հետ մեր ունեցած այսպէս ըսած՝ համադրումներու միացեալ մօտեցումներով, աստուածաբանականն ու բնազանցականը կապելով ամենօրեայ կեանքին հետ ու առաւելագոյնը վայելել այդ համադրումներէն (չյաւակնիլ ըսելու՝ ընկերութեան, ընկերաբանութեան, շրջապատին, ազգին ու մարդկութեան օգուտ տալով): Մոնթրէալէն Օթթաուա դաշտերն ու կառոյցները կարծես չէին ձգեր, որ կատարուածի ընբռնումը տանջէ զիս ու Մհերը՝ ինծի փոխանցման իր ակամայ դերով: Հիանալի բնութիւն էր, իսկ Օթթաուան ինքնին արդէն իսկ տարբեր գանատական քաղաք մը, որ կ՚ուզէր անկարողութեամբ հաւաքել գանատական մարզերը, նահանգները, համերն ու բոյրերը: Ողջագուրելի էր Օթթաուան՝ թէ՛ իր այդ ջանքին մէջ եւ թէ իր վեհութեամբ ու գանատական տիպիկ պարզութեամբ:

Օթթաուայի նոր ու հին թաղերը համակ ազնուութիւն ու վեհանձնութիւն կը բուրէին, իսկ խորհրդարանի շէնքն ու տարածքը կը բանար Գանատայի պատմութեան ծալքերը, անոր կայացումը ու նոյնիսկ ամենայստակ տեղերէն էր, ուր ապագան կը գծուէր իր՝ տուեալ երկրին: Տագնապներէ, պատերազմներէ, ցնցումներէ եւ նոյնիսկ ամէն տեսակի թաքուն ու յայտնի դաւերէն կարծես Օթթաուան իր խորհրդարանով կը փորձէր հեռացնել Գանատան: Հաւանաբար ամենայատկանշական ու խորհրդանշելի տեղը Գանատային Օթթաուայի ռազմական թարնգարանն էր, որ շատ տարբեր էր ու հոն կը ցուցադրուէր Գանատայի անցած ռազմական ուղին (ինչ որ յարաբերաբար հիմքն է պետութիւններու-ազգերու կայացման)։ Հոն կ՚ուրուագծուէին գանատական գիծերը եւ համաշխարհային երկու պատերազմներէն ու նոր աշխարհի կառուցման հետ, Գանատան կ՚երեւէր իբրեւ շէնշող օրինակ մարդկային իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան ու յառաջդիմութեան:

Մհերին հետ երկար մնացինք ու բաւական նկարուեցանք հոն եւ կը փնտռէինք հայկական առընչութիւններ ալ Գանատայի հետ, ուր մեծ թիւով հայութիւն կայ ներկայիս ու անոնց անցած ճամբան ալ շատ հետաքրքրական էր ու վաւերացման կարօտ մեզի համար: Օթթաուան կ՚ըսէր. «Ես Գանատան կը խտացնեմ, բայց ընկերաբանական իմաստով չունիմ հանգրուանում, չունիմ քաղուածք հին ու նոր, բայց սառած չհամարէք զիս, քանի ինծի չէ տրուած ցուցադրութիւն վասն հանգրուանութեան»: Գանատացիները տուներուն մէջ կամ դուրսը կարծես օծած են հրամցուած ըլլալու մարդկային կեանքի խնդրադրոյթը: Անոնք չեն երկիւղած տուներուն մէջ քաշուելու իրականութենէն, ո՛չ ալ կեցուածք որդեգրած են ու ըմբոստութիւն յայտնած՝ աշխարհային հեռու ու մօտ, արդար կամ անարդար ապրուստներուն: Ես այն պատգամը ստացայ, որ «բնականոնութիւնը չենք ուզեր դարձնել արուեստ ու ձեւապաշտութիւն, ո՛չ ալ կը խանգարենք անով ներշնչուողները կամ ապրեցնող-ապրողները»: Օթթաուայի հմայքը սեղմօրէն կը սաւառնէր ու կը յանձնարարէր Գանատային ու Գանատայէն անդին միջոցացումներուն ալ:

Որեւէ տեղ երբ եզրակացութիւնները կը փութան՝ կը կարծես, որ գրաւելի է ամէն ինչ ու հոգիդ պիտի փառաւորուի որեւէ արդիւնքով, իսկ երբ չեն գար եզրակացութիւնները՝ յաճախ աւելի հեշտագին կ՚ըլլան միացումներն ու տարուածութիւնները: Երբ դուրս ելանք Օթթաուայէն՝ նորէն Մհերին հետ մտորեցինք, որ Գանատան իւրայատկութեան ջանքեր չունի, ո՛չ ալ գոհութիւնն ու կուտակումները կեղծող կամ նոյնիսկ քարոզող է:

Գանատայի մէջ կար յարատեւաբար քալող ու նոյնիսկ ինքնաշարժներու մէջէն բազկատարած տպաւորութիւն մը, որ պարզութիւնը կեանքի ձգուածութեամբ ամենահանճարեղ ու ամենաբացող օրախնդրութեան աւելի քնարականութիւն կու տայ ու հերքում կը հագցնէ բոլոր տեսակի արդարացումներուն ու անկապութիւններուն:

Հոմանիշութիւն ինչի՞ հետ. այդ հարցերուն հարցն է երբեմն մեր մտքին մէջ, նոյն զուգահեռները անվերջ փնտռելու ու երեւակայելու, ըլլալու աւելի լաւ կեանքի պատկերացման ի գործոյթ ու ի տիեզերական ալ գոյութեան արժանաւորութիւն: Հակառակ հոս ենք մենք բոլորս մէկ, ընկերութեան ամենաթունդ ու սիրասուն զգացմամբ ու բարձրավեհ հաճոյքով, բոլոր մարդոց տեսլականի պարփակման ջանքերով: Գանատան հոմանիշ չունի կարծես, մենք իրարու նայելով հասկցանք այդ Մհերին հետ, մեր պատանեկութեան երազներուն ի ծաղկումը կամ թառամումը, մեր երիտասարդութեան բերքագործութեան ի ջլատումը կամ պսակումը, մեր հասունութեան խտացման ու դրման ի մոլորականացում կամ ի տիեզերականացում եւ ապագայի նիւթացումն ու կորիզացումը կ՚ամլացնէին, միաժամանակ լուրօրէն կը հրաբխացնէին մեզ:

Մոնթրէալէն վերջ պիտի վերադառնայի Լոս Անճելըս՝ Թորոնթոյէն անցնելով, բաժանումը դժուար էր Մհերէն։ Գանատան՝ զոր մեզ բաժնեց պատանեկութեան, կարծես կրկին նոր ձեւով միացուց՝ արցունքով եւ ուրախութեամբ:

Ապրէ՛ յաւերժ Գանատա, մարդկայնութեան մեծ բնօրրան, մարդը կրթող, բարձրացնող, արժեւորող դուն երկիր։

Գանատան համամարդկայնութեան, օրէնքի, հաւասարութեան ու ազնուութեան մեծ կեդրոն մըն է ու դպրոց։

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 19, 2025