ՆՇԱՆՏՈՒՔՍ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ…

Հայրենիքի անկախութիւնը պատմութիւն է, զոր մենք ապրեցանք… Այդ ի՜նչ ուրախութիւն էր… Ի՜նչ հպարտութիւն… Այո՛, մութ ու ցուրտ տարիները յաջորդեցին, մեր հայրենաբնակ ժողովուրդը ծանր օրեր ապրեցաւ, սակայն անկախ հայրենիք ունենալու աննկարագրելի յուզումն ու ուրախութիւնը գիրկընդխառնուած էին։ Սփիւռքը իր խանդավառութեան մէջ աւելի լայն բացաւ իր գրպանը անսակարկ հայրենասիրութեամբ՝ հայրենիքը ոտքի պէտք է կանգնի։

Աշխարհի չորս ծագերէն սփիւռքահայեր մեկնեցան հայրենիք՝ շնորհաւորելու նորանկախ հայրենիքի նորընտիր նախագահը։ Հաւատացինք, թէ երազը կրնայ իրականանալ…

Ես ալ մեծ խանդավառուողներէն մէկը 1993-ի ապա 1994-1995-ի մութ ու ցուրտ տարիներուն անկախութեամբ ջերմացած գացի հայրենիք՝ գիտաթեզս պաշտպանելու։ 

Եւ անկեղծ ըլլամ՝ ո՛չ ցուրտ զգացի, ո՛չ մութէն գանգատեցայ, երջանիկ էի… Եւ աւելի անկեղծանամ՝ ուրախ էի, որ ժողովուրդիս ապրածը ես ալ կ՚ապրէի։

1995-ի ապրիլի 5-ին Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին ունեցաւ նաեւ իր նորընտիր կաթողիկոսը եւ նախագահին կողմէ տրուած հիւրասիրութեան ներկայ էի եւ ես։

Հօրս աշակերտներէն եւ աւելի վերջ մտերիմ բարեկամ դարձած Վիգէն Արք. Այգազեանը՝ ընտրութիւններու ամբողջ շրջանին գործով կը գտնուէր Էջմիածին եւ այդ հիւրասիրութեան օրը երբ հանդիպեցանք՝ ըսաւ. «Գիրքէդ օրինակ ունի՞ս հետդ, քեզի նախագահին պիտի ներկայացնեմ»։

Անշուշտ ունէի… 

Պէտք չունիմ նկարագրելու, թէ ինչ կը դառնար նախագահին շուրջը, բոլորը ներկայանալ կ՚ուզէին, նկարուիլ կ՚ուզէին… 

-Պարոն նախագահ, մեր պատմութեան ուսուցիչին դուստրը՝ Անուշ Նագգաշեան, գիտաթեզը պաշտպանելու եկած է, այս ալ իր բանաստեղծական առաջին գիրքն է։ 

Զարմացայ, որ նախագահը փոխանակ գիրքը իր թիկնապահներէն կամ շուրջը գտնուողներէն մէկուն յանձնելու այդ շատ զբաղ վիճակին մէջ, ընդհակառակը, արագ թերթեց եւ ըսաւ. «Սիրոյս տաք շունչէն», շատ գեղեցիկ անուն ընտրած էք»։

Այդքան էր մեր տեսակցութիւնն ու խօսակցութիւնը, որ անշուշտ ինծի պիտի տար ժամերով պատմելու նիւթ, երբ տուն դառնայի… Թէ՛ որքա՜ն բազմութիւն կար, բայց ինք բանասէր է, ուրեմն գիրքս պիտի հետաքրքրէր զինք, թէ՛ աս թէ ան… Մէկ խօսքով երջանիկ էի անկախ հայրենիքիս նախագահով…

1995 թուականի սեպտեմբերին Երուսաղէմի Թարգմանչաց վարժարանը վերադասաւանդել սկսայ։ Նոյն թուականի նոյեմբերի 6-ին մեր նախագահը տասներկու ժամ միայն այցելեց Երուսաղէմ՝ Եիցհաք Ռապինի պետական թաղման արարողութիւններուն մասնակցելու համար։ 

Հայոց Պատրիարքարանի կարգադրութեան համաձայն՝ այցելեց սրբատեղիները, ապա տեսակցութիւն մը ունեցաւ ժողովուրդին հետ։ Չմեկնած փափաքեցաւ անպայմա՛ն այ-ցելել 93-ամեայ Գերշ. Տ. Նորայր Արք. Պօղարեանին, յիշելով սրբազանին հեղինակած Երուսաղէմի 4 հազար ձեռագիրներու ցուցակին 11 հատորները։ «Եկայ ձեր ձեռքը համբուրելու», կ՚ըսէ ան, երբ կը հանդիպին։

Այդ շատ բնական փափաք մըն էր բանասէր նախագահին համար…

Ես քանի մը ամիս առաջ միայն հանդիպած էի նախագահին եւ երբ աշխատանքիս շրջանակին մէջ իր գալուն առիթով միամտաբար արտայայտուեցայ, թէ հանդիպած ու գիրքս ալ նուիրած եմ, ծուռ երեսներ դարձան ինծի, նոյնիսկ քմծիծաղողներ… Նաեւ արտայայտութիւն մը. «Ուրեմն ծանօթ ես նախագահին, նայինք պիտի յիշէ՞ քեզ»։

Նախագահին ժամանակը շատ սուղ էր, ձեռնուողներու եւ նկարուողներու շարքը երկար… Հազիւ կարգս մօտեցած էր՝ թիկնապահները ըսին, թէ ժամանակը կարճ է եւ այսքանով պէտք է բաւարարուիլ։ Նախագահը երկու քայլ առաւ եւ կեցաւ. «Երուսաղէմի բանաստեղծուհին ներկա՞յ չէ, «Սիրոյս տաք շունչէն»»…

Շունչս պիտի կենար, կարծեցի երեւակայութիւնս էր, բայց բոլորը դարձած էին ինծի։

Մօտեցայ, լուսանկարիչը անմիջապէս նկարեց։ Ես մէկ բառ չհասայ արտայայտուելու՝ երբ նախագահը ըսաւ. «Շարունակէ գրել» եւ մեկնեցան։

Յաջորդ օրը դպրոցէն վերադարձիս ծրար մը ստացայ, մէջը նախագահին հետ նկարս մեծցուած եւ շրջանակի մէջ անցած։ Ուրախութեամբ տեղաւորեցի անկիւնը՝ նկարներ տեղադրուած կլոր սեղանին վրայ։ Հիացած պահը կը վերապրէի, երբ ութամեայ տղաս դպրոցէն եկաւ, նայեցաւ նկարին եւ ըսաւ. 

-Մա՛մ, նշանուեցա՞ր։ Արդէն ուրիշ որո՞ւ պիտի առնէիր, անշուշտ Հայաստանի նախագահին…

Պայուսակը նետեց եւ առանց բառ մ՚ալ արտասանելու, տունէն դուրս ելաւ։

Յաջորդ առտու սովորականին նման դպրոց գացի, աշակերտներուս նայուածքները տարբեր էին, շատ լայն ժպիտներով դիմաւորեցին զիս, նոյնիսկ ծափահարողներ կային, շնորհաւորողներ, վերջապէս մէկը ըսաւ.

-Տիկին, Արփիակը ըսաւ, որ բոլորս հարսնիքիդ հրաւիրուած ենք։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը իր անձնական օդանաւը պիտի ղրկէ մասնաւոր մեզի համար…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

15 օգոստոս, 2025, Երուսաղէմ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2025