ԱՂՔԱՏ ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ ԿԸ ՓՐԿԷ՝ ԴՐԱՄԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՄ ԸՆԿԵՐՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երկու մեծագոյն յայտնագործումներ են դրամատիրական կամ անոր հակառակ համարուող ընկերվարական վարչակարգերը, որոնցմով կը տնօրինուի մարդկային հասարակութիւններու տնտեսական գործունէութիւնը՝ վերջին մէկուկէս դարուն: Բնականաբար կայ նաեւ համայնավարական վարչակարգը, որ Սովետական Միութեան հետ եօթանասուն տարուայ պատմութիւն մը ունեցաւ, բայց ձախողեցաւ: Չինաստանը համայնավարական վարչակարգէն մի քանի սկզբունք որդեգրած է, բայց, միեւնոյն ատեն ան ընդունած է դրամատիրական սկզբունքներ ու կանոններ։

Մարդկային զարգացման պատմութեան ընթացքին վարչակարգերը եղած են թագաւորական ու ստրկատիրական, իսկ վերջին մէկուկէս դարուն մարդկութիւնը արձանագրեց մեծ յառաջդիմութիւն ու շատ մը երկիրներու մէջ որդեգրեց ընկերվարական վարչակարգեր։ Միւս կողմէ, դրամատիրական համակարգը նուազեցուց իր գաղութատիրական բնութագիրը ու ներպետական մակարդակով իրագործեց հսկայական բարեփոխումներ, որոնք դրականօրէն ազդեցին թէ՛ անհատ-քաղաքացիներու կեանքերու բարելաւման եւ թէ ընդհանուր երկրի-պետութեան մը յառաջդիմութիւնը իրագործելու իմաստով:

 Չինաստանի փորձը շատ հետաքրքրական է ու սերտելի, բայց, անոր կողքին Սովետական Միութեան քայքայումէն ու համայնավարական օրինակի ձախողումէն ետք, գրեթէ նորանկախ, երիտասարդ ու հնածին պետութիւններն անգամ իրենց ընտրանքը ուղղեցին դէպի դրամատիրութիւն ու բաց շուկայական յարաբերութիւններու հաստատման մէջ տեսան իրենց բարգաւաճման բանալին: Այդ մէկը դրամատիրական պլոքին (իմա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն եւ դաշնակիցները) յաղթութեան արդի՞ւնք էր կա՛մ սովետի դառն փորձէն դասաքաղո՞ւմ՝ կրնանք ըսել, որ երկու պատճառներն ալ կային: Նոյնինքն Ռուսաստանը, որ եօթանասուն տարի համայնավարութիւն քարոզեց ու անով բանեցաւ, ուղղուեցաւ դէպի բաց շուկայական ու դրամատիրական համակարգ:

Եւ ամենայն հետաքրքրականն ու ցուցանիշայինը այն է, որ 21-րդ դարուն մէջ գերզարգացման ու բացուածութեան դրոյթը հեզասահօրէն համընկնեցաւ (չգործածելով համընկնուեցաւ եզրաբանութիւնը, որ աւելի վերլուծութիւնը ու դիտողականութիւնը միջազգային կարգին ու յարաբերութիւններուն՝ կը տանին դէպի դաւադրական տեսութիւններ) գործունէութեան հետ ազատ շուկայական կացուցակարգին եւ ակամայ մեծ անդրազգային ու պետական ընկերութիւններու, որոնք ո՛չ միայն ներկայիս կը ցուցանշեն միջազգային մեծ տնտեսութիւնը, այլեւ դրամատիրութեան ալ նոր բովանդակութիւն ու կառուցուածք կու տան:

Հարցը՝ որ ինքնզինք կը պարզէ ի հեճուկս ամէն տեսակի տնտեսական վարչակարգերուն ու անոնց ապահոված յառաջաղացին՝ այն է, թէ աղքատ երկիրները ո՞ր տնտեսակարգը պէտք է որդեգրէին ու դեռ պիտի որդեգրեն, որպէսզի ապահովեն չըսելու համար առաւելագոյնը, այլ պարզապէս ընդունելի տնտեսական աճ ու բարգաւաճում: Պէտք է յիշել, որ նոյն Չինաստանը աղքատ պետութիւն մըն էր 1960-ական թուականներուն։ Միջազգային փորձը ցոյց կու տայ, որ նորանկախ պետութիւնները միշտ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, բայց, բոլոր յաջողածներն ու բարգաւաճները անցած են դրամատիրական ուղիով ու որդեգրած են բաց շուկայական տնտեսութիւն մը: Այո՛, Սկանտինաւիան եւ Գանատան հարուստ ու յաջողակ փորձ ունին ընկերվարութեան հետ, բայց, անոնք արդէն իսկ աւելի քան երկու հարիւր տարիէ ի վեր կայացած պետութիւններ են ու իրենց տնտեսական նուաճումներն ու ձեռք բերած հարստութիւնները տեւաբար  կը վերադասաւորեն՝ նորանոր ու յարմարեցուած համակարգերով՝ առ ի բաւարարում իրենց ժողովրդային ու հասարակական զարգացման ու ըստ իրենց քաղաքացիներու կարիքներու ուղեգիծին ու արտացոլանքներուն:

Միւս կողմէ, աղքատ երկիրները, այո՛, ունին անկախանալու ալ խնդիրներ, քանի երկսայրօրէն անոնք առանց մեծ ընկերութիւններու եւ համաշխարհային այսպէս ըսած՝ համարկման ու որդեգրման՝ չեն կրնար զարգանալ, ինչպէս նաեւ իրենց կախուածութեան աստիճականացումը քաղաքականօրէն կը մնայ ենթակայ՝ մեծ ու տիրական երկիներու կամքէն: Արաբական՝ մա՛նաւանդ Ծոցի երկիրներու օրինակը վառ է այս իմաստով, բացի Սէուտական Արաբիայէն, միւս բոլոր այդ շրջանի երկիրները թէեւ տնտեսական բարօրութիւն ապահովեցին, սակայն, անոնց անկախութեան աստիճանը կախեալ է մեծ տէրութիւններու (այս պարագային ԱՄՆ) կամքէն: 

Կարծեմ՝ դժուար է ունենալ յառաջդիմութիւն ու տնտեսական աճ՝ առանց մեծ դրամատիրական համակարգին մէջ բաժին ունենալու ու նոյնաժամանակ լիիրաւ մաս դառնալու։ Հաւանաբար, հրաշքի կը կարօտի Վե-նեզուելլայի, Հիւսիսային Քորէայի կամ նոյնիսկ Իրանի  պէս երկիրներու զարգացումը ընկերվարական կարգերով՝ նոյնիսկ եթէ ԱՄՆ չհակառակի անոնց հետ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2025