ՅԱՐՄԱՐՈՒՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ…

Ինչքան արագանայ մեր կեանքը, ինչքան արդիական դառնան մեզ շրջապատող պայմանները ու մեր կեանքի ընթացքը հեշտացնող «գործիքները», այդքան աւելի կը դառնանք «լարուած մեքենաներ»։ Օրուայ թաւալքին ու կեանքի վազքին հետ մէկտեղ յաճախ մոռացութեան կու տանք ամենատարրական բաները, որոնք հեռու չեն մեր բնութենէն, մեր մարդկային տեսակէն, մեր ընթացքէն ու մեր կեանքէն։

Հասկնալի է, անշուշտ, որ այս ընթացքներուն մէջ զիրար «կը կրկնենք» եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը ինքնագոհութեան ու սեփական թերացումները անտեսելու փորձով մը կը ջանայ կեանքի թաւալքը, ժամանակի սղութիւնը, նաեւ կեանքի «նոր պայմաններ»ը պատճառաբանելով՝ շարունակել իր անոպայ ընթացքը։ 

Առաւօտուն, երբ մեր սիրելիներուն հետ սուրճի պահիկ մը կ՚ունենանք, երբ կը քննարկենք մէկ օր առաջ պատահած դէպքերը կամ հազիւ-հազ կը հասցնենք խօսիլ մեր օրուայ ընելիքներուն մասին, կը զգանք, անշուշտ, թէ ինչքան «մեքենայացած է» ամէն ինչ, որ մեր շուրջն է։ Մեր մաշկին վրայ կը կրենք այդ «պարտութիւն»ը, որովհետեւ ձեւով մըն ալ «կը գիտակցինք», որ մեզի համար արդէն դժուարագոյն դառնալ սկսած է «նախատեսելի» վիճակներու դէմ պայքար տանելու համոզումը։

Այս բոլորը, անշուշտ, կը բխի «յարմարուողականութիւն» կոչուած բառէն, որ կամաց-կամաց մեզի համար կը դառնայ կենսաոճ եւ մեր կողմէ եղած բոլոր թերացումները կը դնենք անոր մեծ պայուսակին մէջ։

Եւ այսպէս մեզմէ կը հեռանան, մեր կեանքէն կը գաղթեն բոլոր այն լաւ յատկութիւնները, որոնց համար տեղ մը մենք «տուրք տուած» ենք, պայքարած ենք, դէմ դրած ենք... Ու այդ յատկութիւններուն մէջ իրաւամբ կան այնպիսի ազնիւ մօտեցումներ, որոնց թողլքումը դեռ մինչեւ երէկ մեզի համար կը համարուէին անխախտելի «կարմիր գիծեր»։

Միւս կողմէ, մենք բոլորս կ՚ապրինք դժուարին օրեր։ Կեանքի հաւասարակշռութիւնները խախտուած են գրեթէ ամէն տեղ։ Արհեստագիտութիւն, արդիական միջոցներ, մարդու «ձեռամբ» կերտուած եւ յաճախ ամէն տեսակի «կարմիր գիծեր»ը հատած նորաձեւ ու արդիական «լուծումներ»ը, որոնք կոչուած են հեշտացնելու մեր կեանքը։

Ի հարկէ, բոլորիս համար կեանքի, կենցաղի, ապրումներու եւ գոյատեւումի մի քանի շերտեր կան եւ իւրաքանչիւր կենսակերպի մէջ գոյացած ու ամրացուած են տեղայնական հիմունքներ եւ ընկալումներ։ 

Ոչ բոլորս կ՚ապրինք նոյն հարթութեան վրայ, բայց, ապահովաբար, հայութեան մեծագոյն տոկոսը ունի, կը վարէ եւ յաճախ ալ այդ կեանքէն մղուած կ՚արարէ շատ աւելի լաւ պայմաններու մէջ, ուր կ՚ապրին՝ պաղեստինցիները (Կազզէի մէջ) կամ ըսենք Սուտանի արաբները Խարթումի մէջ։

Մեզմէ շատ աւելի ծանր վիճակներու մէջ կը գոյատեւեն Հալէպի ծայրամասերուն ապրող սիւննի արաբները եւ քիչ մը աւելի հեռու՝ Սուրիոյ Պանիասի, Թարթուսի կամ Տէր Զօրի ալեւիները, շիիները կամ քիւրտերը։ 

Ու այս ընդհանուր վիճակներուն մէջ, նոյն այս մարդիկ պատեհութիւնը կը գտնեն աղօթելու՝ մինչ հայերուս մեծ տոկոսը ծանրացած շաբաթ օրուայ «ոգելից» հանդիպումներէն կամ «հայաթային» կամ «թաղային» կրակարանի փարթիներէն, կը մոռնանք այդ մեծ շնորհը, որ կը խօսի շնորհակալութեան մը մասին. շնորհակալութիւն այն բնութեան, որ դեռ մեզ ու մեր գործած աւերները կը ներէ ու շնորհակալութիւն այն Աստուծոյ, որ մեզի գեղեցիկ օր մը, համով պատառ մը, զուլալ ջուր մը ապրելու, բաժնելու եւ խմելու շնորհները կը բաշխէ… ու ամենակարեւորը՝ շնորհակալութիւն մեր մօտէն անցնող այն մարդուն ու մարդոց, որոնք մեզի համար, մեր օրուան համար, մեր հացին ու ջուրին համար կը պայքարին։

Բոլորը կը գործեն, մեծ տոկոսը այդ գործերուն աշխարհի ու մեր բարիքին համար կ՚ըլլայ։ Բոլորը կը գործեն, բոլորը կ՚արարեն, բայց, բոլորը չէ, որ շնորհակալութիւն մը, «մերսի» մը ըսելու աստուածատուր շնորհը ունին։

Շնորհակալ ըլլալու զգացումը ինքնին բարիք կը բերէ. բարիք՝ բոլորին ու ամենակարեւորը երախտիքի զգացում կը բաժնէ, որպէսզի լիապէս արժեցնենք այս արեւուն տակ անցնող մեր օրերը։

Երկար եղաւ այս մուտքը հասնելու համար պատմութեան Ռիչըրտ Փափազեանի, որ մեծ արկած մը անցընելէ ու ստոյգ մահէն փրկուելէ ետք՝ վեհանձնութիւնը ունեցած է ո՛չ միայն շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ եւ բնութեան, այլեւ այն մարդոց, որոնք հերոսական արարքներով փրկած են իր կեանքը։

Ռիչըրտի մեծ փորձառութեան մասին աւելի մանրամասն կարդալ մեկնութեանց մէջ։ 

Ոչ բոլորս ունինք տաղանդաւոր ըլլալու շնորհները, բայց, բոլորս վստահօրէն ունինք շնորհակալութիւն մը յայտնելու «ընդունակութիւնը», հապա մանաւանդ շնորհը։ Ի վերջոյ շնորհակալութիւն յայտնելն ալ շնորհ մըն է ու մեր ժամանակներուն մէջ՝ ամէն օր հարցադրումներու, քննութիւններու եւ նոյնիսկ ներ-քին պայքարներու ենթակայ շը-նորհ մը։ 

Ամէն պարագայի, վերադառնալով մեր այսօրուայ «պատմութեան» հերոսին՝ Ռիչըրտ Փափազեանին՝ յայտնենք, որ ան իր ապրած փորձութեան մասին կատարած է շահեկան գրառում մը եւ զայն անգլերէնէ հայացնելով կը ներկայացնեմ մեր ընթերցողներու դատին։ Ստորեւ կարդալ իր գրառումը.

«Պիտի մասնակցիմ քայլարշաւի եւ քալեմ դատի մը համար, որ փրկեց իմ կեանքը:

«Միացէ՛ք ինծի աջակցելու «Fondation des Pompiers du Québec pour Les Grands Brûlés»ին (Քեպեքի հրշէջներու ծանր այրուածքներու հիմնադրամին): (…) Պիտի մասնակցիմ «LA COURSE DES POMPIERS 2025»ին (հրշէջներու մրցում 2025) ո՛չ թէ որպէս քայլող, այլ՝ վերապրող, ամուսին, հայր եւ մէկը, որ գրեթէ կորսնցուցած է ամէն ինչ։

«7 օգոստոս 2024-ին, իմ կեանքը առ յաւէտ փոխուեցաւ։ Այդ օրը, նոր ինքնաշարժներու վաճառասրահի մը մէջ տեղի ունեցաւ զօրաւոր պայթում մը, որուն հետեւանքով մարմնիս կէսէն աւելին ստացաւ երրորդ եւ չորրորդ աստիճանի այրուածքներ։ Ես մահաթմբիրի մէջ էի, կը պայքարէի իմ կեանքիս համար վերակենդանացման բաժնին մէջ, մինչդեռ իմ ընտանիքս դուրսը մտահոգ կը տառապէր: Այդ օրէն ի վեր ճամբաս եղաւ երկար, ցաւոտ եւ կեանքս փոխուեցաւ, հաշմանդամ դարձայ, այլեւս չեմ կրնար ընել շատ մը գործեր, որոնք կը սիրէի ընել, բայց, մասնագէտներու օգնութեամբ այսօր կրնամ քալել։ Այս տարի պիտի քալեմ անոնց համար, որոնք օգնեցին ինծի, երբ ես չէի կրնար ոտքի կանգնիլ։

«Պիտի քալեմ գումար հաւաքելու այն հիմնադրամին, որ եղաւ ընտանիքիս եւ իմ կողքին, երբ մենք կարիքն ունէինք այդ նեցուկին։ Անոնք տուին աջակցութիւն, ուղղութիւն եւ միջոցներ, որոնք օգնեցին մեզի յաղթահարելու մեր կեանքի ամենադժուար պայքարը։ Անոնց կարեկցանքին շնորհիւ մենք առանձին չէինք։ Հիմա ժամանակն է, որ վերադարձնեմ այդ խոշոր բարիքը։

«Ես պիտի քալեմ ի պատիւ իւրաքանչիւր այրուածքէ վնասուողի համար, որ տակաւին կը պայքարի, իւրաքանչիւր ընտանիքի համար, որ կը սպասէ հիւանդանոցի սենեակին առջեւ եւ իւրաքանչիւր մարդու, որ կարիքն ունի յոյսի։ Եթէ հետեւած էք ինծի, աջակցած էք մեզի հեռուէն կամ պարզապէս կ՚ուզէք օգնել նպատակասլաց գործի մը, խնդրեմ, մտածեցէք նուիրատուութիւն ընել եւ աջակցիլ իմ քայլարշաւին։

«Հիմնադրամի առաքելութեան ետեւ կանգնած են հոգատար անհատներ, որոնք հպարտութեամբ կ՚աջակցին Քեպեքի մէջ այրուածքէ տառապողներու օգնութեան գործին բազմաթիւ ձեւերով։ Անոնք կը տրամադրեն յատուկ միջոցներ՝ բուժում, խնամք եւ վերականգնում: Ձեր ներդրումը կ՚օգնէ շարունակելու անոնց տարած կարեւոր աշխատանքը։ 

«Նոյնիսկ եթէ չէք կրնար նուիրատուութիւն ընել, կրնաք բաժնեկցիլ այս հաղորդագրութեամբ։ Եթէ կը ճանչնաք զիս, ուրեմն, գիտէք, որ ես ընկերային հարթակներու վրայ չկամ։ Ուստի, կ՚ապաւինիմ ձեզի այս լուրը տարածելու համար։ Չկայ մեծ ու փոքր նեցուկ, իւրաքանչիւր տոլար կ՚օգնէ մէկու մը, որպէսզի գոյատեւէ ու վերականգնուի՝ ինչպէս ես ըրի։

«Մենք միասին կրնանք կեանքեր փրկել»։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2025