ԾԽԱԾԱԾԿՈՅԹԻ ՏԱԿ ՓԱՍՏԵՐ

Ի բերանոյ քումմէ. Իսրայէլի վերջին քայլերը՝ «ռազմավարական աղէտ»։ «Այս ուղին ընտրելը կը խաթարէ Նեթանիյահուի դաշինքը եւ հաւանաբար աւարտէ անոր քաղաքական ասպարէզը։ Ան չի գործեր ազգային շահերէն ելլելով: Ան կը գործէ զուտ ինքնապահպանման համար։ Իւրաքանչիւր այլ փաստարկ ծխածածկոյթ է», կը դիտարկէ Իսրայէլի նախկին վարչապետներէն Էհուտ Պարաք, որու այս կանխատեսումներուն յաջորդեցին Իսրայէլի համախոհական կառավարութեան ցնցումները։

Էհուտ Պարաք բաւական հանգամանաւոր կերպով քննարկած է Իսրայէլի առջեւ առկայ մարտահրաւէրները՝ շեշտը դնելով այն փաստին վրայ, թէ Նեթանիյահուի կառավարութեան Կազզէի դէմ ռազմական աւելի մեծ գործողութիւններ իրականացնելու որոշումը ո՛չ միայն անարդիւնաւէտ կ՚ըլլայ, այլեւ, աւելին, կրնայ «ռազմավարական աղէտ»ի մը վերածուիլ։ Ի հարկէ, հաշուի պէտք է առնել, որ Նեթանիյահու կ՚ապրի իր քաղաքական գործունէութեան ամենաբարդ օրերը։ Ու մոխրագոյն ուրուականներէն խուսափելու կամ նոյնիսկ փրկուելու համար ան կը նախաձեռնէ նոր պատերազմի մը, որու թիրախը՝ Կազզէն կը համարուի այսօրուայ աշխարհի ամենախոցուած, ամենատագնապալի եւ ամենաղէտալի քաղաքը։

Էհուտ Պարաքի «Financial Times»ի մէջ հրապարակած յօդուածը դուռ կը բանայ խորքային կերպով ընկալելու համար, թէ ի՛նչ փուլէ կ՚անցնի պատերազմներու կիզակէտին յայտնուած Իսրայէլի ներքին քաղաքական կեանքը։

Իսրայէլ կանգնած է ճակատագրական ընտրութեան առջեւ. համաձայնութեա՞ն գալ բոլոր պատանդները տուն վերադարձնելու եւ պատերազմը դադրեցնելու շուրջ, թէ լայնածաւալ յարձակումի մը սկսիլ Կազզէի վրայ, «Համաս»ի դէմ լիակատար յաղթանակի պատրանքով։ Իսրայէլի կառավարութիւնը կանգնած է մէկ այլ, աւելի խոր երկընտրանքի մը առջեւ. համագործակցի՞լ ծայրայեղ աջակողմեան նախարարներու հետ, որոնք յառաջ կը մղեն Կազզէն վերաբռնագրաւելու եւ վերաբնակեցնելու գաղափարը։ Այս մէկուն այլընտրանքն է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի տարածաշրջանային խաղաղութեան միտուած եւ միջազգային իրաւունքի տեսլականը։

Թրամփ, որ վերջերս Նեթանիյահուն Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալեց, զգուշացուց զայն. «Մենք կը լքենք ձեզ, եթէ դուք վերջ չտաք այս պատերազմին»։ Ֆրանսա, Անգլիա եւ Գանատա արդէն պահանջած են, որպէսզի մարդասիրական օգնութիւնները հասնին Կազզէ, այլապէս Իսրայէլի պարագային հետեւանքներ պիտի ըլլան։

Հաւանական համաձայնութիւնը, անկասկած օգուտ պիտի բերէ Իսրայէլին։ Սա կը նշանակէ պատանդներու վերադարձ, Կազզէի մէջ մարտական ​​գործողութիւններու եւ մարդասիրական ճգնաժամի աւարտ, ինչպէս նաեւ վերակառուցման մը սկիզբը, որ Իսրայէլին հնարաւորութիւն պիտի տալ ընդգրկուելու տարածաշրջանային նոր ճարտարապետութեան մէջ։ Սա կրնայ ներառել Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ մասնակցութիւն՝ Հնդկաստան-Մերձաւոր Արեւելք-Եւրոպա տնտեսական առանցքին։

Յամենայնդէպս, Նեթանիյահուի համար այս ուղին վտանգաւոր է, որովհետեւ կը սպառնայ անոր ծայրայեղ աջակողմեան դաշինքին։ Այդպիսի համաձայնութիւն մը կրնայ նշանակել անոր երկարատեւ պաշտօնավարման աւարտը։

Էհուտ Պարաք, միեւնոյն ժամանակ, կը դիտարկէ, որ պատերազմը քաղաքականապէս կը պաշտպանէ Նեթանիյահուն՝ մինչ ռազմավարական առումով այն աղէտալի է։ Իսրայէլ արդէն ոչնչացուցած է «Համաս»ի թիրախներուն եւ ենթակառուցուածքներուն մեծ մասը։ Ուստի, մարտերու նոր փուլ մը աւելի մեծ աւերներու պատճառ պիտի դառնայ, բայց, պիտի աւարտի նոյն ձեւով։ Աւելի քան երկու միլիոն խաղաղ բնակիչներու մէջ թաքնուած «Համաս»ի ամբողջական ոչնչացումը ռազմական գործնական նպատակ մը չէ։ Կազզէի մէջ նոր յարձակում մը իսկապէս ռազմավարական որեւէ օգուտ չի կրնար տալ եւ վերսկսելիք մարտերը մահուան կը դատապարտեն աւելի շատ պատանդներ։ Միայն այս պարագան բաւարար է սոյն քննարկման քաղաքական վերջակէտ մը դնելու համար։

Էհուտ Պարաք կը թուարկէ Նեթանիյահուի ռազմավարական սխալի խորութիւնը։ Միայն բաւարար է յիշեցնել, որ Նեթանիյահու նպաստած է Քաթարի կողմէ մօտաւորապէս 1,5 միլիառ ամերիկեան տոլարի միջոցներու «Համաս»ի ձեռքը անցնելուն։ Ըստ Պարաքի՝ պատերազմը պէտք է ծառայէ քաղաքական նպատակի: Նեթանիյահու անտեսած է այս կանոնը եւ չէ անցած առաջնորդութեան հիմնական փորձութենէն, որու պարագային պէտք է մնալ սառնասիրտ, սթափ եւ ճնշման տակ չկորսնցնել ռազմավարական մտածելակերպը:

Այսօր Իսրայէլ զգալի նուաճումներ կրնայ արձանագրել, տկարացուցած է Լիբանանի կողմէն «Հիզպուլլահ»ի սպառնալիքը, չէզոքացուցած Սուրիոյ ռազմական կարողութիւններուն մեծ մասը եւ հարուածած՝ Իրանի խորքը։ Ուժի այս դիրքէն Իսրայէլ այժմ կրնայ երթալ դէպի աւելի լայն համաձայնութեան մը՝ ապահովելով ազատ արձակումը բոլոր պատանդներուն, դադրեցնելով պատերազմը եւ հետապնդելով տարածաշրջանային խաղաղ կարգեր։

Հուսկ, Էհուտ Պարաք կը կրկնէ, որ նման ուղի մը ընտրելը կրնայ խաթարել Նեթանիյահուի դաշինքը եւ կրնայ պատճառ դառնալ անոր քաղաքական կեանքի աւարտին։ Ան չի գործեր ազգային շահերէ ելլելով, հետամուտ է զուտ ինքնապահպանման եւ իւրաքանչիւր այլ փաստարկ ծխածածկոյթ է։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 21, 2025