ԱԿՆԱՐԿ - 118 - ՓՐԿԵԼ ՈՒՍՈՒՑԻՉԻ ԱՐԴԷՆ ԻՍԿ ԲԵԿՈՒԱԾ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Անցնող տասն օրերուն համացանցը լեցուած էր Հայաստանի Արմավիր մարզի գիւղերէն մէկուն դպրոցի մէջ կատարուած իրադարձութիւններով: 

Մի քանի տեսանիւթեր յայտնուած էին, ուր յստակ կ՚երեւէր, թէ ինչպէս աշակերտներ, ծնողներ եւ ուսուցիչներ գայլի ոհմակ կտրած, ամենէն անարգ եւ անբարոյական ձեւով կը նուաստացնէին ուսուցչուհի մը, որ հակառակ իր հասցէին հնչած վիրաւորանքներուն եւ անարգանքներուն, քաղաքավար ձեւով, առանց ինքնատիրապետումը կորսնցնելու կը պատասխանէր իր դէմ ուղղուած անարգանքներուն ու վիրաւորանքներուն: 

Ամէն գլուխէ պատճառաբանութիւն մը կը լսուէր, աշակերտները բան մը կ՚ըսէին, ծնողները ուրիշ բան, ուսուցիչները ուրիշ, միշտ հասարակ գիծ մը պահելով իրենց ըսածներու բովանդակութեան մէջ, ինչը մտածել կու տայ, որ պատահածը ծրագրուած էր, եւ կատարուածը՝ պարզապէս այդ ծրագիրին բեմականացումն էր, բառիս բուն առումով ձախող եւ բարոյականութենէ զուրկ խաղացողներու կողմէ:

Այս բոլորին մէջ ամենէն ցաւալին ու մտահոգեցուցիչը այդ դեռատի պատանանիներուն ներգրաւուածութիւնն էր այս բեմականացումին մէջ, այն ալ ամենէն անարգ եւ անկիրթ ձեւով: Թէեւ տեսքով պատանիներ էին խօսողները՝ տղայ թէ աղջիկ, բայց արդէն իսկ կատարելագործուած անբարոներ, անկիրթներ ու լկտիներ: Ծնողները, ի տես իրենց երեխաներու լկտիութեան, անբարոյութեան, փոխանակ սաստելու, փոխանակ յանդիմանելու, կ՚ուրախանային, կը ծիծաղէին ու կը քաջալերէին իրենց անդաստիարակ զաւակները: Նոյնը կ՚ընէին նաեւ տուեալ դպրոցին ուսուցիչները, որոնք իրենց ուրախութիւնը եւ հրճուանքը չէին կրնար թաքցնել, ի տես իրենց պաշտօնակից ուսուցչուհիի կրած անարգանքներուն եւ վիրաւորանքին:

Թէ՛ այդ «ուսուցիչ»ները եւ թէ մանաւանդ այդ «ծնող»ները, կը մոռնան ու կ՚անգիտանան, որ այդ բոլորը իրենց ներքին էութեան արտացոլացումն էր, այսինքն՝ այդ դեռատի պատանիներու պահուածքն ու վարուելակերպը իրենց դաստիարակած զաւակներուն ու աշակերտներուն պահուածքն էր, եւ ինչպէս առածը կ՚ըսէ՝ պտուղը ծառէն հեռու չ՚իյնար

Այդ ուսուցիչները, որոնք հրճուանքով կը հետեւէին կատարուածին, կ՚անգիտանան, որ վաղը կամ միւս օր, նոյն այդ աշակերտները եւ իրենց ծնողները կրնան իրենց հետ այդպէս եւ ա՛լ աւելի վատ կերպով վարուին: 

Ինչ կը վերաբերի ծնողներուն, յայտնի էր, որ այդ ծնողները ձախողած էին իրենց զաւակները դաստիարակելու եւ կրթելու նուիրական գործին մէջ: Պատճա՞ռը. շատ պարզ. որովհետեւ կա՛մ իրենք ատենին լաւ չեն դաստիարակուած, եւ կամ իրենց ստացած դաստիարակութիւնը ջուրը թափած են՝ իրենք զիրենք նետելով «յառաջացած» ու «զարգացած» ընկերութեան ծոցին մէջ:

Այդ աշակերտներուն ափսոսալէ առաջ, պէտք է ափսոսալ այդ ծնողներուն, որոնք ո՛չ միայն չեն յաջողած դաստիարակել իրենց զաւակները, այլ անոնց անկրթութեան եւ լկտիութեան ի տես կը հրճուէին, կը խնդային ու կ՚ուրախանային: Այստեղ արժէ՛ հաստատ կերպով գործածել հետեւեալ խորիմաստ արտայայտութիւնը՝ «մարտնչող տգիտութիւն»:

Կատարուածը ո՛չ միայն այդ ուսուցիչին դէմ էր, այսինքն՝ անհատի մը ուղղուած չէր միայն, այլ՝ ընդհանուր ուսուցչական հիմնարկին, որ շնորհիւ «թաւշեայ յեղափոխութեան» «ընկեր Փանջունի»ներուն, օր օրի կ՚արժեզրկուի ու կը հեղինակազրկուի: Եթէ լուրջ քայլեր չառնուին այս եւ նմանօրինակ բազմաթիւ այլ խնդիրները լուծելու, վստահաբար մօտիկ ապագային Հայաստանի մէջ դժուար պիտի ըլլայ ուսուցիչ գտնելը, ուսուցիչ ունենալը:

Այսօրուան աշխարհի ազատ խօսքի հասակցողութիւնը ամէն չափ ու սահմանները անցած ու ոտնակոխած է, տրորելով ամէն տեսակի սրբութիւն, արժէք, սկզբունք ու գաղափար: Եթէ մօտիկ անցեալին ուսուցիչը հեղինակութիւն էր, աւելին՝ սրբութիւն էր, ապա այսօր ուսուցիչը անպաշտպան էակ մըն է, հակառակ այն իրողութեան, որ ինքզինք կը մաշէ, իր առողջութիւնը կը քայքայէ յանուն լաւ կրթութիւն ու դաստիարակութիւն տալու իրեն վստահուած դեռատի աշակերտներուն: Եթէ անցեալին աշակերտները ակնածանքով կը մօտենային իրենց ուսուցիչներուն, ապա այսօր ուսուցիչին անարգելն ու այպանելը դարձած են սովորական երեւոյթներ: Եթէ անցեալին աշակերտները յարգանքով ու մեծարանքով կը խօսէին իրենց ուսուցիչներուն հասցէին, ապա այսօր հայհոյանքէ ու քամահրանքէ բացի, դժուար է ուրիշ բան լսել նոյն այդ աշակերտներուն բերանէն:

Այս բոլորին առաջին ու գլխաւոր յանցաւորները ծնողները իրենք են, որոնցմէ անմիջապէս ետք Կրթութեան նախարարութիւնը եւ իշխողներու ոհմակը՝ իշխանական ու ընդդիմադիր, որոնք տեսախցիկներու առջեւ յայտնուելով ի՜նչ ըսես չեն խօսիր, ի՜նչ արտայայտութիւն ըսես չեն ունենար: Տակաւին չեմ խօսիր հեռատեսիլային ծրագիրներու մասին, որոնք պարզապէս կը ծառայեն տգիտացնելու ու անկիրթ եւ անդաստիարակ հասարակութիւն մը ունենալուն:

Դարձեալ կը կրկնեմ, առաջին յանցաւորը այս բոլորին մէջ ծնողքը ինքն է, որովհետեւ եթէ երեխան, պատանին ու երիտասարդը իր հօրմէն ու մօրմէն չսորվի ուսուցիչները յարգել, ուրիշ ո՛չ մէկ տեղէ եւ ո՛չ ոք կրնան իրենց այդ յարգանքը սորվեցնել: Իսկ որպէսզի ծնողքը կարենայ այդ դաստիարակութիւնը տալ, ինք կարիք ունի դաստիարակուելու…, որպէսզի հասկնայ եւ ըմբռնէ, որ առաջին հերթին իր զաւակին ուսուցիչը-դաստիարակը ի՛նք է, եւ ո՛չ ոք կրնայ իր տուածը տալ իր զաւակներուն: Զարեհ Արք. Ազնաւորեանը այս մասին կը գրէ. «Ծնողներ բնաւ պէտք չէ մոռնան մէկ բան, թէ իրենց զաւակին դաստիարակը ո՛չ դպրոցն է, ո՛չ ուսուցիչը եւ ոչ քահանան, այլ իրե՛նք իսկ: Անոնք կրնան օժանդակ ըլլալ պարզապէս. իրենք կը մնան տիրականը: Ոեւէ զաւակի դաստիարակը ծնողքը ինքն է:

Միշտ ալ այժմէական է ծնողներու ուշադրութեան բերուած դաստիարակչական սա ուղեգիծը. «Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի իր ծերութեան ատեն ալ չխոտորի անկէ» (Առ 22.6)»:

Ինչ կը վերաբերի ուսուցիչներուն, ապա ծնողները պէտք է բացատրեն իրենց զաւակներուն, որ անոնք իւրայատուկ մարդիկ են, որոնք կ՚օգնեն իրենց հասակ առնելու, գիտութեամբ աճելու ու զարգանալու: 

Դարձեալ դիմենք Զարեհ Սրբազանին, որ մեր հաւատքի հօր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն տող մը մէջբերով, գեղեցիկ բացատրութիւն մը կու տայ ուսուցիչի ինչութեան մասին: Կարդանք. «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, մեր հաւատքի ուսուցիչը, գեղեցիկ խօսք մը ունի իր Վարդապետութեան մէջ.- «Սովոր իսկ են ճշմարիտ վարդապետք զանձանց առաքինութիւն կանոն աշակերտելոցն դնել, մանաւանդ յուշ առնելով զՏէրունականն… “սակաւ Յիսուս առնել եւ ուսուցանել”». «Ճշմարիտ ուսուցիչներուն սովորութիւնն է՝ իրենց անձնական օրինակը տալ իբրեւ ուղեցոյց աշակերտներուն, մանաւանդ յիշեցնելով Տիրոջ օրինակը… “Յիսուս սկսաւ կատարել եւ ուսուցանել”»:

Այնքա՜ն ճշմարիտ են այս բառերը: Ճշմարիտ ուսուցիչը տեսութեամբ չէ որ կրնայ սորվեցնել, այլ գործքով: Ճշմարիտ ուսուցիչը կը սորվեցնէ ո՛չ այնքան խօսքով, որքան իր անձին օրինակովը: Եւ որքան ճշմարիտ եւ վաւերական է օրինակը, այնքան զօրեղ է ձգած դրոշմը եւ գերազանց՝ արդիւնքը: Այո՛, ճշմարիտ ուսուցիչը ինք իր անձով բաց դասագիրք մըն է. եւ նոյնիսկ եթէ գիրքին դասերը խուսափին աշակերտին մարմնի թէ միտքի աչքերէն, ուսուցիչին անձը եւ իր անձով մատուցածը անկարելի է որ խուսափին աչքերէն ու միտքերէն»:

Աւարտենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ուսուցիչներուն ուղղած հայրական խօսքերով.

* Սիրելի՛ ուսուցիչներ, ձեզի վիճակուած է կեանքի առաջնորդելու անդրանիկ քայլերը մեր մանուկներուն ու պատանիներուն, անոնց առջեւ բանալու իմացութեան դռները՝ անոնց կուրծքին տակ կրթելով նաեւ ծնողանուէր ու մարդասէր սիրտ, հայրենապաշտ ու աոաքինազարդ հոգի: Ձեր նուիրումով ու հաւատաւոր ընթացքով, ձեր հոգածու ձեռքով սերմանուած հունտերը բարի պտուղներ պիտի բերեն մեր ազգային կեանքի անդաստաններուն մէջ: 

Արդարեւ, մեծ է ուսուցիչին առաքելութիւնը, եւ երանի՜ անոր, ով մեծ կ՚ըլլայ այդ առաքելութեան մէջ: 

* Ուսուցիչ ըլլալը մեծ պատիւ եւ պատասխանատուութիւն է: Ան կը նշանակէ պատասխանատուութիւն կրել ազգի լինելութեան, այդ լինելութեան որակի համար: Մեր ժողովուրդը իր գոյութեամբ պարտական է հայ ուսուցիչին: Եւ փա՜ռք Աստուծոյ, այն պատմութիւնն ու մշակոյթը, որով կը հպարտանայ մեր ազգը, կերտուած են հայ ուսուցիչի ոգիին ու միտքին շնորհիւ, անոր տուած կրթութեան ու դաստիարակութեան արդիւնքն են: 

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

19 մայիս 2025, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մայիս 22, 2025