ԳԼԽԱՒՈՐ ԹՇՆԱՄԻՆ

Թէ ո՞վ է մեր գլխաւոր թշնամին, երբ աղէտը այլեւս հեռու չէ, այլ մեր դուռը կը թակէ։ «Կլոպալ տաքացում» եզրոյթը այսօր արդէն դադրած է գիտական աշխատասիրութիւն մը ըլլալէ՝ վերածուելով քաղաքական, ընկերային եւ ընդհանրական հարցումի մը։ Տասնամեակներ շարունակ հազարաւոր մասնագէտներ գրած ու վերլուծած են այս երեւոյթը՝ շեշտելով, թէ որքան վտանգաւոր է ան մարդկութեան ապագային համար։ Բայց, մինչեւ այսօր նոյնիսկ այդ ահազանգները կորսուած են անտարբերութեան մշուշին մէջ։

Փորձենք անդրադառնալ ո՛չ միայն բուն փոփոխութեան բնոյթին, այլ անոր անմիջական հետեւանքներուն՝ բարոյական, ընկերային եւ ազգային հարթութեանց վրայ։ Ամենակարեւոր ընկալումը, որ մեզ պէտք է առաջնորդէ, հետեւեալն է. բնութիւնը սկսած է խօսիլ՝ ո՛չ թէ բառերով, այլ աղէտներով։ Ամէն քայլի, ան իր վրէժի լեզուն կը գործածէ՝ երբեմն ծաւալուն հրդեհներով, երբեմն ցամքած գետերով, երբեմն անբացատրելի փոթորիկներով, իսկ երբեմն ալ՝ աննկատ տաքացման ալիքով, որ մաշեցնող, յոգնեցնող եւ աւերումի տանելու ներուժ մը ունի։

Բնութիւնը, որ ժամանակի մէջ եղած է մարդու տունը, ընկերը, կեանքի աղբիւրը, այլեւս լուռ չէ։ Բայց, այսօր այդ նոյն բնութիւնը «ջղայնացած» մօր մը կերպարանքով կը վերադարձնէ այն բոլոր չարաշահումները, որոնք անոր դէմ կատարուեցան դարեր շարունակ։ Սա ո՛չ հեքիաթ է, ո՛չ փոխաբերութիւն։ Սա իրականութիւն մըն է, որու նկատմամբ եթէ ուշադիր չըլլանք, ապա մեր կուրութիւնը պիտի հարթէ այն ճամբան, որ մեզ կորստեան պիտի տանի։

Երբ կը խօսինք բնութեան «ջղայնութեան» մասին, ապա նկատելի կը դառնան այն աղէտները, որոնք այլեւս «բնական» չեն։ Օրինակի համար՝ ամէն տարի ծագիլ սկսած ամեհի հրդեհները միայն միջավայրի վառուիլը չեն. անոնք կեանք կը խլեն, բնաշխարհ կ՚ոչնչացնեն եւ մա՛նաւանդ՝ կը ցուցադրեն, թէ որքան անպատրաստ ենք մենք այս տեսակ երեւոյթներու դէմ։

Այս իրականութեան կարեւոր կողմերէն մէկը այն է, որ բնութիւնը այլեւս չէ այն հանգիստ, «սուրբ դէմք»ը, զոր գրողներն ու նկարիչները կը ներկայացնէին ու անով «կ՚ապրէին»… Ան վերածուած է դատաւորի մը, որուն մատը միշտ ուղղուած է դէպի մարդը։ Եւ այս դատաստանը՝ ի տարբերութիւն աւանդական պատկերացումներու, ո՛չ առասպել է, ո՛չ վերացական հաւատալիք։ Ան իրական կը դառնայ, զոր օրինակ, երբ քաղաքի մը մէջ այլեւս անհնար է շնչել կամ երբ եղանակները խաբկանքի պէս կը փոխուին՝ առանց նախազգուշացման։

Եւ այստեղ կը յայտնուի մեր գլխաւոր սխալը՝ մտածել, թէ այդ բոլորը տեղի կ՚ունենան «ուրիշներու մօտ», «հեռու երկիրներու մէջ», «մէկ ուրիշ ցամաքամասի վրայ»։ Ո՛չ, անոնք արդէն մեր մօտ են։

Սփիւռքահայ բազմաթիւ համայնքներու մէջ, ուր ապրած եմ կամ այցելած, յաճախ նկատած եմ, թէ մարդիկ առանց գիտակցելու՝ որքան «հեռու» կ՚ապրին բնութենէն եւ բնութեան «սպառնալիքներ»էն։ Անոնք Լոս Անճելըսի կամ Սիտնիի մէջ կրնան դիւրութեամբ մոռնալ, որ աշխարհի միւս կողմը մարդիկ կը կռուին ո՛չ թէ յանուն հողին, այլ՝ ջուրի։ Մինչ ուրիշներ ֆութպոլ կը դիտեն, հազարաւոր երեխաներ կը մեռնին՝ տաքութեան ճիրաններուն մէջ։

Եւ ի՞նչ կ՚ըսէ մեր լռութիւնը այդ մահերուն դիմաց։ Կ՚ըսէ. «Աղէտը դեռ իմ դուռս չէ հասած»։ Բայց, ահա՛ կը մօտենայ։

Այս մօտեցումը շատ վտանգաւոր է, որովհետեւ աղէտները այլեւս սահման չեն ճանչնար։ Աղէտի ձայնը օր մը կը հնչէ Մեքսիքայի մէջ, իսկ յաջորդ օրը՝ Տաւուշի լեռնային գիւղի մը մէջ։ Հոս երբեմն մոռնալ կը սիրենք, որ մեր երկիրը փոքր է, քիչ բնակչութեամբ եւ խոցելի աշխարհագրութեամբ։ Հայաստանի համար մէկ անջդրի եղանակ կը նշանակէ մեծ կորուստի մը սկիզբը։ Այդ մահաբեր չորացումը, այդ ջերմութեան ահեղ ալիքը, որ Ափրիկէի կիզիչ արեւուն տակ գիւղեր կը խլէ, վաղը կրնայ Մասիսի մօտակայքով անցնիլ, կրնայ Սիւնիքի, Գեղարքունիքի, Կոտայքի հողերը չորցնել։ Եւ ո՞վ պիտի ըլլայ մեղաւոր, եթէ չկայ պատրաստութիւն եւ մա՛նաւանդ՝ ազգային միաձայնութիւն։

Բնութեան վրիժառու ուժի այս արթնութիւնը նաեւ փիլիսոփայական հարցադրում մը կը ստեղծէ. ո՞վ ունի գոյատեւելու իրաւունքը։ Մարդկութի՞ւնը՝ որ ստեղծեց քաղաքակրթութիւն, գիտութիւն ու արհեստագիտութիւն, թէ բնութիւնը, որ դարեր շարունակ կերակրեց, պաշտպանեց ու հոգաց անոր կարիքները։ Այս երկուքին միջեւ հակադրութիւնը այսօր պէտք չէ ըլլայ պատերազմ, այլ համախմբումի հրամայական։ Եթէ մարդը ինքզինք բնութեան հակառակ կը դասէ, ուրեմն վաղը բնութիւնը այլեւս չի ճանչնար զինք՝ որպէս զաւակ։

Կարեւոր է գիտնալ՝ կլիմայական ճգնաժամը անարդար է ո՛չ միայն իր ազդեցութեամբ, այլեւ՝ իր բաշխումով։ Ամենէն շատ տուժողները այն ժողովուրդներն են, որոնք ամենաքիչն են նպաստած աղէտին։ Խօսքը միայն Ափրիկէի կամ արեւադարձային կղզիներու մասին չէ, Հայաստանի նման փոքր երկիրներ, որոնք արդիւնաբերական հսկաներ չեն, նոյնպէս կը կրեն ծանր հետեւանքներ։ Այսպիսի իրադրութեան մէջ, միջազգային արդարութիւն պահանջելը դադրած է սոսկ քաղաքական կարգախօս ըլլալէ ու վերածուած գոյատեւման պահանջի։

Մեր կրթական համակարգը պարտի նախապէս սորվեցնել ո՛չ միայն բնութեան գեղեցկութիւնը, այլեւ անոր խոցելիութիւնը։ Շատ հիանալի է, երբ դպրոցականները երգ մը կը սորվին ծառերու եւ բնութեան հրաշագեղութեան մասին, բայց անոնք պէտք է սորվին նաեւ՝ ծառ մը տնկել, պահպանել, ոռոգել եւ հսկել անոր աճը։ Այդ մակարդակի կրթութիւն մը պէտք է տարածուի ո՛չ միայն դպրոցական տարիքի, այլեւ համայնքներու եւ պետական կառոյցներու մէջ։

Տեղական մակարդակով բնապահպան շարժումը պէտք է ստանայ գործնական երանգ՝ դուրս գալով աւանդական բողոքի սահմաններէն։ Օրինակ՝ կարելի է սահմանափակել մեծածաւալ շինարարութիւնները անտառային գօտիներուն մէջ, վերահսկել գետերու վրայ գործող ջրօգտագործման նախագիծերը եւ քաղաքային վերանորոգման ծրագիրներուն մէջ խստօրէն կիրառել կանաչ տարածքի պարտադիր բաղադրիչը։

Վերջին հարցը, որուն չենք կրնար չանդրադառնալ, հետեւեալն է. եթէ բնութիւնը վերջնականապէս զայրանայ, ունի՞ արդեօք երկրորդ ներում։ Հարցադրումը թերեւս փիլիսոփայական է, բայց, նաեւ շատ մարդկային։ Քանի՞ գանգատէ, քանի՞ հրդեհէ, քանի՞ չորցած գետէ ետք կը հասկնանք, որ ներողամտութիւնը անսահման չէ։ Այս օրէն պէտք է փոխել մեր ընթացքը, որովհետեւ վաղը միայն պիտի մնան ուշացած ափսոսանքները։ 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2025